(INSTITUT TCHOBANIAN) Après Paris le 16/11 et Décines le 17/11, Yaïr Auron accompagné de Varoujan Sirapian (Institut Tchobanian) et Harout Mardirossian (CDCA) est arrivé à Marseille le samedi 18 novembre pour la présentation/dédicace de son livre “Israël et le génocide des Arméniens“.
Profitant de son passage à Marseille Yaïr Auron a visité l’association ARAM, une véritable ruche où sont conservés, archivés, numérisés nombreux documents, journaux, livres, revues… concernant la mémoire collective de la communauté arménienne de France et d’ailleurs. Fondée par Garbis Artin, aujourd’hui disparu, l’association est actuellement présidée par Jacques Ouloussian.
Dans la soirée une quarantaine de personnes ont assisté à la conférence du professeur Auron, animée par Harout Mardirossian, poser des questions et faire dédicacer le livre.
La tournée du professeur Auron continuera jusqu’au 22 novembre ; lundi 20 à la MCA de Paris, mardi 21 chez Medem et mercredi 22 au Centre culturel A. Manoogian.
Le professeur Yaïr Auron invité du CNMA
(INSTITUT TCHOBANIAN) Pour sa deuxième conférence en France pour présenter son livre « Israël et le génocide des Arméniens » Yaïr Auron était l’invité du Centre National de la Mémoire Arménienne à Décines, le vendredi 17 novembre.
Après le mot de bienvenu de Daniel Mgrditchian, responsable du CNMA, Harout Mardirossian a animé le débat avec une brève introduction devant un public venu nombreux.
Le professeur Yaïr Auron a parlé longuement de l’aspect moral, inacceptable selon lui, de la non reconnaissance du génocide des Arméniens, non seulement par l’Etat d’Israël mais aussi par le monde universitaire israélien. « Il est inadmissible qu’il n’y ait pas un mot ou une image au Yad Vashem concernant les autres génocides » a-t-il dit.
Après environ trois quarts d’heure d’intervention le professeur Auron a répondu à de nombreuses questions du public.
La soirée s’est terminée par une séance de dédicace.
La prochaine étape sera la conférence à l’école Hamazkayin de Marseille, le 18 novembre au soir.
Conférence/dédicace de Yaïr Auron au Cercle Bernard Lazare
(INSTITUT TCHOBANIAN) La salle de conférence du Centre Bernard Lazare (CBL), dans Paris 3ème, était pleine à craquer ce jeudi 16 novembre avec près de 100 personnes venues écouter le professeur Yaïr Auron.
Organisée conjointement par l’Institut Tchobanian et CBL la soirée était consacrée au nouveau livre de Yaïr Auron « Israël et le génocide des Arméniens » publié récemment chez SIGEST.
Il y avait aussi sur le comptoir son précédent livre « Sauveurs et combattants » consacré à la famille Aznavour qui avait sauvé 11 personnes dont 3 juifs pendant la Deuxième Guerre à Paris sous occupation nazie.
Après les mots d’introduction du président du CBL, Joel Rochard, le professeur Auron a parlé longuement des approches différentes de la société civile israélienne et de l’Etat vis-à-vis de la reconnaissance du génocide des Arméniens par le gouvernement israélien.
Après de nombreuses questions et réponses une séance de dédicace à clôturé la soirée.
Invité en France par l’Institut Tchobanian et le CDCA (Comité de défense de la cause arménienne) Yaïr Auron continuera sa tournée en passant par Décines et Marseille pour revenir à Paris Dimanche 19 novembre pour encore trois conférences et l’enregistrement de deux émissions, à la radio Aypfm et sur TV5.
Հրէական կեդրոնին մէջ ցեղասպանագէտ Եայիր Օրոն ներկայացուց «Israël et le Génocide des Arméniens» հատորը
(ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ) Ցեղասպանագէտ փրոֆ. Եայիր Օրոնի «Israël et le Génocide des Arméniens» խորագրեալ վերջին հատորը լոյս տեսած է «Sigest» հրատարակչատունէն, 2017-ին։ Այս առիթով, «Չօպանեան» հիմնարկին եւ Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ հեղինակը Ֆրանսա հրաւիրուած է զանազան շրջաններու մէջ (Փարիզ, Տէսին, Մարսիլիա եւ Լիվրի-Կարկան) դասախօսութիւններու շարք մը ներկայացնելու, որոնցմէ առաջինը կայացաւ մայրաքաղաքի 3-րդ թաղամասը գտնուող «Cercle Bernard Lazare» հրէական կեդրոնին մէջ, Հինգշաբթի Նոյեմբեր 16, ժամը 20.30-ին։ Հոս, յիշեցումի համար փակագիծ մը բանալով ըսենք, թէ վերոնշեալ հրէական կեդրոնը ստեղծուած է ձախակողմեան մտայնութեան տէր խումբ մը Հրեաներու կողմէ, որոնք «Մերէց» կուսակցութեան կողմնակիցներ են։ Պերնար Լազար 19-րդ դարու վերջը եւ 20-րդ դարու սկիզբը (1865-1903) ապրած հրեայ անիշխանական (anarchiste) մտաւորական մըն է, որու պատրաստած նիւթերու հիման վրայ Էմիլ Զոլա հրատարակած է նշանաւոր «J’accuse…!»-ը, որ ինչպէս ծանօթ է՝ Տրէյֆիւս սպայի անպարտ արձակման համար ցեղապաշտութեան դէմ արտայատուող կարեւորագոյն յօդուածն էր։ Պէտք է ըսել, թէ Լազար Հայերու ջարդերու առիթով նաեւ սկզբունքային կեցուածք ունեցած է եւ 1902-ին «Pro Arménia»-ի մէջ քննադատած է Պազէլի մէջ կազմակերպուած սիոնիստներու համագումարը, որուն ընթացքին սիոնիստական շարժումը ողջունած էր Ապտիւլ Համիտ Բ.ը։ Լազար հարց կու տար. «ինչպէ՞ս կարելի է հալածուած հին ժողովուրդ մը սպաննողը եւ անոր արիւնով գրուած պատմութեան գլխաւոր պատասխանատուն բարեւել ու ողջունել։ Դուք իրաւունք չունիք անպատուելու ժողովուրդի մը գոյատեւումը»։
Երեկոյթին ներկայ էին վերոնշեալ կեդրոնի անդամները եւ խումբ մը փարիզահայեր։ Դասախօսութեան համար այս կեդրոնին ընտրութիւնը հետաքրքրական էր, որովհետեւ ատով հայ-հրէական յարաբերութիւններու քննարկումի նոր դաշտ մը կը բացուէր։
Ե. Օրոն կը բնակի հրէական գիւղի մը մէջ, ուր կը գոյակցին Հրեաներ եւ Արաբներ։ Naveh Shalom-ը Իսրայէլի միա՛կ համայնքն է, ուր այս երկու ժողովուրդները քով-քովի համերաշխ կ՚ապրին, ապացոյց մը համակեցութեան կիրարկելիութեան։ Փրոֆ. Օրոն Թէլ-Ավիվի համալսարանի դասախօս է, միաժամանակ հեղինակ՝ Հայոց ցեղասպանութեան մասին բազմաթիւ գիտական աշխատութիւններու։ Ըստ իրեն՝ Հայերու ջարդը որքան որ կը հետաքրքրէ Հայերը, նո՛յնքան ալ՝ Հրեաները։ Կ՚ըսէ, թէ հրէական ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններն ու մտաւորականութեան զգալի մասը յաճախ կը քննադատեն Իսրայէլի պետութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս չճանչնալու կեցուածքը։ Դասախօսութեան ընթացքին յարգելի փրոֆէսէօրը դառնութեամբ նշեց, թէ Իսրայէլի մէջ միա՛յն Շօան է որ իբրեւ ցեղասպանութիւն կը ճանչցուի։ Ըստ իրեն մտաւոր յեղափոխութիւն մըն է համալսարաններու մէջ դասաւանդել եւ ուսուցանել բոլոր ցեղասպանութիւններուն պատմութիւնները, նկատի ունենալով որ Իսրայէլի պետական մտածողութեան մէջ միւս ցեղասպանութիւնները իբրեւ այդպիսին չեն նկատի առնուիր։ Երկար տարիներ դասաւանդելէ ետք Շօայի մասին, որոշած է հաստատել դասընթացք մը, որ կը կոչուի «Ցեղասպանութիւններու պատմութեան ուսուցումը»։ Այս կէտը Ե. Օրոնի դասախօսութեան կարեւոր գլուխներէն մէկն էր։ Ան ըսաւ, թէ Իսրայէլի նման կազմակերպուած, զօրաւոր, անկախ ու ժողովրդավար երկիր մը Միջին Արեւելքի մէջ պէտք է ղեկավար դեր ստանձնէ միւս ցեղասպանութիւններու ճանաչման գործին մէջ։
Դասախօսը ակնարկեց նաեւ Եատ Վաշէմի նման կեդրոնի մը կեցուածքին, —որ կառավարական հաստատութիւն մը չէ, այլ՝ անկախ հաստատութիւն մը.— ան նոյնպէս չի ճանչնար այլ ցեղասպանութիւնները եւ նշեց, թէ Երեւանի Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնին եւ Ծիծեռնակաբերդի թանգարանին մէջ քով-քովի կը ցուցադրուին հայկական եւ հրէական ցեղասպանութեանց վերաբերող նիւթեր եւ փաստագրութիւններ։ Սակայն ո՛չ՝ Եատ Վաշէմի մէջ։ Ան յիշեց նաեւ Թութցիներու ցեղասպանութիւնը, որու ճանաչումը նո՛յնքան կարեւոր եւ հրատապ հարց մըն է։ Փրոֆ. Օրոն անդադար շեշտեց Իսրայէլի պետութեան ղեկավարութեան մէջ բարոյական արժէքներու կորուստը։
Դասախօսը մէկ առ մէկ քննարկեց այն բոլոր առարկութիւնները, որոնք իր երկրի պետական մարդոց կողմէ կը պատճառաբանուին՝ մերժելու համար Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Հետաքրքրական է, որ մերժողական գլխաւոր արտայայտութիւնը կը պատկանի նախկին նախագահ Շիմոն Փերեսի, որու կարծիքով Հայերը ցեղասպանութեան չեն ենթարկուած, եւ հրէականին կու տայ եզակիի արժէք։ Կան նաեւ այլ պատճառաբանութիւններ, որոնցմէ են՝ Թուրքիոյ հետ ռազմավարական գործընկերութեան պատրուակը, որ կ՚ընդգրկէ Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները, Ազէրպայճանի հետ կնքուած միլիառաւոր տոլարներու զինական պայմանագրերը…։ Պատմականօրէն, օսմանեան շրջանին սպանական հալածանքներու ենթարկուած հրեայ գաղթականներու հիւրընկալումը Օսմանեան կայսրութենէն ներս՝ միշտ դրականօրէն գնահատուած է Հրեաներուն կողմէ։
Փրոֆ. Օրոն խօսեցաւ նաեւ Էլի Վիզելի մասին, որ 70-ական թուականներուն Եատ Վաշէմի մէջ փորձած է կազմակերպել ցեղասպանութիւններու վերաբերեալ գիտաժողով մը, սակայն վերջին պահուն ջնջած է զայն՝ թրքական պետութեան ճնշումներուն ենթարկուելով։ Վիզել իր այս քայլը պատճառաբանած է, ըսելով թէ Թուրքիոյ մէջ հրեայ կարեւոր համայնք մը կ՚ապրի, որ կրնայ մեծ վնասներ կրել եւ ինք չ՚ուզեր պատճառ դառնալ, որ ոեւէ Հրեայի արիւն հոսի…։
Պէտք չէ մոռնալ, որ Էրտողանի վարչապետ ընտրուելէն ետք, Թուրքիա թշնամական դիրք որդեգրած է Իսրայէլի դէմ, որ հանրային մեծ արտայայտութիւն գտաւ Տաւոսի մէջ, «Մաւի-Մարմարա» նաւու դէպքէն եւ անոր յաջորդած զարգացումներէն ետք, որոնք յանգեցան երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու խզումին։ Բայց այս ամէնով հանդերձ հրէական պետութիւնը միշտ ալ մերժած է որեւէ քայլ առնել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ՝ վախնալով Թուրքիոյ մէջ ապրող հրեայ համայնքի գլխուն կախուած փորձանքներէն…։
Դասախօութեան աւարտին հետաքրքրական էր հայ ունկնդիրներէն մէկուն դիպուկ յիշեցումը, որ Երեւանի մէջ զետեղուած է Հրէից ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան մը, որուն վրայի եբրայերէն արձանագրութիւնը կը նշէ միայն Հրեաներու Շօան, իսկ հայերէնով՝ յիշատակուած է երկու ժողովուրդներու ցեղասպանութիւնը։
Ժիրայր Չոլաքեան
«Նոր Յառաջ» երկօրեայի Նոյեմբեր 23-ի թիւ (1133)