ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիային յղեց նամակ մը, որուն մէջ իր գնահատանքը արտայայտեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպական եւ Եւրասիական հարցերու գրասենեակին կողմէ Շուշիի մէջ հայ քաղաքայիններու դէմ ազրպէյճանական յարձակումն ու այդ քաղաքայիններէն մէկուն սպանութիւնը դատապարտող յայտարարութեան համար, որ նաեւ Հայաստանին ու Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէր աշխուժացնելու իրենց մասնակցութիւնը բոլոր ձեւաչափերուն մէջ, մասնաւորաբար Մինսքի խմբակի համանախագահներու ձեւաչափին մէջ` լուծելու համար Արցախի տագնապին առնչուած կամ ատկէ բխող բոլոր չլուծուած խնդիրները:
Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նաեւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայսի ուղղած` բոլոր պատերազմական գերիները վերադարձնելու, անհետ կորսուածներու ճակատագիրը յստակացնելու, տեղահանուածներու իրենց տուներ կամաւոր վերադարձը ապահովելու եւ Հայաստանին ու Ազրպէյճանին մասնաւորաբար Մինսքի խմբակի ձեւաչափին մէջ մասնակցութիւնը աշխուժացնելու կոչին:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նաեւ անցնող օրերուն վերոնշեալ երկու հարցերուն վերաբերեալ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն ընդմէջէն տեղեկատուութիւն տարածեց: