ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը 6 մայիսին` Լիբանանի Նահատակաց տօնին առիթով լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«Լիբանանի Նահատակաց օրուան նշումը ձեւախեղուած է, եւ իբրեւ Լիբանանի քաղաքացիներ նկատել կու տանք, որ անընդունելի է անտարբեր մնալ ազգային Նահատակաց օրուան նման աղաւաղումի ենթարկուելուն դիմաց: Նահատակաց օրը իր էութենէն պարպելը Լիբանանի ազգային պատմութիւնը վերաշարադրանքի ենթարկելու համազօր արարք է:
«Մայիս 6-ը խորհրդանիշն է ամբողջ ցեղասպանական քաղաքականութեան մը զոհ գացած զանգուածներուն: Այդ թուականը բոլոր համայնքներուն պատկանող մտաւորականներու, լրագրողներու, հանրային կարծիք ստեղծողներու` Հայոց ցեղասպանութեան կազմակերպիչներէն, Լեռնալիբանանի սովամահութեան կազմակերպիչ ջարդարար Ճեմալ փաշայի կողմէ կախաղան բարձրացման օրն է, եւ կը խորհրդանշէ ջարդարարական ու զանգուածային սովամահութեան առաջնորդող ամբողջ քաղաքականութիւն մը, այնպէս ինչպէս ապրիլ 24-ը:
«Մայիս 6-ը համալիբանանեան ազգային տօն է, ազգային միասնականութիւնը խորհրդանշող տօն մը եւ այդ միասնականութիւնը ամրապնդող ու սերունդները այդ միասնականութեան ոգիով դաստիարակելու կարեւոր ազդակ մը: Ուստի պետական այրերուն կոչ կ՛ուղղենք` վերականգնելու մայիս 6-ի լիարժէք իմաստը` նկատի ունենալով անոր ազգային եւ պատմական կարեւորութիւնը»: