Լեռնիկ Յովհաննիսեանի Հանդիպում` Զոի Գոնսթանտոփուլուի հետ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ նախապէս դասաւորուած հանդիպումներու շարքի ծիրէն ներս, Արցախի Հանրապետութեան Մշակոյթի, Երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարար պ. Լեռնիկ Յովհաննիսեան, Երեքշաբթի 19 Մարտ 2019ի երեկոյեան, հանդիպում ունեցաւ «Փլէֆսի Էլէֆթէրիաս» կուսակցութեան նախագահ Զոի Գոնսթանտոփուլուի հետ։
Հանդիպման ներկայ էին Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ ընկ. Գասպար Կարապետեան եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի ընկերները։
Պրն. նախարարը իր զրուցակիցի ուշադրութեան յանձնեց Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի յարձակումները, անընդհատ հնչող ուժի կիրառման սպառնալիքները եւ հրադադարի յաճախակի խախտումները, ինչպէս նաեւ ռազմական այս յարձակողապաշտութեան դէմ՝ սեփական ժողովուրդի անվտանգութիւնը պաշտպանելու պարտականութիւնը։
Երկուստեք դիտել տրուեցաւ միջազգային հանրութեան պատասխանատուութիւնը տարածաշրջանէն ներս խաղաղութիւնը ապահովելու գործին կապակցութեամբ։
Տիկին Գոնսթանտոփուլու իր կարգին, իր անվերապահ աջակցութիւնը յայտնեց Արցախի հերոսական պայքարին, հաստատեց Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը՝ ջատագովելով արցախահայութեան վճռակամութիւնը եւ արժանապատուութեամբ ապրելու վեհ կեցուածքը։
Ան յիշեցուց, թէ 2015ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչական նշումներուն առիթով Հայաստան այցելած էր, Յունաստանի խորհրդարանի նախագահի պաշտօնով եւ մասնակից եղած էր Ցեղասպանութեանց կանխարգիլման միջազգային վեհաժողովին, յատուկ նախաձեռնութիւն վերցնելով Հայերու, Յոյներու եւ Ասորիներու Ցեղասպանութեանց միջազգային ճանաչման գծով։
Լեռնիկ Յովհաննիսեանի Հանդիպում՝ Վիրոնայի քաղաքապետին հետ
Ընդառաջելով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայ Դատի Յանձնախումբի հրաւէրին՝ Յունաստան իր այցելութեան շրջագիծէն ներս, Արցախի Հանրապետութեան Մշակոյթի, Երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարար պ. Լեռնիկ Յովհաննիսեան Երեքշաբթի 19 Մարտ 2019ին, հանդիպեցաւ Աթէնքի արուարձաններէն Վիրոնայի քաղաքապետ պ. Ղրիղորիս Քաթոփոտիսի հետ:Ներկայ էր Վիրոնայի փոխ քաղաքապետ տիկին Լեմոնիա Քլոնարի, որ Մշակոյթի ու Երիտասարդութեան փոխ քաղաքապետն է։
Պրն. նախարարին կը ընկերակցէին Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ Աթէնքի Հ.Յ.Դ. Կոմիտէի ընկերները։
Շատ բարեկամական հանդիպման ընթացքին, պրն. քաղաքապետը ընդգծեց շրջանի մէջ հայութեան երկար տարիներու աշխուժ ներկայութիւնը ու կարեւորեց համագործակցութիւնը՝ հասարակաց հարցերու կապակցութեամբ։
Պրն. Նախարարը իր կարգին, ծանօթացուց պրն. քաղաքապետին Արցախի Հանրապետութեան վերաբերեալ վերջին զարգացումներու հարցերը եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Վիրոնայի քաղաքապետարանի եւ անձնապէս քաղաքապետի աջակցութեան՝ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի պայքարին:
azator.gr