Կազմակերպութեամբ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին, Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2019-ին Օթթաուայի մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաք եւ քայլարշաւ, մասնակցութեամբ Թորոնթոյէն, Գեմպրիճէն, Լաւալէն, Մոնթրէալէն եւ այլ վայրերէ աւելի քան 1000 հայորդիներու: Գանատայի Խորհրդարանին դիմաց հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին յոյն, հրեայ, ասորի եւ ռուանտացի համայնքներու պատուիրակութիւններու անդամներ, որոնք եկած էին իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու Հայ Դատին:
Գանատայի թրքական համայնքը եւս, նոյն պահուն, Խորհրդարանին դիմաց կազմակերպած էր հակացոյց, որուն կը մասնակցէին սակաւաթիւ թուրքեր եւ ազերիներ՝ իրենց պետական դրօշակներով: Հայ եւ թուրք համայնքներուն միջեւ անցարգելներ զետեղուած էին, եւ ոստիկանութիւնը կը հսկէր միջոցին:
Պաշտօնական հանդիսութեան հանդիսավարն էր Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գործավար Սեւակ Պէլեան, որ ողջունեց բոլոր ներկաները, ինչպէս նաեւ պետական անձնաւորութիւններն ու հոգեւորական դասը։ Գանատական եւ հայկական քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք հանդիսավար Պէլեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը մէկուկէս միլիոն մեր նահատակներուն: Հայ Դատի յանձնախումբի խօսքը փոխանցեց Լոռի Զաքարեան, որ անգլերէն եւ ֆրանսերէն իր խօսքին մէջ դատապարտելէ ետք Թուրքիոյ կառավարութեան ժխտողական քաղաքականութիւնը, անդրադարձաւ Գանատայի կառավարութեան Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին եւ յայտնեց, թէ Գանատան պէտք է օրինակ դառնայ այլ պետութիւններու, որոնք տակաւին կեցուածք չեն որդեգրած Հայ Դատին հանդէպ, յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան:
Յաջորդաբար խօսք առին Գանատա-Հայաստան Խորհրդարանական Խմբակցութեան ատենապետ, երեսփոխան Պրայըն Մէյ, դաշնակցային երեսփոխաններ Ֆայսալ Էլ-Խուրի, Պապ Սարոյա, Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Անտրու Շիր, Ալեքսանտր Պուլերիս, հրէական համայնքի ներկայացուցիչ Ռիչըրտ Մարսօ, Գանատական Հելլենիստական Քոնկրէսի նախագահ դոկտ. Թէոտոր Հալացիս, Ռուանտական համայնքի ներկայացուցիչ Ղիսլէն Շէմ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս տիար Արա Մկրտչեան, որոնք նախ բարձր գնահատեցին հայ համայնքին եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին վճռակամութիւնը՝ պահանջատիրութեան ամբողջ 104 տարիներուն ընթացքին, ապա վերածնունդն ու Գանատայի ընկերային ու քաղաքական կեանքին մէջ իրենց ներդրումը, ապա խստօրէն դատապարտեցին Թրքական կառավարութիւնը եւ հրաւիրեցին զայն՝ առերեսուելու իր անցեալին հետ, արդարութեան եւ խաղաղութեան հաստատման ի խնդիր:
Գանատայի Հայոց Թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեանի «Պահպանիչ»ով վերջ գտաւ հաւաքը, որմէ ետք ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին եւ Սկաուտական կազմին առաջնորդութեամբ հոծ բազմութիւնը ուղղուեցաւ դէպի թրքական դեսպանատուն, ուր խօսք առաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Մանուկ Ալէմեան: Ան իր խօսքին մէջ վերանորոգեց հայ նոր սերունդին ուխտը՝ շարունակելու հայ ժողովուրդի պայքարն ու պահանջատիրութիւնը, մինչեւ մեր գերագոյն նպատակի իրականացումը՝ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտումը:
Թրքական դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր, մասնակցութեամբ Միրիամ եւ Վազգէն Հապիպի եւ յեղափոխական երգերու մեկնաբան Ճորճ Թիւթիւնճեանի: Գանատայի Խորհրդարանի նախկին խօսնակ Տէյվիտ Ուորնըրի խօսքով վերջ գտաւ ձեռնարկը, մինչ՝ թուրք ցուցարարներ, անցարգելներու միւս կողմը կը շարունակէին հայատեաց ու չազմատենչ ելոյթներով ու պաստառներով խափանել հայկական կողմի հաւաքը:
Նշենք, որ առաւօտեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն այցելեցին ՀՅԴ Պատանեկան Միութեան անդամները եւ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք Առաջնորդ Սրբազան Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ հիւպատոս Արա Մկրտչեանի հետ, դեսպանատան «Յաւերժական Հայաստան» յուշարձանին մօտ աղօթքով ոգեկոչեցին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
Նկարները՝ այստեղ