Հելլէն խորհրդարանի Ա. փոխ նախագահ Նիքիթաս Քաքլամանիսին հետ հանդիպում մը ունեցան խորհրդարանի իր գրասենեակէն ներս, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան եւ Խաչիկ Ապարեան, Հինգշաբթի 1 Օգոստոս 2019ի առաւօտեան։
Յանձնախումբի անդամները շնորհաւորեցին պրն. Քաքլամանիսը Յունաստանի խորհրդարանի Ա. փոխ նախագահի պաշտօնին ընտրուելու առիթով եւ բեղուն ու արդիւնաշատ աշխատանք մաղթեցին իրեն։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Յունաստանի հայ համայնքին վերաբերող հարցեր, ինչպէս եւ հայ-յունական յարաբերութիւններու ամրապնդման ու հետագայ զարգացման ուղիներ։ Պրն. Քաքլամանիս հայ-յոյն ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութեան եւ սեղմ համագործակցութեան հաստատ կողմնակիցը եղած է, իր քաղաքական կեանքի բոլոր հանգրուաններուն։