Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Երկուշաբթի, 4 Ապրիլ 2022-ի երեկոյեան, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ լրագրող եւ դոկտորական թեկնածու Ալեքսանտրոս Փիղատասի «Ազգ եւ ազգային փոքրամասնութիւններ. Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւնը» գիրքի ներկայացումը, որ հրատարակուած է «Պացիուլաս » հրատարակչատան կողմէ։
Ներկայացումը ներառնուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակի ելոյթներու ծիրին մէջ։ Ներկայ եղան Յունաստանի Հայոց թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Հայ Կաթողիկէ համայնքի գերապայծառ Յովսէփ ծ. վրդ. Պէզազեան, Նէոս Գոզմոսի հոգեւոր հովիւ Նարեկ քհնյ. Շահինեան, Հ.Հ. դեսպանութեան կողմէ հիւպատոս պ. Տիգրան Վարդանեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ պ. Թագւոր Յովակիմեան, Հ.Կ.Խաչի, Համազգայինի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային եւ տեղական վարչութիւններու անդամներ, յոյն բարեկամներ եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ։
Ներկայացման բացումը կատարեց ընկ. Յովհաննէս Ղազարեան, նշեց թէ սոյն հրատարակութիւնը կու գայ մաս կազմելու գիրքերու այն շարքին, որ խորազնին կը վերլուծեն Հայոց ցեղասպանութիւնը ու անոր հետեւանքները, յատկապէս նկատի ունեցած ըլլալով յունահայ գաղութը ու անոր կազմութեան պատճառները։ Հեղինակը պատմական նկարագրումներէն անդին, մանրամասնօրէն կը վերլուծէ Ցեղասպանութեան ծրագրումի եւ գործադրութեան պատճառները, լոյս սփռելով թրքական ազգայնականութեան դրսեւորումներուն վրայ, որոնք հանդիսացան ցեղասպան Թուրքիոյ մղիչ ուժը։ Գիրքը վկայութիւն մըն է հայ ժողովուրդի կրած մեծ աղէտին, որ դարէ մը աւելի անպատիժ մնալով, մղեց նաեւ այլ ուժեր եւ ոճրագործներ իրագործելու ահրելի ցեղասպանութիւններ աշխարհի տարածքին։ Օրուան հանդիսավարը եզրափակեց ըսելով, թէ յատկապէս 1965-էն ի վեր, հայ ժողովուրդը հետեւողականօրէն կը հետապնդէ եւ կը պահանջէ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ արդար հատուցումը, օրինակ դառնալով նաեւ այլ բախտակից ժողովուրդներու արդար իրաւունքներու ճանաչման։ Յաջորդաբար, խօսք առաւ «Պացիուլաս» հրատարակչատան տնօրէնը, որ դրուատեց Ալեքսանտրոս Փիղատասի հրատարակութինը, նշելով, թէ հեղինակը իր լրագրողի եւ ակադեմական թեկնածուի զոյգ հանգամանքներով պատրաստած է աշխատութիւն մը, որ հետաքրքրութեամբ կը կարդացուի ընթերցողին կողմէ, հասարակութիւնը իրազեկ դարձնելով պատմական կարեւոր եղելութիւններուն շուրջ։
Գիրքի գլխաւոր ներկայացնողը եղաւ Փանտիօ համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու դասախօս եւ երեսփոխան պ. Տիմիթրիս Քերիտիս, որ ան եւս դրուատեց հեղինակի աշխատութիւնը, նշելով, թէ այն յատուկ ուսումնասիրութիւն մըն է, ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան մասին, այլեւ կարեւոր ուղեցոյց մը՝ յոյն եւ պոնտական ժողովուրդներու կրած տառապանքներուն ուսումնասիրութեան ուղղութեամբ։ Ան եւս, յատուկ շեշտ դրաւ թրքական ազգայնականութեան դրսեւորումներուն վրայ, տալով այն պատմական ենթահողը, որուն մէջ Օսմանեան կայսրութիւնը փոխակերպուեցաւ դիւանակալական պետութեան, որուն մէջ ազգայնականութեան գաղափարի ջահակիրները դարձան զինուորական խաւը, Իթթիհատի պարագլուխները եւ թրքական պետական մեքենան։ Խօսողը մանրամասնօրէն անդրադարձաւ այն ծալքերուն, որոնք վերլուծուած են հեղինակին կողմէ եւ կը մատնանշեն Ցեղասպանութեան ծրագրումին ու իրագործման դրդապատճառները։
Իր խօսքի աւարտին, յոյն երեսփոխանը յատուկ անդադարձ կատարեց հայկական Սփիւռքին կողմէ ցուցաբերուած ուժականութեան, մոռացութեան մէջ չմատնելու Հայոց ցեղասպանութեան արդար հատուցման խնդիրը։ Ան նաեւ նշեց, թէ Եւրոպական ու միջազգային ատեանները պարտաւոր են աւելին ընելու, որպէսզի Թուրքիա ճանչնայ իր կատարած ոճիրները Արեւելքի քրիստոնեայ ժողովուրդներուն դէմ։
Խօսողներու կարգին էր նաեւ ռազմաքաղաքական հարցերով եւ վերլուծումներով զբաղող յունական «Միլիթէր» կայքէջի տնօրէն, հանրածանօթ լրագրող Փարիս Քարվունոփուլոս, որ խօսելով ներկայ իրականութեան մասին նշեց, թէ ցեղասպան Թուրքիան մէջտեղ նետուած է խաղաղասէրի հանգամանքով եւ կը փորձէ իր ցեղասպանական դիմագիծը թաքցնել «խաղապահի դերին» մէջ։ Անդրադառնալով գիրքին ու հեղինակին, խօսողը ընդգծեց, որ Փիղատաս իր լրագրողի հանգամանքով լուրջ պրպտումներ եւ վերլուծումներ կը կատարէ ու հարցերուն վրայ լոյս կը սփռէ։ Ան կարեւոր նկատեց գիրքի հրատարակութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան նիւթի արծարծման համար։ Վերջին խօսողը եղաւ գիրքի հեղինակը, լրագրող Ալեքսանտրոս Փիղատաս, որ նախ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Հայ դատի յանձնախումբին, ներկայ խօսողներուն եւ հրատարակչատան, որոնք գիրքի լայն ներկայացման առիթը ընծայեցին։ Հեղինակը անդրադարձաւ գիրքի պարունակութեան եւ այն պատճառներուն, որոնք յատկանշեցին Ցեղասպանութեան ծրագրումը։ Յաջորդաբար, խօսեցաւ իր կատարած հարցախոյզին մասին յունահայ գաղութի անդամներուն հետ, ուրկէ ան կարողացաւ քաղել հետաքրքրական տուեալներ Ցեղասպանութեան պատմական յիշողութեան եւ պահանջատիրութեան զգացումներուն մասին իւրաքանչիւր հայու մէջ։
Իր խօսքի աւարտին, Ալեքսանտրոս Փիղատաս շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը անցեալին պատկանող պատմական անցուդարձ մը չէ, այլ կը մնայ այժմէական, որու ճանաչումը կը հատէ ժամանագրական եւ աշխարհագրական սահմանները։
Օրուան հանդիսավար ընկ. Յովհաննէս Ղազարեան փակելով երեկոն շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր խօսողներուն եւ ներկաներուն, որոնք ընդառաջեցին Հայ դատի յանձնախումբի հրաւէրին։
Լրագրող Ալիքսանտրոս Փիղատաս մակագրեց իր վաճառուած գիրքի օրինակները։
azator.gr