An Open Letter to the High Representative of the EU for Foreign Affairs & Security Policy, Vice-President of the EU

Brussels, February 7, 2014

To: the High Representative of the European Union for Foreign Affairs & Security Policy,

Vice-President of the European Commission,

Her Excellency, Lady Catherine Ashton

Your Excellency,

Having read in the news, that the EU has a solution for solving the Ukrainian crisis by means of financial offer, as the source mentions (“Ashton off to Kiev with new financial offer”), outlined to EU ambassadors in the Political and Security Committee, in Brussels, on February 3rd, 2014, the financial assistance will come from a group of donor countries, and seeing Azerbaijan among them, it’s rather astonishing. It is disappointing seeing Azerbaijan listed in the same rank as Norway, Japan, the USA and the EU. No matter how novel a cause is to try and diffuse the tension in Ukraine – and your role as mediator is highly appreciated – but having Azerbaijan in the group of donors to support the democratic process in Ukraine is highly controversial, to say the least.

The EU known for its strict attachment to Human Rights and Democratic values, should not allow a dictatorship be a donor and establish democracy in another country.

Welcoming the struggle of the people of Ukraine for Democracy, which the EU intends to support with a financial offer as well, at least the money should come from a group of democratic countries – and not oppressive regimes, like Azerbaijan. Posing the question about the moral dimensions of such a choice should not be surprising for you.

Azerbaijan has definitely trying to reach new levels of “caviar diplomacy”, by becoming a donor country for its wider neighbourhood – rather than importing democracy, it is selling democracy to others.

While the EU is discussing sanctions for the Ukrainian governing elite, at the same time is prepared to back up the transition of the country towards democracy with money from another corrupt elite – that of Azerbaijan.

It’s worth to check once again, the reports of international organizations such as Freedom House, Transparency International to remember the state of affairs of Azerbaijan. You must be fully aware of last year’s election scandal when the results of voting were made public before the voting itself – not to mention the re-election of Ilham Aliyev by 84% of the vote and OSCE/ODIHR’s report. The Statement of Eastern Partnership Civil Society Forum on NGO law amendments in Azerbaijan is a good indication of the regime’s oppressive approach to its own citizens – let alone giving voice and support to the hundreds of thousands of Ukrainians on Euromaidan square in Kiev, against their government.

The least the EU can do to help Ukraine in her transition, is to keep away from Azerbaijani caviar diplomacy and financial support.

Recalling the abovementioned, we hope that the EU will not turn away from its Democratic values and will take its decisions with precaution to cooperate with third countries in transition.

Kaspar Karampetian,

President

European Armenian Federation for Justice and Democracy

 

Ձերդ գերազանցութիւն,

Կարդալով այն լուրը, թէ Եւրոպական Միութիւնը իբր Ուքրանիոյ ճգնաժամի լուծում, կը պատրաստուի նիւթական աջակցութեան առաջարկ ներկայացնել՝ որ առաջարկուած էր Եւրոպական միութեան դեսպաններուն Եւրոպայի քաղաքական եւ անվտանգության յանձնախումբ փետրուար 3-ի նիստի ընթացքին, եւ որ այդ նիւթական աջակցութեան գումարը պիտի տրամադրուի խումբ նուիրատու երկիրներէ, որոնց մէջ է նաեւ Ատրպէյճանը, մեզ մեծ անակնկալ պատճառեց։ Շատ մեծ հիասթափութիւն է տեսնել Ատրպէյճանի անունը այնպիսի երկիրներու, ինչպիսին են Նորվեկիան, Ճափոնը, Ամերիկայի միացեալ նահանգները եւ Եւրոպական Միութիւնը, նոյն ցանկին վրայ։ Անկախ այն հանգամանքէն, թէ Ուքրանիոյ ճգնաժամի լուծումը ինչքան անհրաժեշտութիւն է ներկայիս, եւ ձեր դերը բարձր կը գնահատելի է, սակայն տեսնել Ատրպէյճանը ժողովրդավարութիւն պաշտպանող նուիրատու երկիրներու հետ նոյն ցանկին վրայ, պարզապէս անհեթեթութիւն է։

Եւրոպական միութիւնը յայտնի է իր խիստ հետևողականութեամբ ժողովրդավար եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան մէջ, եւ պարզապէս պէտք չէ թոյլ տալ բռնակալ երկրի մը հանդիսանալ նուիրատու, այլ երկրի մը մէջ ժողովրդավարութիւն հաստատելու գործին մէջ։

Ողջունելով Ուքրանիոյ ժողովուրդը ժողովրդավար սկզբունքներուն համար իր պայքարին մէջ, որուն Եւրոմիութիւնը նպատակ ունի օժանդակելու նաեւ նիւթապէս, դրամական միջոցները, նուազագոյնը, պէտք է ստանալ խումբ մը ժողովրդավար երկիրներէ, այլ ո՛չ թէ Ատրպէյճանի նման բռնապետական պետութենէ։ Հետեւաբար, այսպիսի ընտրութեան մը բարոյական չափանիշի վերաբերեալ հարցը պէտք դէ ձեզ զարմացնէ։

Արդէն պարզ է, որ Ատրպէյճանը կը փորձէ ոստում կատարել իր «խաւիարային դիւանագիտութեամբ» այլ մակարդակներու, դառնալով նուիրատու երկիր իր ընդլայնուած տարածաշրջանին համար։ Ժողովրդավարութիւն արտահանելու փոխարէն՝ Ատրպէյճան պէտք է նախ ժողովրդավարութիւն հաստատէ իր երկրին մէջ։

Քննարկելով պատժամիջոցներ Ուքրանիոյ իշխանաւոր խաւին դէմ, Եւրոմիութիւնը պատրաստ է օժանդակել նոյն երկրի ժողովրդավարական բարեփոխումները մէկ այլ երկրի փտածութեան մէջ գտնուող իշխանաւոր խաւի դրամական միջոցներով։

Կարեւոր կը համարենք անգամ մը եւս նշել միջազգային շարք մը յայտնի կազմակերպութիւններու, ինչպիսին են Freedom House եւ Transparency International-ը եւ իրենց զեկոյցները,  յիշելու համար Ատրպէյճանի իրական երեսը։ Դուք տեղեակ էք անցեալ տարուան նախագահական ընտրութիւններու խայտառակութիւնը, երբ արդիւնքները հրապարակուեցան քուէարկութենէն առաջ, ուր ներկայիս նախագահ Իլհամ Ալիեւը ստացաւ ձայներու 84%-ը։ Այս ընտրութիւններու OSCE/ODIHR-ի զեկոյցը հոս է։ Իսկ Ատրպէյճանի հասարակակա կազմակերպութիւններու շուրջ օրէնքի բարեփոխումները եւ փոփոխութիւններու վերաբերեալ օրինագծի առաջարկը, որուն շուրջ իր դիրքորոշումն արտայայտած է Արեւելեան համագործակցութեան քաղաքացիական հասարակութեան ֆորումը եւ Ատրպէյճանի մասնաճիւղի միջոցով, կը հանդիսանայ ստոյգ ապացոյց, թէ ինչպէս բռնապետական ռեժիմը կը վերաբերուի իր սեփական ժողովուրդին դէմ, մէկ կողմ դնելով Քիեւի Եւրոմայտանի հրապարակին շուրջ հաւաքուած հարիւր հազարաւոր ուքրանացիներու ձայնը եւ անոնց օժանդակելու խնդիրը ընդդէմ իրենց կառավարութեան։

Նուազագոյնը, որ Եւրոմիութիւնը կրնայ ընել Ուքրանիոյ համար փոխանցման այս շրջանին՝ զերծ մնալն է Ատրպէյճանի խաւիարային դիւանագիտութենէն եւ նիւթական աջակցութենէն։

Անգամ եւս յիշեցնելով վերոնշեալը՝ մենք յոյս կը յայտնենք, որ Եւրոմիութիւնը պիտի չդաւաճանէ իր ժողովրդավարական արժէքները զգոնութեամբ ընդունի իր որոշումները փոխանցման շրջանի մէջ գտնուող երրորդ երկիրներու հետ համագործակցիլը։

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբ,

Գասպար Կարապետեան,

նախագահ