«Մեր Արցախը. Միջազգային ճանաչման ճամբուն վրայ» բնաբանով ձեռնարկ՝ Յունաստանի Լրագրողներու Միութեան Տան մէջ
Համահայկական առաջնահերթութիւն եղող Արցախի հարցի մասին խօսեցան Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լ. Յովհաննիսեան եւ Փանտիօ համալսարանի միջազգային քաղաքականութեան ծանօթ դասախօսներ Ա. Լանկիտիս եւ Խ. Եալուրիտիս։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի՝ 20 Մարտ 2019ին, երեկոյեան ժամը 6։30ին, Յունաստանի Լրագրողներու Միութեան Տան (ΕΣΗΕΑ) սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Մեր Արցախը. Միջազգային ճանաչման ճամբուն վրայ» բնաբանով ձեռնարկ, ուր ելոյթներով հանդէս եկան Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, Փանտիօ Համալսարանի միջազգային գիտութեանց արեւելեան բաժանմունքի ծանօթ դասախօսներ Աֆենտուլիս Լանկիտիս եւ Խրիսթոտուլոս Եալուրիտիս։ Ձեռնարկի համադրումը եւ թարգմանութիւնը կատարեց ընկ. Արաքսի Աբէլեան-Գոլանեան։
Ձեռնարկին ներկայ եղան յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան, Յունաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան փոխ- դեսպան Ալեքսանդր Սարգսեան, Յունաստանի խորհրդարանի նախկին փոխ-նախագահներ Զոյի Գոնսթանտոփուլու եւ Ափոսթոլոս Գաքլամանիս, նախկին նախարարներ եւ խորհրդարանականներ Փանաեոթիս Քուրուպլիս, Օլղա Քեֆալոյանի, Գոսթաս Կիւլեքաս, Վասիլիս Միխալոլիաքոս, ինչպէս նաեւ Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկ. Լիզա Աւագեան, Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Սերգօ Գույումճեան եւ անդամները, յունահայոց Ազգային Վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեան եւ անդամները, Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան, Հայ Կապոյտ Խաչի, «Համազգային»ի եւ Հ.Մ.Ը.Մի Շրջանային Վարչութեանց ատենապետներ ու անդամներ, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, լրագրողներ եւ համալսարանական ուսանողներ։
Ձեռնարկին սկիզբը ցոյց տրուեցաւ Արցախի հարցին մասին պատմական տուեալներով ու ներկայ իրավիճակին անդրադարձող Artsakh. History and Conflict հետաքրքրական երիզը, որ յունարէնի ենթախորագրերով պատրաստուած էր, յատկապէս ձեռնարկին ցուցադրուելու համար։
Ապա՝ բացման խօսքը Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ կատարեց ընկ. Արաքսի Աբէլեան-Գոլանեան, որ անդրադարձաւ ձեռնարկի կազմակերպումին ու Արցախի նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանի Յունաստան այցելութեան մանրամասնութիւններուն՝ հանրութեան յայտնելով, թէ ձեռնարկի կազմակերպումը նախապէս համաձայնեցուած էր կայանալու Փանտիօ Համալսարանէն ներս, այսուհանդերձ՝ տհաճ միջամտութիւններու եւ ճնշումներու ենթարկուելով համալսարանը, իր ռեքթորին կողմէ փոխանցուած արգելքով՝ ետ քաշեց իր թոյլտուութիւնը։ Այս զարգացումին վրայ որոշուեցաւ ձեռնարկը կազմակերպել Յունաստանի Լրագրողներու Միութեան Տան մէջ, գաղափարներու ու ազատ խօսքի շրջանառութեան խորհրդանշական այս կարեւոր հիմնարկէն ներս։
Արցախի միջազգային ճանաչումը պիտի ապահովէ խաղաղ կարգաւորման գործի ընթացքին անշրջելիութիւնը
Արցախը հայութեան համար կարեւոր հիմնահարց ու համահայկական առաջնահերթութիւն է,- ըսաւ զրուցավար ընկերուհին, որ խօսեցաւ Արցախի իրողական անկախութեան միջազգային օրինականութեան ապահովման անհրաժեշտութեան եւ Արցախի ժողովուրդին ազատ ինքորոշման իրաւունքին մասին, ապա՝ խօսքը փոխանցեց երկու յոյն հրաւիրեալ դասախօսներուն, որոնք անդրադարձան Արցախի ժողովուրդի արդար պայքարին, զէնքի ուժով՝ իրաւունք պարտադրելու Ատրպէյճանի թիւր ճիգերուն, մանրամասնօրէն քննարկեցին Թուրքիոյ դերակատարութիւնը տարածաշրջանէն ներս ու խօսեցան Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի ուժերու յարաբերակցութեանց մասին։
Արցախի Հանրապետութեան մշակութային, զբօսաշրջութեան բնագաւառներու զարգացման ու երկրի միջազգային ճանաչման հեռանկարներուն մասին խօսեցաւ նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան:
Պրն. նախարարը ընդգծեց Հայաստանի ու Արցախի մէջ ապրող յունական ծագումով քաղաքացիներու հարցը՝ յայտնելով, թէ Արցախի մէջ 19րդ դարու 1840ական թուականներէն արդէն ձեւաւորուած էր յունական փոքրիկ համայնք, որ ապրած է ու կը շարունակէ ապրիլ իր հետաքրքրական առօրեայով՝ մասնակից մնալով Արցախի հասարակական կեանքին: Ան խօսեցաւ Արցախի Մեհմանա գիւղին մէջ բնակող յոյներուն մասին, ինչպէս եւ լրագրական ու այլ աշխատանքներով զբաղող յոյներուն մասին, որոնք նոյնպէս ենթարկուած են Ատրպէյճանի բռնաճնշումներուն ու հալածանքներուն։ Պրն. նախարարը անդրադարձաւ Արցախ-Յունաստան յարաբերութիւններուն, զորս կարելի է աւելի ամրապնդել՝ կրթութեան, մշակոյթի, զբօսաշրջութեան բնագաւառներէն ներս արդիւնաւէտ գործակցութեամբ: «Մենք պատրաստ ենք փոխ-գործակցութեան, բաց ենք կառուցողական առաջարկներու քննարկման ու նախագիծներու իրականացման համար»,- յայտնեց պրն. նախարարը:
Իրեն ուղղուած հարցումներուն պատասխանելով՝ ան նշեց Արցախի անկախութեան ու հողային ամբողջականութեան պահպանման եւ անոր ժողովրդային ու տարածքային միասնութեան անվտանգութեան հարցի կարեւորութիւնը: Դեռ աւելին՝ Արցախի միջազգային ճանաչումը լրացուցիչ խթան պիտի հանդիսանայ Արցախի պետականութեան եւ, մասնաւորապէս, երկրի ժողովրդավարական կառոյցներու հետագայ զարգացման ու ամրապնդման՝ դրական իր ազդեցութիւնը բերելով Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ հակամարտութեան կարգաւորման վրայ: