Մեր երէկուան թիւով ներկայացուցած էինք Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի նամակը, որ ղրկուեցաւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասին։
Նամակին մէջ յանձնախումբը յստակ բացատրութիւն կը պահանջէր նախարարէն՝ Ատրպէյճանի մէջ յոյն դեսպան Նիքոլաոս Փիփերիկոսի մասնակցութեան համար Պաքուի վարչակարգին կողմէ բեմադրուած այցելութեան Արցախի բռնագրաւուած տարածքներուն վրայ, որ կը միտէր միջազգային ընտանիքին առջեւ օրինակացնել եւ հաստատել Ատրպէյճանի ոտնձգութիւնները։ Հայ դատի յանձնախումբի նամակը մեծ արձագանգ գտաւ յունական հանրային կարծիքին մօտ, որ ընկերային ցանցերու եւ մանաւանդ զանազան լրատուամիջոցներու կողմէ լայնօրէն տարածուեցաւ։
Յունաստանի դեսպանի արարքը արժանացաւ յոյն համաքաղաքացիներու քննադատութեան ու դատապարտանքին։ Նամակի արձանագրած տարածումի լոյսին տակ, Յունաստանի խորհրդարանի հայ-յունական բարեկամութեան խումբի փոխնախագահ, երեսփոխան Նինա Քասիմաթի խորհրդարանէն ներս հարցում ուղղեց արտաքին գործոց նախարարին՝ բացատրութիւն պահանջելով յոյն դեսպանի մասնակցութեան համար բռնագրաւեալ Շուշիի մէջ կազմակերպուած դիւանագէտներու այցելութեան։ Նաեւ, երեսփոխան Ն. Քասիմաթի արտաքին գործոց նախարարութիւն յղեց Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի նամակը եւ նախարարէն պահանջեց ներկայանալ խորհրդարան ու տեղեկութիւններ փոխանցել երեսփոխանական կազմին։ Նշենք նաեւ, որ Յունաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քոծիաս, ընկերային ցանցերուն մէջ ունեցած իր էջին միջոցով ամօթալի որակեց յոյն դեսպանի մասնակցութիւնը «հայերու դէմ ատրպէյճանական յաղթանակի տօնախմբութիւններուն»։