Գանատայի խորհրդարանին մէջ նշուեցան M-380 բանաձեւի 10-ամեակն ու Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրման 96-ամեակը

(ՀՈՐԻԶՈՆ) Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Մայիս 27-ի երեկոյեան Օթթաուայի մէջ տեղի ունեցաւ Գանատայի խորհրդարանին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը հաստատագրող M-380 բանաձեւի 10-ամեակին եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 96-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան նախարարներ Ճէյսըն Քէնի եւ Կէրի Կուտյիր, Գանատայի խորհդարանի ընդդիմադիր Նոր Դեմոկրատ կուսակցութեան առաջնորդ Թոմաս Մուլքէր, Ազատական կուսակցութեան ղեկավարն Ճասթին Թրուտօ եւ Գանատայի խորհրդարանի անդամներ: Ներկայ էր նաեւ հայազգի նախկին ծերակուտական Ռէյմոնտ Սէթլաքուի, որ գործօն դերակատարութիւն ունեցած է բանաձեւի յաջողութեան մէջ:

Հանդիսավար Նորա Արուշեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան Տէրունական Աղօթքով բացումը կատարեց հանդիսութեան:

Առաջին հերթին իր խօսքը փոխանցեց Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան նախագահ տոքթ. Հարըլտ Ալպրէխթ, որ նշեց, թէ հայ ժողովուրդի պատմական ամենէն մեծ աղէտէն՝ Հայկական Ցեղասպանութենէն երեք տարի ետք կերտուեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը: Ան շնորհաւորեց անկախութեան տարեդարձը եւ M-380 բանաձեւի 10-ամեակը:

Ազատական կուսակցութեան ղեկավար Ճասթին Թրուտօ իր խօսքին մէջ յիշեցուց, թէ իր կուսակցութիւնը միշտ զօրակցած է Գանատայի մէջ հայկական Ցեղասպանութեան գործընթացին:

Գանատայի աշխատանքի եւ բազմամշակութային հարցերու նախարար Ճէյսըն Քէնի, որ 2004-ին Գանատայի խորհրդարանին մէջ M-380 բանաձեւի համահեղինակներէն էր, ելոյթ ունենալով ըսաւ, թէ M-380 բանաձեւը կարեւոր իրադարձութիւն է Գանատայի պատմական տարեգրութեանց մէջ: Ան յայտնեց նաեւ, որ ամիսներ առաջ Անգարա կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Տաւութողլու խստօրէն քննադատած էր Գանատայի կառավարութիւնը, Հայկական Ցեղասպանութեան գծով իր հայանպաստ դիրքորոշումին համար, որուն իբր հակադարձութիւն, ինք պատասխանած է, որ Գանատա հաստատակամ կը մնայ խորհրդարանի որդեգրած M-380 բանաձեւի սկզբունքներուն:

Ցուցադրուեցաւ M-380 բանաձեւի պատմականը ներկայացնող տեսերիզ մը, որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Արամ Յակոբեան, որ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Գանատայի կառավարութեան հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն վերականգնման գծով պետական նեցուկին համար:

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան յայտնեց, թէ M-380-ի իրագործումը յանձնախումբի երեք տասնամեակներու վրայ երկարող քարոզչական մաքառումի արգասիքն էր:

Նոր Դեմոկրատ կուսակցութեան խօսքը փոխանցեց արտաքին քաղաքականութեան հարցերու քննադատ Փոլ Տիուըր, որ շեշտեց, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումով առաջքը կ՚առնուի յառաջիկայի հաւանական այլ ցեղասպանութեանց:

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի կողմէ յատուկ գնահատագրեր յանձնուեցան M-380 բանաձեւի հեղինակ Մատլէն Տալֆօն Կիրալի, նախարար Ճէյսըն Քէնիի եւ Ազատական կուսակ-ցութեան նախկին ղեկավար Սթեֆան Տիոնի:Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր պահպանիչով:

Ottawa: ANCC Event commemorates The 10th Anniversary of the adoption of Motion M-380 by the House of Commons

On May 27, The Armenian National Committee of Canada (ANCC) organized a commemoration event for the 10th Anniversary of the adoption of Motion M-380 by the House of Commons. Many Members of the the House of Commons were present, with state ministers Jason Kenney and Garry Goodyear. Other representatives were mr. Thomas Mulcair, the leader of the New Democratic Party of Canada,Leader of the Official Opposition in Canada, and mr. Justin Trudeau leader of the Liberal Party of Canada.

 


Minister Jason Kenney joined MP Harold Albrecht and Members of Canada’s Armenian Community to commemorate the 10th anniversary of the passage of Motion M-380 as well as the founding of the First Armenian Republic

(horizonweekly.com) On May 27, 2014 Minister Kenney was pleased to join his colleague Harold Albrecht, Member of Parliament for Kitchener—Conestoga and Chair of the Canada-Armenia Parliamentary Friendship Group in welcoming members of Canada’s Armenian Community to Parliament Hill to commemorate two important anniversaries:

– The 10th anniversary of the passage of parliamentary motion M-380, which recognized the tragic events of 1915 as a Genocide and a crime against humanity; and

– The 96th anniversary of the establishment of the First Republic of Armenia.

MP Harold Albrecht delivered a statement in the House of Commons acknowledging these two significant anniversaries, and acknowledging the significant contributions that Armenian Canadians have made to the building of our country.

In the evening, the Armenian National Committee of Canada (ANCC) hosted a reception for Parliamentarians, where the Minister had the opportunity to speak with Archbishop Meghrig Parikian, Dr. Girair Basmadjian, President of the Armenian National Committee of Canada, and many other members of the Armenian Community. He was also honoured to receive a commemorative certificate thanking him for his personal support of M-380 in 2004.