Երեքշաբթի 26 Ապրիլին Ուրուկուայի Խորհրդարանի նախասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 107 ամեակին նուիրուած միջոցառումը, ինչպէս 20 տարիէ ի վեր, կազմակերպուած Ուրուկուայի Խորհրդարանի Նախագահի եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէ:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան բազմաթիւ նախարարներ, փոխ նախարարներ, պատգամաւորներ, ծերակուտականներ, դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, Ուրուկուայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Յակոբ արք. Գլնճեան, հայ համայնքի կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Սոյն ձեռնարկին իրենց ելոյթով հանդէս եկան՛
Խորհրդարանի Նախագահ՛ պատգամաւոր Օբէ Բասգէդ, ով անդրադառնալով օրեր առաջ Թուրքիոյ Արտգործնախարար Չավուշօղլուի հայերուն ուղղուած Գորշ Գայլերու նշանը ցոյց տալուն, խստօրէն դատապարտեց ըսելով թէ «Մենք այդ ժեստը կը համարենք ոչ միայն իբրեւ վիրաւորանք ուղղուած հայ համայնքին, այլ Ուրուկուայի ժողովուրդին»:
Իր կարքին, Ուրուկուայի Փոխ Նախագահուի Պէադրիս Արխիմոն անգամ մը եւս վերահաստատեց երկրի հաւատարմութիւնը հայ դատի վերաբերեալ: «Մենք պիտի շարունակենք, ինչպէս պատմականորեն միշտ եղած է, մեր հաւատարմութիւնը, ոգեկոչելով այս թուականը, որպէսզի չի շարունակեն վայրագութիւնները, ինչպէս եղած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը»:
Յաջորդաբար խօսք առաւ քաղաքագէտ, լրագրող՛ Գլաուտիօ Ֆանդինին (Արժանթին), որու ելոյթի նիւթն էր ժխտողականութիւնը: ««Ժխտողականութիւնը դաժան և յանցաւոր է», ըսաւ Ֆանդինին:
Այս արթիւ տեսաուղերձով իր պատգամը փոխանցեց Հ.Հ. Ազգային Ժողովի Փոխ Նախագահ, Ուրուկուայ Հայաստան միջ-խորհրդարանական բարեկամական խումբի նախագահ՛ Հ.Յ.Դ. Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ ընկեր Իշխան Սաղադելեան (Հայաստան), ով բարձր գնահատելով Ուրուկուայի պատմական կեցուածքը ըսաւ «Այսօր երբ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը արդէն իսկ իրողութիւն է, առանձնակի ակնածանքով ենք հիշում Ուրուկուայի կողմից հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը 1965 թուականին: Դրանով Ուրուկուայը դարձաւ աշխարհում առաջին պետութիւնը, որ համընդհանուր մորացութեան միչից արդարութեան ձայն հնչեցրեց եւ սկիզբ դրեց հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընդացին:Մեր ժողովուրդի հուշերուն ու հոգեկերտուածքում Ուրուկուայը ընկալվում է իբրեւ իրական եւ անշահախնդիր բարեկամ» ըսաւ Սաղադելեան:
Ձեռնարկին վերջին ելոյթով հանդէս եկաւ Ուրուկուայի Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէ Կապրիէլա Մուժուքեանը, ով քննադատեց երկրի Արտ գործ նախարարութեանը, որ ընդունած է թուրք Արտ գործ նախարար Չավուշօղլուին ճիշտ այդ օրը, անդրադարձաւ պատահարին եւ բարձր գնահատեց Ուրուկուայի Նախագահին արագ արձագանքին այս դէպքի կապակցութեամբ: