Հայաստանի վերանկախացումէն ի վեր, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համար, Հայ Դատի գծով իր գործունէութեան մէջ հիմնական սկզբունք եղած է՝ քաղաքական օժանդակութեամբ սատարել հայրենի պետութեանց եւ այդ իմաստով՝ Սփիւռքի Դաշնակցական կառոյցներու քաղաքական կարողոկանութիւնը ի սպաս դրած է Հայաստանի եւ Արցախի պետականութեանց վերելքին:
Մինչեւ վերանկախացման անկիւնադարձը, 1965-էն ի վեր գործող Գանատայի ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի աւելի քան կէս դարու առաքելութիւնը՝ ունեցած է պահանջատիրական եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուածութիւն, առաւել՝ գանատահայութիւնը շահագրգռող հարցերու բարձրաձայնման վարքագիծ, միաժամանակ հանդիսանալով կամուրջը հայ համայնքին եւ Գանատայի պետական կառոյցներուն միջեւ:
Ներկայիս, արդէն իսկ բազմաճիւղ գործունէութիւն ծաւալող Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի գլխաւոր նպատակակէտերուն մէջ ընդգրկուած են Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ամրագրումն ու անցումը դէպի հատուցման հանգրուան, Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման ու բարգաւաճման ուղղուած նախաձեռնութիւնները, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի հետապնդումը եւ գանատահայութեան իրաւունքներու յանձանձումը:
Այս ծիրին մէջ, 2006 թուականի Օթթաուայի իր գրասենեակի բացումէն ի վեր, Հայ Դատի յանձնախումբը, մինչեւ օրս,Գանատայի մայրաքաղաքին մէջ կը շարունակէ պահանջատիրական, բանակցային-յարաբերական ու տեղեկատուական իր առաքելութիւնը։
Այսօր, յատկապէ՛ս 2020 թուականի Արցախեան պատերազմէն ետք, երբ ականատեսը կ՛ըլլանք թէ ինչպէս հայութեան հանդէպ Ցեղասպանութիւնը տարբեր բնոյթներով կը շարունակուի տակաւին, երբ թուրք-ատրպէյճանական յարձակողապաշտութեան զոհ կը դառնայ Արցախի բնակչութիւնը, երբ տակաւ կը սեղմուի հայրենիքի շրջափակման օղակը, երբ կը շարունակուին պետական մեր սահմանները ձեւազեղծելու ոտնձգութիւնները, առաւել քան երբեք հրամայական դարձած է առաւել թափ տալ Հայ Դատի մեր գործունէութեան ու Օթթաուայի մէջ անոր զգալի ներկայութեան:
Վերոնշեալ մարտահրաւէրներու դիմագրաւման համար, առաւել եւս՝ նկատի ունենալով ՀՅԴ Գանատայի կառոյցի իրերայաջորդ Շրջանային ժողովներու ընթացքին ընդունուած յստակ բանաձեւերը, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն, 2021 թուի Փետրուարի 1-ին, Օթթաուայի քաղաքակեդրոնի մերձակայութեամբ, պաշտօնական պայմանագրութեամբ գնեց եռայարկ շէնք մը, որ շուտով պիտի դառնայ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի նստավայրն ու աշխատանքային-գրասենեակային կայքը։
Մեր համոզումն է, որ Գանատայի մայրաքաղաքէն ծաւալ ստանալիք Հայ Դատի յառաջիկայ աշխատանքին՝ յաւելեալ խթան պիտի հանդիսանայ այս նոր ձեռքբերումը եւ Գանատայի տարբեր քաղաքներու մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերու հետ համատեղ ջանքերով, զգաստ ու պատրաստ պիտի ըլլանք դիմագրաւելու հայութեան ու Հայոց աշխարհի նոր մարտահրաւէրները։
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէ
horizonweekly.ca