Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգ. Վարժարանի Հայ Դատի Ա. Խորհրդաժողով

ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգ. վարժարանի առաքելութեան դաշտը օր ըստ օրէ կը ծաւալի ու կը համադրէ յաւելեալ գործնական դաստիարակչական միջոցներ, որոնք արդարօրէն իրենց անմիջական տպաւորութիւնը կ՛ունենան աշակերտական առօրեային վրայ:
Վերջին տարիներուն, վարժարանիս տնօրէնուհի դոկտ. Ալինա Դուրեանի հայեցողութեամբ, Ապրիլ եւ Մայիս ամիսները յաջորդաբար նուիրուած էին Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման եւ Հայ Դատի պայքարին, եւ դպրոցը իր ֆիզիքական պատկերով եւ գեղարուեստական միջոցառումներով կը տրամադրուի նշեալ զոյգ խորհուրդներուն:
Վարժարանէս ներս նախորոշուած Հայ Դատի յանձնախումբը, Մայիս ամսուան սկիզբը գեղարուեստական յայտագիրով իր ծրագիրին բացումը կատարելէ ետք, ձեռնարկեց Հայ Դատի խորհրդաժողովի աշխատանքներուն, որոնց ընթացքին միօրեայ դասախօսական նիւթերով ելոյթ պիտի ունենային գաղութէն ներս գործող մշակութային, ազգային եւ քաղաքական գործիչներ:

Մայիս 15ի առաւօտեան սկիզբ առած միօրեայ Հայ Դատի խորհրդաժողովը, իր «Արժեւորէ՛ Հայ Դատը» կարգախօսով, Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ զետեղուած կլոր սեղաններուն շուրջ համախմբեց վարժարանիս երկրորդական կարգի աշակերտները՝ օրուան պատշաճ իրենց պաշտօնական զգեստներով, ուսուցչակազմի ընկերակցութեամբ եւ տնօրէնուհի դոկտ. Ալինա Դուրեանի հովանաւորութեամբ: Յայտագիրի պաշ-տօնական բացումը կատարուեցաւ Տէրունական աղօթքով, ապա՝ Ամերիկեան ու Հայկական աշակերտական զոյգ ուխտերով: Առ այդ, դոկտ. Դուրեան իր բացման խօսքին մէջ մեծապէս քաջալերեց եւ գնահատեց դպրոցէն ներս տարուած ու Հայ Դատին առնչուած տեսական եւ գործնական բոլոր աշխատանքները, որոնք մեծապէս պիտի նպաստեն մեր նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան սրբազան առաքելութեան եւ մեր ժողովուրդի ազգային արդար իրաւունքներու հատուցման: Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց. «Դո՛ւք էք մեր ապագան, ձեզմով պիտի դրոշմուի Հայ Դատի փայլուն երթն ու յաղթանակը. օ՛ն ուրեմն սիրելի աշակերտ, կառչէ՛ այսօրուան կարգախօսին եւ՝ արժեւորէ՛ Հայ Դատը…»:
Հայկական բաժանմունքէն Սոնա Մատարեան ներկայացուց խոր-հրդաժողովին մասնակից դասախօսներուն ազգային, մշակութային եւ քաղաքական դերը գաղութէս ներս, ապա փոխանցելով օրուան խորհուրդը՝ ըսաւ. «Հայ Դատին ուսուցումը կը միտի հայ աշակերտի քաղաքական միտքի զարգացման, ազգային պատկանելիութեան եւ արժանապատուութեան գիտակցութեան»:
Խորհրդաժողովի ընդհանուր բաժինները համադրող ընկերային գիտութիւններու բաժինէն դասատու Վարդան Միքայէլեան հերթականութեամբ ներկայացուց եւ հրաւիրեց օրուան բանախօսները ու հմտօրէն վարեց օրուան յայտագիրը: Աշակերտները համախմբուեցան շրջանաձեւ սեղաններու շուրջ՝ իրենց տրամադրուած թղթածրարներուն հետ, որոնց մէջ ընդգրկուած էին օրակարգը, բանախօսներու անուանացանկը, նօթագրութեան թուղթեր եւ հարցաթերթիկ մը, որպէսզի անոնք ուշադիր հետեւելով նիւթի մանրամասն տեղեկութիւններուն՝ պատասխանէին տուեալ հարցումներուն, ստանալու համար իրենց միօրեայ աշխատանքի վարկանիշը:
Չորս գլխաւոր բաժիններով, միջանկեալ հիւրասիրութեամբ եւ ճաշի դադարով, աշակերտները բեղուն օր մը անցուցին՝ մօտէն շփուելով մեծ հաղորդականութեամբ իրենց նիւթերը փոխանցող մասնագէտներուն գործնական գիտելիքներուն: Հպարտօրէն պէտք է անդրադառնալ նաեւ աշակերտութեան կարգապահութեան եւ հասուն ընկալման՝ ի դէպ օրուան կարեւորութեան ու լրջութեան. անոնք բաժնուեցան սրահէն համակուած օրուան Հայ Դատի այժմէական աշխատանքով, իսկ շատերը իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին մաս կազմելու Յունիս 1ին կայանալիք Հայ Դատի հանգանակային արշաւին:
«Փիլիպոս»ը անգամ մը եւս իր առաքելութեան մէջ յաջողութիւն մը արձանագրեց: Փա՛ռք ու պատի՛ւ հայ դպրոցի նուիրեալ միտքերուն եւ հոգիներուն, որոնք հաւատարիմ կը մնան սերունդներ դաստիարակելու ազգային առաքելութեան մէջ:

