Կիրակի, 8 Մայիս 2022-ի առաւօտեան ժամը 12:00-ին, Թեսաղոնիկէի «Տէր Զաքարեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Արմենոփուլիա» (Հայորդիները) գիրքի շնորհանդէսը։ Ելոյթը կազմակերպուած էր Հ.Յ.Դ. Թեսաղոնիկէի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ։
Գիրքը կը ներկայացնէ Եֆսթաթիոս-Խրիսթոֆորիտիս Սարփողլիսի վկայութիւնը, որ պատկերաւոր եւ մանրամասն ձեւով կը յիշատակէ 600 հայ երեխաներու եղեռական մահը թուրքերու կողմէ՝ Պոնտոսի Մացուքայի Քունաքա շրջանին մէջ, որ կը գտնուի Տրապիզոնի նահանգը։ Հեղինակը սոյն վկայութիւնը գրեց 1983-ին եւ կը կազմէ իր յուշերու մէկ հատուածը։ Այսպէս, 2019-ին երկրորդական ուսման դաստիարակ Սթաթիս Թաքսիտիս նախաձեռնեց սոյն վկայութեան հրատարակման՝ զայն թարգմանելով 6 լեզուի (հայերէն, անգլերեն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, ռուսերէն եւ թրքերէն)։ Կ՚արժէ նշել, որ բուն վկայութիւնը գրուած էր պոնտական բառբարով։
Ձեռնարկին սկիզբը Հայ դատի յանձնախումբի անունով խօսք առաւ ընկ. Պետրոս Հալաճեան, որ մատնանշեց մէկ օր առաջ տեղի ունեցած դէպքը Ամպելոքիփի քաղաքապետութեան մէջ, ուր այսպէս կոչուած «յոյն-ատրպէյճանական բարեկամութեան միութիւն»-ը փորձեց կատարել ելոյթ մը պոնտական ոչ գործոն կազմակերպութեան մը հետ քաղաքապետարանի բարձր հովանաւորութեան տակ։
Տուեալ շրջանի քաղաքապետ Լազարոս Քիրիզօղլու ներկայ ըլլալով հայկական ելոյթին, խօսք խնդրեց նշելու համար, որ քաղաքապետութիւնը տրամադրեց սրահը եւ ընդառաջեց ելոյթի կազմակերպման, որովհետեւ դիմումը կատարուեցաւ պոնտական միութեան կողմէ եւ որեւէ նշում չէր եղած ատրպէճանական միութեան մասնակցութեան մասին։ Քաղաքապետը նշեց, որ ինքն եւս Պոնտական ցեղասպանութեան վերապրողներու ընտանիքի զաւակ է եւ իր նախնիները ամենադաժան ձեւով ոչնչացման ենթարկուեցան թուրքերուն կողմէ։
Գիրքի ներկայացման ընթացքին խօսքը տրուեցաւ Թեսաղոնիկէի քաղաքապետ Քոնստանտինոս Զերվասին, որ համեստ եւ յուզիչ խօսքերով անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան՝ կարդալով նաեւ որոշ ցնցիչ տողեր գիրքին մէջ նշուած պատումներէն։
Յուզիչ էր հեղինակի զաւակին՝ պ. Խրիսթոֆորոս Խրիսթոֆորիտիսի ներկայութիւնը, որուն խօսք տրուեցաւ եւ ան անդրադառձաւ իր հօր յուշերուն մասին, ստեղծելով խորհրդաւոր եւ յուզումնալից մտնոլորտ մը, մանաւանդ երբ ան ցոյց տուաւ իր հօր բուն սեւագրութիւնը։ Յաջորդաբար, խօսեցաւ պ. Լեոնիտաս Լամպրոփուլոս, որ Գերմանիոյ Նիւրեմպերկ քաղաքի պոնտական երիտասարդական միութեան անդամ է։ Հանդիսութեան աւարտին, գիրքի հրատարակման պատասխանատու եւ նախաբանի հեղինակ պ. Սթաթիս Թաքսիտիս յայտնեց, որ իր աշակերտներու ներշնչումը խթան հանդիսացաւ ներկայ հրատարակութեան համար, որ յենուած է անձնական միջոցներու վրայ։ Պ. Թաքսիտիս նշեց Հայոց եւ Պոնտացի յոյներու զոյգ ցեղասպանութիւններու ճանաչման կարեւորութիւնը, որ պէտք է ունենայ մէկ եւ վերջնական նպատակ՝ ստիպել Թուրքիան ընդունիլ իր եղեռնագործութիւնը ու երկու ժողովուրդներուն հանդէպ հատուցումները։
Օրուան հանդիսավար ընկ. Յովիկ Գասապեան փակեց ելոյթը առաջարկելով, որ յարմար պիտի ըլլար նոյն ներկայացումը կատարել Երեւանի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ եւ պ. Խրիսթոֆորիտիսի համաձայնութեամբ ձեռագիր բնագիրը յանձնել թանգարանին։
www.azator.gr