Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի յայտարարութիւնը՝ ռազմական սարքերու թուրքիոյ վաճառման արտօնագրերը կասեցնելու Գանատայի որոշման գծով

Լուրեր

Ապրիլ 13-ին, Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որ կ՚առնչուի Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մարք Կառնոյի գանատական ռազմական սարքերու թուրքիոյ վաճառման արտօնագրերը կասեցնելու որոշման:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Հայ դատի յանձնախումբը ողջունելով հանդերձ Արտաքին գործոց նախարարին որոշումը՝ խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ Գանատայի կառավարութեան ռազմական սարքերու արտահանման վերահսկման գործընթացին գծով եւ այդ ծիրէն ներս Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն առնչութեամբ:

Յանձնախումբը միաժամանակ Օթթաուայի կառավարութեան կոչ կ՚ուղղէ աւելի բարձր մակարդակի թափանցիկութիւն կիրառելու զէնքերու արտահանման թոյլտուութիւններ տրամադրելու գործընթացին գծով եւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին Գանատայի ռազմական սարքերու վաճառքի ամբողջական արգելք հաստատելու:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ մտահոգիչ է նաեւ այն երեւոյթը, որ Գանատայի Պաշտպանութեան նախարար Հարճիթ Սաճճանը Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարին հետ 2021 թուականի Մարտ 3-ին կայացած հեռախօսազրոյցի մը ընթացքին (Գանատայի արտգործ նախարարութեան կողմէ հարցի վերանայման սկսելէն անմիջապէս ետք) քննարկած է պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտէն ներս համագործակցութեան նոր հնարաւորութիւններու մասին, եւ կառավարութենէն որևէ տեղեկատուութիւն չէ ստացուած քննարկուող նշեալ համագործակցութեան բնոյթին վերաբերեալ:

Յայտարարութեան մէջ կը շեշտուի, որ Թուրքիոյ շարունակական գործողութիւններն ու ռազմատենչ քաղաքական օրակարգը ցոյց տուին, որ Անգարան կարելի չէ նկատի առնել որպէս վստահելի դաշնակից։

Յանձնախումբը յայտարարութիւնը կ՚եզրափակէ ըսելով, որ Գանատայի կառավարութեան հետ յանձնառու կը մնայ, որ նման սխալ չկրկնուի, և Գանատան զէնք արտահանելու ընտրանքէն ետ մնայ այն երկիրներէն, որոնք ռազմական սարքեր կ՚օգտագործեն այնպիսի նպատակներու համար՝ որոնք կը հակադրուին գանատական արժէքներուն:

horizonweekly.ca