Քեսապի վերջին իրադարձութիւններուն մասին Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը:
Վ. Եագուպեան անդրադարձաւ քեսապահայութեան տարհանումին եւ դատապարտեց այդ իմաստով Թուրքիոյ ուղղակի մեղսակցութիւնը:
«Զինեալներուն Քեսապ ներխուժումը պիտի չպատահէր, եթէ թրքական ուժերը դիւրացուցած չըլլային անոնց մուտքը: Ճիշդ է որ աւանին մէջ սպանդներ չեն գործուած, հակառակ շրջանառութեան մէջ ներկայիս դրուած ապատեղեկատուութեան, սակայն զինեալները, որոնք օտար ազգութիւններու կը պատկանէին, եկեղեցիներուն խաչերը քանդած են եւ կողոպտած քեսապցիներուն բնակարանները», ըսաւ Վ. Եագուպեան:
Ան պատմական ընդհանուր ակնարկ մը կատարեց Քեսապ աւանին մասին` լուսարձակի տակ առնելով քեսապահայութեան տեղահանումի տարբեր հանգրուանները` յայտնելով, որ այս իրադարձութիւնները բնակչութեան յիշողութեան մէջ արթնցուցած են Թուրքիոյ հետ հայութեան դառն փորձառութիւնը:
Քեսապահայութեան ճակատագիրին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Վ. Եագուպեան ընդգծեց, որ հայութիւնը քարոզչական լայն արշաւի մը ձեռնարկած է` ճնշում բանեցնելու միջազգային ընտանիքին վրայ, որպէսզի ան իր կարգին ստիպէ թրքական կողմին` Քեսապ խուժած զինեալները յետս կոչելու:
Ան աւելցուց, որ հայութիւնը նաեւ կ՛ակնկալէ, որ սուրիական պետութիւնը ապահովէ իր քաղաքացիներուն` քեսապցիներուն անվտանգութիւնն ու ապահով տունդարձը:
Քեսապահայ ծերունիներուն Թուրքիա տարուելուն մասին Եագուպեան ըսաւ, որ անոնք այն ծերունիներն են, որոնք մերժած են լքել աւանը, բայց զինեալները զանոնք խաբած են եւ Լաթաքիոյ փոխարէն տեղափոխած Թուրքիա:
«Իսկ Թուրքիոյ դէմ հայութեան սանձազերծած հակաքարոզչական արշաւը նեղ կացութեան մատնեց Թուրքիան, որ ստիպուեցաւ զանոնք ապահով հասցնել Վաքըֆ գիւղը», եզրափակեց Վ. Եագուպեան: