ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանը միաձայնութեամբ (59-0) վաւերացուց թիւ 1320 բանաձեւը, որ կը պահանջէ նահանգային ներդրումները ետ քաշել Թուրքիայէն:
Յիշեցնենք, որ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտը եւ խորհրդարանը 2018ին վաւերացուցած էին նման բանաձեւ մը (թիւ 1597), սակայն նահանգապետ Պրաուն վեթոյի ենթարկած էր զայն։
Նահանգային խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած նոր բանաձեւին անդրադառնալով, խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեան դարձեալ շեշտեց, թէ բանաձեւը կապ ունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու՝ Թուրքիոյ նենգ քաղաքականութեան, յոյժ կարեւոր նկատելով ուրացման ջանքերը պատժելը:
Բանաձեւը կ՛առաջադրէ նահանգի ներդրումները ետ քաշել Թուրքիայէն՝ իբրեւ հակազդեցութիւն Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Անգարայի վարքագիծին: Անիկա յատկապէս կ՛արգիլէ Քալիֆորնիոյ պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու թոշակներու հիմնադրամներուն (CalPERS Cal-STRS) որեւէ ներդրում կատարել թրքական կառավարութեան պատկանող կամ անոր կողմէ կառավարուող կամ անոր հետ աղերս ունեցող տնտեսական ձեռնարկութիւններու մէջ: Բանաձեւին մէջ կը շեշտուի նաեւ, որ Թուրքիա Քալիֆորնիոյ կատարած ներդրումներէն յատկանշական շահեր կ՛ապահովէ, եւ որ Ցեղասպանութիւնը ուրանալու ջանքերուն առնուազն մէկ մասը կը հովանաւորուի նշեալ ներդրումներուն պատճառած շահերով:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ, իրաւաբան Նորա Յովսէփեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ատրին Նազարեանին, որ դարձեալ կրցաւ միաձայնութեամբ ապահովել բանաձեւին վաւերացումը՝ յոյս յայտնելով, որ Ծերակոյտը եւս բանաձեւը արագօրէն կը վաւերացնէ։ Ան յիշեցուց, թէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը վերջին քանի մը տարիներուն, այս արշաւին (#DivestTurkey) համար մօտէն կը գործակցի ՀԵԴի, Հայ ուսանողական միութիւններու եւ Քալիֆորնիոյ նահանգի օրէնսդիր մարմինին հետ:
Հայոց Ցեղասպանութիւնը շարունակաբար հերքող Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրառելու սոյն քայլը մշակուած էր Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան եւ Հայ ուսանողական միութիւններուն կողմէ, որոնք ապահովեցին անոր վաւերացումը՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի 9 մասնաճիւղերուն մէջ:
asbarez.com