President,
European Commission
Rue de la Loi 200
1049, Brussels
Brussels, 12 June 2014
Dear President Barroso,
On June 14 you will be visiting Azerbaijan, where you will be meeting President Ilham Aliyev to hold bilateral talks, and you will be giving a speech at the ADA University on “EU – Azerbaijan: new opportunities and challenges”.
The European Armenian Federation for Justice and Democracy would like to once again draw your attention on Azerbaijan, a country which the Freedom House categorizes as a “Consolidated Authoritarian Regime”, with Ilham Aliyev, the President of Azerbaijan, being the first ever Organized Crime and Corruption Person of the Year bestowed by the Organized Crime and Corruption Reporting Project, who “succeeded his father in 2003, continuing and intensifying the most repressive aspects of his father’s rule. Since then, the inflow of significant oil revenues has fueled presidential patronage, strengthened the state’s security apparatus, and partially subdued both domestic and foreign criticism of the regime”.
It was only yesterday, that the Foreign Policy magazine run an investigative piece titled “The Corleones of the Caspian. How Azerbaijan’s dictator woos the United States and Europe“, stressing that while the national debate is controlled at home through means of intimidation, censorship, and legal jury-rigging, Azerbaijan’s greater mission is to whitewash its reputation abroad – where it hasn’t resorted to all-expenses-paid vacations to Baku – a form of what European Stability Initiative witheringly describes as “caviar diplomacy” (“Caviar Diplomacy. How Azerbaijan silenced the Council of Europe“) – it has spent millions of dollars in U.S. and European lobbying, consultancy, and PR firms to whitewash its image in the American and European media. The Aliyev regime thus, have managed to buy friends and influence people, including past and present members of the U.S. Congress, British Parliament, and the Parliamentary Assembly of the Council of Europe, which was once known for pressuring dictatorships, not embracing them.
It was less than a month ago, that the Bureau of PACE (Parliamentary Assembly of the Council of Europe) decided that no more Assembly committee meetings will be held in Azerbaijan for two years, as of 1 June 2014.
We urge you to address those issues at your meetings and stress the anti-Armenian propaganda going on in Azerbaijan as well, which reached its height in September 2012, when Ilham Aliyev pardoned Ramil Safarov upon his arrival to Baku from Hungary, where he was convicted for murdering an Armenian colleague during a course sponsored by NATO’s Partnership for Peace Program in Budapest; whereas Safarov had pleaded guilty and had expressed no remorse, defending his action on the grounds that the victim was Armenian.
Furthermore, the European Armenian Federation asks you to stress that Azerbaijan respect the OSCE Minsk Group mediation efforts in solving the Nagorno Karabakh conflict, withdraw the snipers along the line of contact, and accept the creation of a mechanism of investigation of incidents, which Armenia has already agreed to.
At your speech at the ADA, we ask you to address all the above mentioned issues to the youth and the students, that it needs more than an oppressing regime to develop and democratize a country, and that for a lasting peace in the region, there should be confidence building measures between the peoples, mutual understanding, tolerance and acceptance.
The 2% Azerbaijani gas flowing to Europe should not blind the EU Commission, should not make it accomplice to violations of the core EU values and rights, in the hope of signing a Strategic Modernization Partnership and an Association Agreement with Baku and the Aliyev regime, whose victims are the Azerbaijani people and the region.
Yours faithfully,
Kaspar Karampetian,
President,
European Armenian Federation for Justice & Democracy
Բաց նամակ Եւրոպական Միութեան նախագահ Ժոսէ Մանուէլ Պարոսոյին
Պրիւքսել, 12 յունիս, 2014
Յարգելի պարոն նախագահ,
Յունիս 14-ին շուտով պիտի այցելէք Ատրպէյճան, ուր երկկողմանի բանակցութեանց համար պիտի հանդիպիք նախագահ Իլհամ Ալիեւին, եւ դիւանագիտական ակադեմիայի մէջ դասախօսութիւն մը պիտի տաք «Եւրոմիութիւն – Ատրպէյճան՝ նոր առիթներեւ մարտահրաւէրներ» նիթով:
Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը անգամ մը եւս ձեր ուշադրութեան կը յանձնէ Ատրպէյճանը որ, «Ֆրիտոմ հաուս» կազմակերպութեան համաձայն «ոչ-ազատ» երկիր մըն է, որուն նախագահ Իլհամ Ալիեւը Կազմակերպուած ոճրագործութեան եւ փտածութեան զեկոյցի ծրագրի առաջին «տարուան անձ» կոչումը ստացաւ, որ 2003-ին յաջորդեց իր հօր, եւ աւելի բրտութեամբ շարունակեց անոր իշխանութեան օրոք սկսած ամենադաժան ճնշումները: Այն օրերէն արդէն, քարիւղի եկամուտներէն ստացուած հսկայական գումարները յառաջացուցած են նախագահական հովանաւորութիւնը, ամրապնդած են պետութեան ապահովական մեքենան, եւ իշխանութեան հանդէպ եղած ներքին եւ արտաքին քննադատութիւնը մասամբ խեղդած են:
Երէկ, «Ֆորէյն փոլիսի» պարբերաթերթը «Կասպից ծովի Քորլէօները. ինչպէս Ատրպէյճանի մենատէրը կը կաշառէ Միացեալ նահանգներն եւ Եւրոպան» վերնագրով քննչական յօդուած մը հրապարակեց, շեշտելով, որ մինչ ներազգային վէճը երկրին մէջ սահմանափակուած է վախի, գրաքննութեան եւ դատական զեղծարարութիւններու մէջ, Ատրպէյճանի մեծագոյն առաքելութիւնն է դուրսը իր պատկերը լաւ ներկայացնելն է. ուր որ չէ դիմած ամբողջովին վճարուած արձակուրդներու – իրավիճակ մը, որ «Եուրոփիըն սթապիլիթի ինիշըթիւ»ը իր զեկոյցին մէջ կոչած է «քաւիարի դիւանագիտութիւն», «Քաւիարի դիւանագիտութիւն. ինչպէս Ատրպէյճանը լռեցուց Եւրոպայի խորհուրդը», որ երեւակայութեան շատ բան չձգեր: Միլիոններ ծախսած է Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մէջ լոպիստական կազմակերպութիւններու եւ կազմակերպութիւններու մօտ, որ իր պատկերը բարելաւէ Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մամուլին մէջ: Ալիեւի վարչակազմը յաջողած է բարեկամներ գնել եւ մարդոց ազդել, որոնց մէջ են նախկին եւ ներկայ ԱՄՆ քոնկրեսականներ, Բրիտանիոյ խորհրդարանականներ եւ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի անդամներ, որոնք ժամանակին մենատիրութիւնները կը ճնշէին, այլ ո’չ թէ կ’ողջագուրէին»:
Ամիսէ մը պակաս է, որ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի բիւրոն որոշեց, թէ յունիս 1, 2014-էն սկսեալ երկու տարուան տեւողութեամբ՝ խորհուրդի յանձնախումբերու ժողովները տեղի պիտի չունենան Ատրպէյճանի մէջ:
Ձեզ կը դիմենք, որ այս հարցերը բարձրացնէք ձեր հանդիպումներուն ընթացքին ու նաեւ նշէք հակահայ քարոզչութիւնը, որ ներկայիս տեղի կ’ունենայ Ատրպէյճանի մէջ, որ իր գագաթին հասաւ սեպտեմբեր 2012-ին, երբ Իլհամ Ալիեւ ներեց Րամիլ Սաֆարովին՝ Հունգարիայէն Պաքու անոր ժամանումով: Սաֆարով Հունգարիոյ մէջ դատապարտուած էր հայ սպայի սպաննութեան համար՝ Պուտափեշթի մէջ տեղի ունեցած Նաթոյի «խաղաղութեան գործընկերութեան ծրագիր»ի ծիրէն ներս. Սաֆարով յանցանքն ընդունած էր, եւ չէր մեղանչած ըրածին համար, պարզապէս, որովհետեւ իր զոհն հայ էր:
Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ կը դիմէ ձեզ որ շեշտէք, որ Ատրպէյճան յարգէ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղութեան ուղղուած ջանքերը, արձակազէնները հեռացնէ շփման գիծէն, եւ ընդունի պատահարներու քննչական կառուցուածքի մը կազմութիւնը, որուն Հայաստանն արդէն իր հաւանութիւնը տուած է:
Դիւանագիտական ակադեմիայի մէջ ունենալիք ձեր դասախօսութեան ընթացքին պէտք է վերոնշեալները շեշտէք երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան, նշէք, որ երկիր մը զարգացնելու եւ ժողովրդավարականացնելու համար ճնշող վարչակարգէ մը անդին պէտք է անցնիլ, եւ որ շրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան համար պէտք են վստահութիւն ներշնչող քայլեր, հասկացողութիւն, հանդուրժողականութիւն եւ դիմացինը ընդունելու պատրաստակամութիւն:
Ատրպէյճանական 2% կազը, որ Եւրոպա կը հոսի՝ պէտք չէ կուրցնէ Եւրոպական միութեան յանձնաժողովը, պէտք չէ մեղսակից դարձնէ Եւրոպական միութեան արժէքներուն եւ իրաւունքներուն ոտնակոխումին, այն յոյսին ներքոյ, որ Պաքուի եւ Ալիեւի վարչակարգին հետ ստորագրուին արդիականացման ռազմավարական գործընկերութիւնը եւ ընկերութեան համաձայնագիրը, որոնց զոհերն են Ատրպէյճանի ժողովուրդը եւ տարածաշրջանը:
Յարգանքներով,
Գասպար Կարապետեան,
Նախագահ,
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի