Հայ Դատի ներկայացուցիչները հանդիպեցան Արցախի աջակից խորհրդարանի անդամ Տօն Տէյվիսի եւ Նոր Դեմոկրատներու ղեկավար Ճակմիտ Սինկի հետ

19 Յունուար 2019-ին, Վանգուվըրի մէջ Գանատայի Արեւմտեան Շրջանի Հայ Դատի յանձախումբի ատենապետ Յակոբ Տէր Յակոբեան  եւ  յանձնախումբի անդամներ՝ Կարին Սաղտճեան, Վարուժան Պասմաճեան եւ Մեղրիկ Սիւլահեան հանդիպում ունեցան Գանատայի Խորհրդարանի անդամ,  Գանատայի խորհրդարանական պատուիրակութեան Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի անդամ (PACE) Տօն Տէյվիսի եւ Գանատայի Նոր Դեմոկրատ կուսակցութեան  ղեկավար` Ճակմիտ Սինկի հետ:

Հայ Դատի պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց Գանատայի Խորհրդարանի անդամ Տօն Տէյվիսի թեկնածութիւնը Գանատայի Դաշնակցային Խորհրդարանի 2019-ի ընտրութիւններուն, ինչպէս նաեւ Նոր Դեմոկրատ կուսակցութեան ղեկավար Ճակմիտ Սինկի թեկնածութիւնը Հարաւային Պըրնըպիի մասնակի ընտրութիւններուն: Պատուիրակութիւնը յայտնեց, թէ կ’ակնկալէ անոնց շարունակական աջակցութիւնը Գանատայի հայ համայնքին եւ յատկապէս Արցախի առկայ հարցերուն:

Նշենք, 2018-ի Մայիսին Տօն Տէյվիս Գանատայի խոհրդարանին մէջ ելոյթով մը անդրադարձած էր Արցախի ժողովուրդին ազատ ինքնորոշման իրաւունքին եւ Արցախի խնդրի արդար եւ խաղաղ հանգուցալուծման անհրաժեշտութեանց: