ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի 2019ի Ամառնային վարժողական ծրագիրին մասնակցողները՝ Արեգ Ճանկէօզեան եւ Սարնել Անթապեան, ընկերակցութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Արսէն Շիրվանեանի, առիթը ունեցան օրէնքի եւ արդարութեան վերաբերող հարցերու մօտէն ծանօթանալու, հանդիպումներ ունենալով այդ մարզի շարք մը արհեստավարժներու հետ։
Արդարեւ, անոնք նախ մտերմիկ խորհրդակցութիւններ ունեցան Լոս Անճելըս գաւառի Գերագոյն ատեանի դատաւոր Զաւէն Վ. Սինանեանի հետ, քննարկելով իրաւաբանական մասնագիտութեան հետեւելու կարելիութիւնները եւ մարտահրաւէրները։
Ճանկէօզեան եւ Անթապեան նաեւ առիթը ունեցան հետեւելու դատաւոր Վիքթորիա Պետրոսեան-Ուիլըսի դատավարութիւններէն մէկուն։
Վարժողական ծրագիրին մասնակցողները նաեւ այցելեցին Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի Իրաւաբանական բաժանմունքը, խորհրդակցութիւններ ունենալով հոն գործող Մարդկային իրաւանց «Խոստումը» հիմնարկի վարիչ Ճեսիքա Փիքի հետ։
Անոնք նաեւ հանդիպում մը ունեցան իրաւաբան Այգ Տիքիճեանի հետ, քննարկելով աշխատաւորներու իրաւանց վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ հարցազրոյց մը ունեցան Սան Ֆրանսիսքոյի շրջանային դատախազ Ճորճ Կասքոնի անձնակազմի փոխղեկավար Ալեքս Հրակ Պասթեանի հետ։
Վարժողական ծրագիրին մասնակցողները նաեւ իրաւաբանական վարժարաններ դիմելու գծով խորհրդակցութիւններ ունեցան իրաւաբանական «Քոլանթունօ, Հայսմիթ եւ Ուաթլի» հիմնարկէն Ալեքսան Կիրակոսեանի հետ, որ նաեւ Հայ իրաւաբանական միութեան ուսանողական հարցերու յանձնախումբին համաատենապետն է։