ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 296 բանաձեւին որդեգրումէն մէկ օր ետք՝ 30 Հոկտեմբերին, Ծերակոյտի ղեկավարներ կոչ ըրին իրենց պաշտօնակիցներուն, որ նեցուկ կանգնին Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու նպատակով Ծերակոյտին ներկայացուած թիւ 150 բանաձեւին։
Արդարեւ, Ծերակոյտի դեմոկրատ փոքրամասնութեան ղեկավար Չաք Շումըր շեշտեց, որ անյապաղ պէտք է վաւերացնել նշեալ բանաձեւը, հակառակ անոր, որ «թուրքերը դժգոհ պիտի մնան» եւ աւելցուց. «Ճշմարտութիւնը երբեմն կը ցաւցնէ»։ Շումըր աւելցուց, որ կարելէ չէ ցեղապսնաւթիւն մը ճանչնալ, իսկ ուրիշ մը անտեսել։
Բանաձեւը ճանչնալու ի նպաստ յայտարարութիւններ կատարեց նաեւ ծերակուտական եւ նախագահական թեկնածու Էլիզապեթ Ուորըն, որ գրեց. «Մեսեչուսեցի ամերիկահայ համայնքին հետ կը տօնեմ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին որդեգրումը»՝ յիշեցնելով, որ ինք արդէն իսկ թիւ 150 բանաձեւին հովանաւորողներէն մէկն է։
Ծերակուտական Քրիս Վեն Հոլըն եւս Ներկայացուցիչներու տան օրինակով Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը ընդունելու կոչ ըրաւ իր պաշտօնակիցներուն։
Ծերակուտականներ Պապ Մենենտեզի եւ Թետ Քրուզի ներկայացուած թիւ 150 բանաձեւը ցարդ 20 հովանաւորներ ունի։