Կազմակերպութեամբ Հայաշէնի «Ռոստոմ» կոմիտէութեան, երէկ` երեքշաբթի, 29 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայաշէնի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեայ յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ:
Ձեռնարկին ներկայ էին Լիբանանի ներկայ եւ նախկին երեսփոխաններ, նախարարներ, լիբանանեան կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ եւ թաղապետեր: Ձեռնարկին արաբերէնով բացման խօսքը արտասանեց Ցոլեր Թալաթինեան, որ յայտնեց, թէ պաշտօնական Թուրքիա իր գործած ոճիրէն 99 տարիներ ետք տակաւին կը շարունակէ Ցեղասպանութիւնը ուրանալու իր ժխտողական քաղաքականութիւնը. աւելի՛ն` կը փորձէ պատմական իրականութիւններ փոխել:
Բացման խօսքէն ետք գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ Յակոբ Գելուկեան, որ տուտուկով ներկայացուց երաժշտական երկու կտորներ:
Ապա խօսք առաւ Մասուտ Աշքար, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ հայ ժողովուրդի ներկայութեան, Ցեղասպանութեան գործած աւերներուն եւ անոնց իբրեւ հետեւանք ժողովուրդին ապրած տառապանքներուն: Աշքար յայտնեց, որ երանելի է այն ժողովուրդը, որուն պատմութիւնը թարմ կը մնայ իր հաւաքական յիշողութեան մէջ, ինչ որ է պարագան հայ ժողովուրդին:
Ապա խօսք առաւ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան, որ անդրադարձաւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հայութեան ուղղուած ցաւակցութեան, զոր Եագուպեան որակեց իբրեւ անպատասխանատու, պատմական իրականութիւնները կեղծող եւ օսմանեան քաղաքականութեան շարունակութեան կեցուածք: Եագուպեան նաեւ ներկայացուց շարք մը տուեալներ եւ պատմական իրողութիւններ, որոնք Ցեղասպանութեան փաստը անժխտելի կը դարձնեն: