Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբը մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան Ուխտի յոբելեանի հանդիսութեան

Կիրակի 9 Դեկտեմբերին, Մոնթրէալի Գոնգորտիա համալսարանին մէջ նշուեցաւ ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան Ուխտի 70-ամեակը, «Ցեղասպանութեան կանխարգիլման միջազգային օր»ուան ծիրին մէջ: Ձեռնարկի կազմակերպիչներն էին՝ Գոնգորտիայի «Montreal Institute for Genocide and Human Rights Studies – MIGS»ը, Գանատայի Մարդկային Իրաւանց Թանգարանը, Մոնթրէալի Ողջակէզի թանգարանը, «Ռաուլ Ուոլընպըրկ» մարդկային իրաւանց հիմնարկը եւ Մոնթրէալի «Alliance for Genocide Awareness and Remembrance – AGAR» կազմակերպութիւնը: Վերջինին իբրեւ հիմնադիր անդամ՝ Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ այս միջոցառման իրականացման: Այսօրինակ միասնական միջոցառում աւանդաբար տեղի կ’ունենայ Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակէն ի վեր, ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան Ուխտի որդեգրման օրուան առթիւ:

Ձեռնարկի գլխաւոր բանախօսն էր Գանատայի արդարադատութեան նախկին նախարար Ալան Ռաք: Ան յատուկ կերպով կանգ առաւ մեր դարուն տակաւին գոյութիւն ունեցող ցեղասպանութեանց ուրուականին վրայ ու շեշտեց անոնց կանխարգիլման ու պատժական քայլերու իրականացման հրամայականը: Խօսք առաւ նաեւ Գանատայի խորհրդարանի պատգամաւոր Էմանուելա Լամպրոփուլոս, որ վեր առաւ հայկական ցեղասպանութենէն ետք աւելի քան հարիւր հայ որբեր որդեգրելու “Georgetown Boys”ի Գանատայի օրինակը:

Միջոցառման երկրորդ բաժնով, լրագրող Սոֆի Լանկլուայի վարումով, տեղի ունեցաւ ասուլիս՝ Ռուանտայի թութսիներու եւ հրէական ցեղասպանութեանց վերապրողներու մասնակցութեամբ: Ձեռնարկի աւարտին խօսք առին MIGS-ի գործադիր տնօրէն Քայլ Մաթիւզ եւ AGAR-ի անունով՝ Ժագ Ռուիրանկիրա: Երկուքն ալ շեշտեցին հայ համայնքի ու Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնական դերը՝ Մոնթրէալի «Քայլարշաւ՝ յանուն Մարկութեան» տարեկան կայացման եւ ցեղասպանութիւն ապրած համայնքներու ուժերու մէկտեղման գործին մէջ: