Հաղորդագրութիւն. Աւարտեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու հնգօրեայ համաժողովը

Լուրեր

Փետրուար 24-28, 2020, Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ գումարուեցաւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի յանձնախումբերու և գրասենեակներու համաժողովը։

Համաժողովին մասնակցեցան Հայ Դատի աւելի քան 20 յանձնախումբերէն և գրասենեակներէն, եւ Հ.Յ.Դ. կուսակցական մարմիններէն մօտ 50 ներկայացուցիչներ։

Համաժողովը քննարկեց Հայ Դատի աշխատանքներու ընթացքը 2019-ի Յունուարէն առ այսօր։ Լսեց զեկոյցներ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան մարտահրաւէրներու եւ ՀՀ ներքաղաքական իրավիճակի մասին։

Խորհրդաժողովի օրակարգին հիմնական կէտերն էին.

  • ՀՀ-ի ի նպաստ իրազեկման (լոբբիինգ) աշխատանքներ.
  • Պայքարը Արցախի իրաւական միջազգային ճանաչումին համար և Ազրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան դէմ. Արցախի բարեկամներու ցանցի աշխուժացում.
  • Աշխատանքներ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին և պահանջատիրական պայքարին ուղղութեամբ.
  • Ջաւախքի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ նախաձեռնութիւններ.
  • Նախիջեւանի հայկական ինքնութեան արծարծում միջազգային շրջանակներու մօտ.
  • Սեւրի դաշնագրի եւ Հայաստան-Թուրքիա սահմանին մասին Ուիլսոնեան իրաւարար վճիռի 100-ամեակի քաղաքական բովանդակութեամբ նշում.
  • Մոսկուայի եւ Կարսի դաշնագրերու 100-ամեակ. անոնց հետեւանքներու սրբագրութեան եւ վերացնելու ձեւերը.
  • Սուրիոյ, Լիբանանի, ընդհանրապէս Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան աջակցութիւն (Տեղւոյն վրայ եւ Հայաստանի մէջ).
  • Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու հնարաւորութիւններու զարգացում։

Համաժողովը իւրաքանչիւր հարցի մասին հանեց համապատասխան եզրակացութիւններ՝ յառաջիկայ գործունէութեան մասին։

Համաժողովը մտահոգութիւն արձանագրեց Արցախի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւններու ներկայ փուլին շուրջ ստեղծուած անորոշութիւններու գծով, եւ շեշտեց կարեւորութիւնը հայկական քաղաքական բոլոր ուժերու կողմէ վերահաստատումին թէ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը առաջնահերթութիւն է կարգաւորման գործընթացին մէջ։

Համաժողովին ողջոյնի ուղերձով հանդէս եկաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը, ով Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդը պարգեւատրեց «Երախտագիտութիւն» մետալով՝ «Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչմանն ուղղուած ակտիւ գործունէութեան, Արցախ-Սփիւռք կապերի ամրապնդման ու զարգացման գործում ներդրած նշանակալի աւանդի համար»։ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրանեանը ստանձնելով մետալը, յայտնեց, որ այն գնահատականն է ամբողջ Հայ Դատի համակարգի գործունէութեան։

Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդ
Երեւան, 29 Փետրուար 2020