ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ֆրանսայի Կառավարութեան Կոչ Ուղղեց` Օրէնսդիր Մարմինի Առաջարկներուն Համահունչ Քաղաքականութիւն Կիրարկելու

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներու յղեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ներկայացուց Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ միաձայնութեամբ որդեգրուած Հայաստանին աջակցող եւ Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ առաջարկող բանաձեւի կէտերը` յիշեցնելով, որ Ֆրանսայի խորհրդարանի վերին պալատը` Ծերակոյտը իր կարգին 295 թեր քուէներով նոյնանման բանաձեւ մը որդեգրած էր:

Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ողջունեց Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ բանաձեւի միաձայնութեամբ որդեգրումը եւ ֆրանսական կառավարութեան կոչ ուղղեց` Ֆրանսայի օրէնսդիր մարմինին` ֆրանսացի ժողովուրդի ներկայացուցիչներու առաջարկներուն համահունչ քաղաքականութիւն կիրարկելու, ինչպէս նաեւ քաջալերելու միջազգային ընտանիքը իր օրինակին հետեւելու:

aztagdaily.com