Մեր ընթերցողները վստահաբար կը յիշեն անցեալ տարուան Նոյեմբերին Թեսաղոնիկէի մէջ հանրակառքերու եւ կանգառներու վրայ ատրպէյճանական գովազդներու երեւումը, որոնք կը ներկայացնէին հայկական Շուշին որպէս ատրպէյճանական քաղաքակրթութեան օրրան։ Այն ժամանակ, հայկական եւ յունական համադրուած հակազդեցութեան շնորհիւ, գովազդները վար առնուեցան եւ այդ արշաւը կանգ առաւ։ Օրին, յայտնած էինք, որ Ատրպէյճանի դեսպանատան մղումով, գովազդներու ետին կանգնած էր «Qala» անունով յոյն-ատրպէյճանական բարեկամութեան միութիւն մը, որուն կեդրոնատեղին կը գտնուի Թեսաղոնիկէի մէջ։
Նոյն «միութիւնը» անգամ մը եւս փորձած է իր ներկայութիւնը զգալի դարձնել, յոյն-ատրպէյճանական բարեկամութեան նուիրուած երեկոյ մը կազմակերպելով՝ գործակցաբար «նախկին Խորհրդային Միութենէն արտագաղթած յոյն-պոնտացիներու միութեան»։
Յունական մամուլին մէջ երեւցան գրութիւններ, որոնք դատապարտեցին այս գործակցութիւնը եւ յատուկ նշում ըրած էին Թեսաղոնիկէի Ամպելոքիփի շրջանի քաղաքապետին մասին, որ անտեսելով պոնտացի ժողովուրդի կրած ողբերգութիւնը թրքական բարբարոսութեան հետեւանքով, քաղաքի մշակութային կեդրոնի սրահը կը տրամադրէր թուրքերու ցեղակից Ատրպէյճանին, որ կը շարունակէ թրքական ցեղասպանական քաղաքականութիւնը Արցախի ու անոր ժողովուրդին վրայ։ Նաեւ, հարց կը դրուէր թէ ինչպէ՞ս պոնտական միութիւն մը, որու ազգային ողբերգութիւնը տակաւին չէ վերականգնած, կը համարձակի ելոյթներ կազմակերպել ատրպէյճանական խմբաւորումի մը հետ։
Ամպելոքիփի շրջանի քաղաքապետ Լազարոս Քիրիզօղլու նամակ մը ղրկելով մամուլին, կը բացատրէ, որ սրահի ապահովումը եղած է միա՛յն պոնտական միութեան կողմէ, ո՛չ մէկ ատեն նշուած է ատրպէյճանական գործօնի մասնակցութիւնը, ո՛չ ալ քաղաքապետարանը որեւէ իրաւասութիւն ունի ելոյթի յայտագիրին վրայ։ Ան նաեւ կը հաստատէ, թէ իր ընտանիքը պոնտական ծագում ունի ու իր նախահայրերը ցեղասպանուած են թուրքերուն կողմէ։
Հոս, հարկ է նշել Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբի համադրուած եւ ազդու միջամտութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ չեղարկել ատրպէյճանական ելոյթը։ Յատկանշական էր, որ Ամպելոքիփի շրջանի քաղաքապետ Լազարոս Քիրիզօղլու Կիրակի, 8 Մայիսի առաւօտուն ներկայ գտնուեցաւ Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցին, ապա «Տէր-Զաքարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած գիրքի ներկայացումին եւ տեղւոյն վրայ խօսք առնելով բացատրեց, թէ ելոյթի սրահի ապահովման համար երեւցած էր միայն պոնտական միութիւնը, որով քաղաքապետարանը չէր մերժած մշակութային ելոյթի մը իրագործումը։ Քաղաքապետը կրկնեց իր պոնտական ծագումին ու իր ընտանիքը թուրքերուն կողմէ ցեղասպանուած ըլլալուն իրողութիւնը, նաեւ իր անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնեց Հայ դատի յանձնախումբին։
Անկախ մամուլին մէջ տեղ գտած եղելութիւններէն եւ Հայ դատի յանձնախումբի կատարած ազդու քայլերէն, լուրջ հարց կը ծագի վերեւ նշուած պոնտական միութեան գործելաձեւին ու ընտրանքներուն համար։ Աւելին, ատրպէյճանական «միութիւնը» ամէն կերպով կը փորձէ ենթահող գտնել յունական հասարակութեան մօտ, մերթ ուղղակի թիրախաւորելով հայկական տարրը, մերթ հելլէն իրականութեան մէջ զգալի փորձել դարձնելով այսպէս կոչուած «յոյն-ատրպէյճանական բարեկամութիւնը» մշակութային պիտակին տակ, որուն խորքին կանգնած է ուժանիւթային գործակցութեան կամուրջը։
Նման երեւոյթներ դատապարտելի են, ամէն պարագային։ Մանաւանդ, երբ բախտակից ժողովուրդի մը ներկայացուցիչները, — որքան ալ անոնք աննշան միութեան մը պատկերը ներկայացնեն -, կը համակերպին գործակցիլ ժողովուրդներու ցեղասպանի ժառանգորդներուն հետ։
Զգաստութիւնը եւ ողջմտութիւնը նաեւ ցեղասպանուած ժողովուրդներու պատմական յիշողութեան կարեւոր մասնիկը պէտք է հանդիսանան։