ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Լեհաստանի, Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Շուէտի, Իտալիոյ, Նետերլանտներու, Դանիոյ, Չեխիոյ, Արժանթինի, Չիլիի եւ Պրազիլի դեսպաններուն յղեց հետեւեալ նամակը.
«Ազրպէյճանական բռնագրաւող ուժերուն կողմէ Արցախը բնական կազով մատակարարող խողովակի դէմ գործուած խափանարարական արարքին պատճառով` Արցախի ամբողջ տարածքը 7 մարտէն ի վեր զրկուած է կազէն: Կազի մատակարարման դադրեցումով Արցախի աւելի քան 100 հազար խաղաղ մարդու համար յառաջացած են մարդասիրական լուրջ խնդիրներ :
Դէպքը պատահեցաւ Շուշիի` Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած հատուածին մէջ: Ազրպէյճանական կողմը կը խոչընդոտէ եւ չ՛արտօներ, որ «Արցախկազ» ընկերութեան մասնագէտները վերականգնեն կազի մատակարարումը, ինչ որ առաւել յստակ կը դարձնէ անոնց յանցաւոր դիտաւորութիւնը:
Ազրպէյճանական բռնագրաւող ուժերուն կողմէ Արցախին բնական կազ մատակարարող խողովակին դէմ խափանարարական արարքը, խողովակը վերանորոգելու աշխատանքներուն խոչընդոտումը, ինչպէս նաեւ Արցախի Հանրապետութեան մէջ խաղաղ հայ հողագործներու, անոնց անասուններու, հողագործութեան մեքենաներու շարունակուող թիրախաւորումը Արցախի բնիկ ժողովուրդը իր պատմական հողերէն վտարելու պետական յստակ քաղաքականութեան ծիրին մէջ գործադրուած արարքներ են:
Այս արարքները մաս կը կազմեն ազրպէյճանական հայատեացութեան եւ թշնամանքի քաղաքականութեան ակնյայտ դրսեւորումներուն, որոնք կ՛ապացուցեն ազրպէյճանական բռնատիրական վարչակարգին մօտ խաղաղութեան մտադրութեան բացակայութիւնը:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը իր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնէ եւ ձեր կառավարութեան կոչ ուղղէ` ստեղծուած մարդասիրական տագնապին ու վտանգաւոր կացութեան վերջ տալու համար Պաքուի վրայ ճնշում բանեցնելու»: