(15 Մայիս) Այս Կիրակի 18 Մայիս 2014, Յունաստանի տարածքին կազմակերպուող մարզային – քաղաքապետական խորհուրդներու ընտրութիւններուն առիթով, բոլոր յոյն քաղաքացիները կոչուած են քուէատուփ առաջնորդուելու իրենց քաղաքացիական գերագոյն իրաւունքը գործադրելու համար:
Մեր բոլորի քուէները այս պարագային ուղղուած կ’ըլլան -ըստ մեր հայեցողութեան- ընտրելու թեկնածուներու լաւագոյն այն ներկայացուցիչները, որոնց նախկին գործունէութիւնը, կամ ապագայի խոստմնալից ընթացքը մեզ կը համոզէ թէ ապագայի քառամեայ ժամանակաշրջանին մէջ, անոնք իրենց ուժերը պիտի լարեն՝ լաւագոյնս գոհացնելու համար շրջանակի պահանջքները:
Յունահայութիւնը այս պարագային անհատապէս, թեկնածուի մը կամ անոր ետեւը կանգնող կուսակցութեան մը նկատմամբ քաղաքացիի իր բնական նախասիրութիւններէն անկախ, միշտ պէտք է ի մտի ունենայ ազգային մեր իւրայատուկ իրավիճակէն բխող մեր գաղութային կարիքներն ու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ այս ուղղութեամբ տարուած բոլոր այն թեկնածուներու ջանքերը, որոնք անցեալին կամ ներկայիս մեծապէս սատարած են մեր գաղութի աշխատանքներուն՝ գործնական ու շօշափելի փաստերով:
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը, իբրեւ երախտագիտութեան նուազագոյն արտայայտութիւն, քաղաքապետական-մարզպետական ընտրութեանց նախօրեակին, այսու կը ներկայացնէ յունահայութեան բոլոր այն թեկնածուները, որոնք անվերապահօրէն ընդառաջած են գաղութի կարիքներուն հասնելու մեր խնդրանքներուն, իրենց պատրաստակամութիւնը փաստած են նեցուկ կանգնելու մեր խնդիրներուն եւ զուգահեռաբար օգնութեան ձեռք երկարած են Հայաստանի կարգ մը քաղաքներու մեր հայրենակիցներուն:
Նոյնպէս, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը զօրավիկ կը կանգնի բոլոր մեր ազգակիցներուն, որոնք իրենց թեկնածութիւնը կÿառաջադրեն այս ընտրութիւններուն: