ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն Վահրամ Էմմիեան եւ Ցոլեր Թալաթինեան երէկ արցախեան Բ. պատերազմի Ա. ամեակին առիթով Լիբանանի մէջ օտարերկրեայ դեսպանատուներու հետ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին ձեռնարկած հաղորդակցութիւններու շարքի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցան Լիբանանի մէջ Շուէտի դեսպանատան առաջին քարտուղար Եոհան Սիկրոթի հետ:
Լիբանանի Հայ դատի մարմինի անդամները շուէտացի դիւանագէտին յայտնեցին, որ Արցախի հարցը կը նկատեն չլուծուած եւ զայն լուծելու միակ ընդունելի միջոցը կը նկատեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափը, որ միջազգային լիազօրութիւն ունեցող միակ ձեւաչափն է, ուստի այդ բացառիկ իրաւունքի տէր մարմինէն դուրս եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը չյարգող որեւէ լուծում չի կրնար Արցախի հարցին մնայուն ու արդար լուծում ապահովել, ուստի եւ շրջանին մէջ խաղաղութիւն ու կայունութիւն ապահովել: Լիբանանի Հայ դատի մարմինը աւելցուց, որ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը Արցախի Հանրապետութեան դէմ յարձակում շղթայազերծելով խախտեցին Հելսինքիի վերջնական հռչակագիրի սկզբունքները, ինչպէս նաեւ խախտեցին ՄԱԿ-ի ուխտը, որ ՄԱԿ-ի անդամ որեւէ երկրի կ՛արգիլէ ուժ կիրարկել «որեւէ երկր»-ի հողային ամբողջականութեան եւ քաղաքական անկախութեան դէմ:
Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նաեւ ուշադրութեան հրաւիրեց Արցախի բռնագրաւեալ տարածքներուն մէջ մշակութային ցեղասպանութեան վրայ` նշելով, որ ատիկա կը գործուի երկու ճամբով` մշակութային ժառանգութեան քանդումով կամ այդ ժառանգութեան պատկանելիութեան խեղաթիւրումով: Մարմինը նաեւ իր մտահոգութիւնը յայտնեց Ազրպէյճանի մօտ պահուող հայ պատերազմական գերիներուն նկատմամբ` նշելով, որ բազմաթիւ վկայութիւններու, ներառեալ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու վկայութեամբ անոնք չարչարանքի կ՛ենթարկուին` աւելցնելով, որ հայ գերիներու պարագան գերիներու վերաբերեալ ժընեւեան ուխտի յստակ խախտում մըն է:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նշեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է ճնշում բանեցնէ Ազրպէյճանի վրայ, որպէսզի դադրեցնէ մշակութային ցեղասպանութիւնը եւ անյապաղ ու առանց նախապայմանի ազատ արձակէ հայ գերիները: Մարմինը նաեւ ընդգծեց միջազգային ընտանիքին կողմէ Արցախի ժողովուրդին մարդասիրական օժանդակութեան տրամադրման կարեւորութիւնը:
Շուէտի դեսպանատան առաջին քարտուղար Ժոհան Սիկրոթ յայտնեց, որ իր երկիրը կ՛աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափին, որ երկար ատենէ ի վեր կ՛աշխատի խաղաղութեան հաստատման եւ տագնապի միջազգային օրէնքի համահունչ լուծման համար` աւելցնելով, որ իր երկիրը կը քաջալերէ պատերազմական ոճիրներու շուրջ հետաքննութեան կատարումը:
Հանդիպումի աւարտին, ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Լիբանանի մէջ Շուէտի դեսպան Անն Տիսմորին ուղղուած նամակ մը յանձնեց շուէտացի դիւանագէտին, որ յայտնեց, թէ հանդիպումին մանրամասնութիւններն ու նամակին բովանդակութիւնը դեսպանատան կողմէ պիտի սերտուին, ապա պիտի ուղարկուին Սթոքհոլմ: