Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Գանատայի խորհրդարանի անդամ եւ Գանատա-Հայաստան Խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահ Պրայըն Մէյ յատուկ նամակ մը յղած է Գանատայի արտաքին գործոց նախարարին, որուն մէջ խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ իրագործուած հայկական մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութեան սրբապղծումը եւ կը պահանջէ հայ ռազմագերիներու անյապաղ հայրենիք վերադարձը։
Պրայըն Մէյ նաեւ կը պահանջէ, որ Միացեալ Ազգերու կրթական, գիտական և մշակութային կազմակերպութեան (UNESCO) դիտորդներուն հնարաւորութիւն ընծայուի հետաքննական այցելութիւն կատարելու Արցախ՝ ստուգելու համար հայկական պատմական յուշարձաններու իրավիճակը։
horizonweekly.ca