Յունահայութիւնը նամակ յանձնեց Զուիցերիոյ կառավարութեան

Տողու Փերինչեքի հարցով՝ Յունահայութիւնը նամակ յանձնեց Զուիցերիոյ կառավարութեան

Յունաստանի մօտ Զուիցերիոյ դեսպան պրն. Լորենցօ Ամպերկին հետ հանդիպում մը ունեցաւ երէկ Հինգշաբթի 6 Փետրուար 2014ին, յունահայ գաղութը ներկայացնող քառանդամ պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն եպս. Տողրամաճեանի եւ մասնակցութեամբ Յունահայոց Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Արա Մանկոյեանի, անդամ տոքթ. Ստեփան Փափազեանի եւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէ տոքթ. Յակոբ Աւագեանի։
Հանդիպման նպատակն էր Զուիցերիոյ դեսպանին միջոցաւ իր երկրի կառավարութեան փոխանցել նամակ¬խնդրագիր մը, յունահայութեան անունով, պարզաբանելով հայութեան դիրքը՝ Լա Հէյի մէջ Մարդկային իրաւանց Եւրոպայի դատարանին որոշումին կապակցութեամբ, որ հատուցեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող Տողու Փերինչեքի բողոքարկու դիմումը, Զուիցերիոյ արդարադատութեան նախարարութեան դէմ:
Նամակը ստորագրուած է յունահայ գաղութի ազգային եւ միութենական բոլոր կառոյցներուն կողմէ։
Պատուիրակութիւնը յարգալիր ընդունելութեան արժանացաւ Զուիցերիոյ դեսպանին կողմէ, որ առիթը տուաւ մանրամասնօրէն ներկայացնելու հայութեան մտահոգութիւնները՝ կապուած Մարդկային իրաւունքներու Եւրոպայի դատարանի ծանօթ որոշման դէմ: Դիտել տրուեցաւ պրն. դեսպանին, թէ դատավճիռը բաւարար հիմնաւորում չունի, իսկ կարեւոր է շեշտել՝ որոշումը միաձայնութեամբ առնուած չըլլալու հանգամանքը։ Պատուիրակութեան անդամները դիտել տուին, թէ դատական ատեանը պարտի բաց քննարկումներու առիթ տալ եւ արդար դատավարութիւն կատարել, բոլոր կողմերուն տալով լսելի դառնալու իրաւունքը։
Յաւելեալ նշուեցաւ թէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ՝ պէտք չէ թոյլ տալ ժխտողականութեան յաղթարշաւի մը ընդարձակման, որ նոր ոգեւորութիւն պիտի յառաջացնէ ուրացողներուն մօտ:
Դեսպան Լորենցօ Ամպերկ յայտնեց թէ ինք քաջատեղեակ է հարցի էութենէն ու խոստացաւ արագօրէն փոխանցել նամակը իր երկրի կառավարութեան։
Դեսպան Ամպերկ իր կարգին յայտնեց, թէ լաւ կը ճանչնայ Հայաստանն ու հայութիւնը, անցեալին պաշտօնավարած ըլլալով որպէս Հայաստանի եւ Վրաստանի մօտ Զուիցերիոյ դեսպան (ան շեշտեց թէ նստավայրը Թիֆլիս էր, բայց ինք յաճախակի այցելութիւններ կուտար Երեւան)։ Պրն. դեսպանը հետաքրքրուեցաւ Սուրիոյ հայ գաղութի ներկայ իրավիճակով։
Յաջորդաբար տեղեկութիւններ փոխանցուեցան յունահայ գաղութի եւ կառոյցներու գործունէութեան շուրջ։ Ի մասնաւորի պրն. դեսպանը յաւելեալ հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ, իմանալով Զուիցերիացի հայասէրներու կողմէ հայկական ծերանոցին հանդէպ ցոյց տրուած հոգատարութեան մասին։
Կէս ժամ տեւած հանդիպումը աւարտեցաւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ։ Պատուիրակութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց պրն. դեսպանին, որ արագօրէն ընդառաջեց զինք այցելելու յունահայ գաղութի դիմումին եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց Զուիցերիոյ կառավարութեան անմիջապէս փոխանցելու իրեն յանձնուած նամակը։

«ԱԶԱՏ ՕՐ»