Ստորեւ, յայտագիրին յաջորդականութեամբ կը ներկայացնենք «Արժեւորէ՛ Հայ Դատը» միօրեայ խորհրդաժողովի բանախօսները՝ իրենց նիւթերով.
– Թերեզա Երէմեան, Հիւսիսային Հոլիվուտի թաղային խորհուրդի նախագահ եւ նահանգային խորհուրդի անդամ Ատրին Նազարեանի գրասենեակի ներկայացուցիչ Scott Donohue.
Նիւթ՝ Հայ Դատի ներկայ ընտրապայքարի եւ հանգանակային արշաւի աշխատանքներն ու նպատակը:
– Հայկ Քարթունեան, նահանգային գործիչ, այժմ՝ գանձապահ Ճան Չիանկի, իսկ անցեալին՝ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի գրասենեակի գործավար.
Նիւթ՝ Հայ Դատի պատմականն ու ներկայ աշխատանքները՝ շաղկապուած նորօրեայ կամքի հաւատքով:
– Քալիֆորնիոյ հայ փաստաբաններու յանձնաժողովի նախագահ՝ իրաւաբան Կարօ Ղազարեան.
Նիւթ՝ Հայ Դատի իրաւատէրերը մենք ենք, քաջ ըլլանք մեր դերն ու իրաւունքը պաշտպանելու՝ օրինական արժեչափերով:
– Դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան, քաղաքական գիտութիւններու մասնագէտ եւ միութենական գործիչ.
Նիւթ՝ Ինչպէ՞ս պատրաստել ղեկավար մարդ անհատը իր գործօն դերին մէջ՝ տեսնելով այսօրուան եւ վաղուան առողջ ազգային ղեկավարը:
– Յովսէփ Նալպանտեան, մտաւորական եւ հասարակական գործիչ.
Նիւթ՝ Հայ ժողովուրդի թիւը անցեալին ու այսօր, Հայոց Ցեղասպանութեան հետ առընթեր:
– Ռաֆֆի Համբարեան, Հայ Դատի գործիչ.
Նիւթ՝ Հայ Դատը ներկայ սերունդին փոխանցելու գործնական ու հաղորդական միջոցները:
– Պալապեկ, «Հորիզոն» հեռուստակայանի հաղորդավար.
Նիւթ՝ Ներկայ Հայաստանի եւ Արցախի վերջին 20ամեայ ընկերային եւ քաղաքական պատմութիւնն ու անցուդարձերը:
Վարձքը կատար «Փիլիպոս»ի Հայ Դատի Ա. խորհրդաժողովի յարգարժան բանախօսներուն:

(Թղթակցութիւնը՝
Վարժարանէն)