ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան դոկտ. Իան Քոլարտին յղեց նամակ մը, որուն մէջ ողջունեց Բրիտանիոյ Համայնքներու պալատին կողմէ առաջին ընթերցումով Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի որդեգրումը եւ զայն նկատեց ճիշդ ուղղութեամբ քայլ մը:
Հայ դատի մարմինը յայտնեց, որ բանաձեւի որդեգրումը ուժ պիտի տայ Ցեղասպանութեան հռչակագիրին նկատմամբ Բրիտանիոյ յանձնառութեան եւ պիտի հաստատէ օրէնքի իշխանութեան, մարդու իրաւունքներու եւ արդարութեան վերաբերեալ անոր հիմնարար արժէքները:
«Բրիտանիոյ խորհրդարանը ապրիլ 2021-ին յայտարարած էր, թէ Չինաստան Սինճիանկ նահանգին մէջ ույղուրներու դէմ ցեղասպանութիւն կը գործէ, հակառակ այն իրողութեան որ ատիկա «պատշաճ դատարան»-ի մը կողմէ չէ ճանչցուած: Ասիկա անվաւեր կը դարձնէ Բրիտանիոյ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ պնդումը, որ` «ցեղասպանութեան իրողութեան որեւէ ճշդում պէտք է միայն պատշաճ դատարաններու կողմէ կատարուի», նշեց մարմինը:
«Բրիտանիան արեւմտեան յառաջատար սակաւաթիւ երկիրներէն է, որ տակաւին չէ ճանչցած այս պատմական իրողութիւնը, հակառակ անոր իր արխիւներուն մէջ լաւապէս փաստագրուած ըլլալուն, ինչ որ արդարութեան հիմնարար արժէքներուն տէր կանգնելու իր յանձնառութեան մեծ ձախողութիւն մըն է: Այժմ ան առիթը ունի այս երեւոյթը սրբագրելու: Կը յուսանք, որ Բրիտանիան շուտով պիտի միանայ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Նետերլանտներու, Պելճիքայի եւ Լիբանանի նման յանուն արդարութեան, ճշմարտութեան եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարող երկիրներուն», եզրափակեց Հայ դատի մարմինը:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նաեւ Լիբանանի մէջ Լիւքսեմպուրկի պատուոյ հիւպատոս Ժաք Ռաֆայէլին յղեց նամակ մը, որուն մէջ յայտնեց, թէ կը միանայ Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանին կոչին, ըստ որուն, մինչեւ Ազրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող բոլոր հայ պատերազմական գերիներու եւ քաղաքայիններու իրենց հայրենիք վերադարձուիլը, Լիւքսեմպուրկի կառավարութեան Ազրպէյճանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ համագործակցութեան խորացման պիտի չսատարէ:
Հայ դատի մարմինը ողջունեց Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանին կողմէ արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներուն տէր կանգնող այդ բանաձեւին միաձայնութեամբ որդեգրումը: