Ուրբաթ՝ 11 Հոկտեմբեր 2019ին, Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատի դահլիճին մէջ սկսաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի եւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան համակազմակերպումով իրագործուող՝ «Համագործակցութիւն յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան» խորագրով Արցախի բարեկամներու համաժողովը:
Յատկապէս ժողովին մասնակցելու եւ իրենց գործնական աջակցութիւնը Արցախի ժողովուրդին ցոյց տալու համար, Յունաստանի Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, յոյն քաղաքական եւ ակադեմական դէմքերէ բաղկացած հնգանդամ պատուիրակութիւն մը Արցախ կ’այցելէ։
Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Սերէսի Վիսալթիաս շրջանի քաղաքապետ Աթանասիոս Մասլարինոս, հելլէն խորհրդարանի նախկին երեսփոխան Վուլա Թեքթոնիտու, Պեղոպոնէսի համալսարանի դասախօս Մարինա Էլէֆթէրիատու, Թեսաղոնիկէի մէջ իրաւաբան Արայիկ Մանուկեան եւ լրագրող Ռաֆա Փանատէրօ։ Պատուիրակութեան կ’ընկերակցի Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ ընկ. Խաչիկ Խաչատուրեան։
Համաժողովի բացումը կատարեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան: Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ուղերձ յղեց համաժողովի մասնակիցներուն:
Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Համաժողովի համակազմակերպիչներ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան:
Յունաստանէն Արցախ այցելող պատուիրակութիւնը առիթը պիտի ունենայ առանձնակի շփումներ կատարելու Արցախի մէջ։