(ՀՈՐԻԶՈՆ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ) Հինգշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2017-ին, ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը իր առաջին հանդիպումը ունեցաւ, Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան՝ Լեւոն Մարտիրոսեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին, որուն ներկայ գտնուեցան յանձնախումբի նախագահ Շահէն Միրաքեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Վաչէ Շամլեան եւ Հայ Դատի Օթթաուայի գրասենեակի տնօրէն Սեւակ Պէլեան, շնորհաւորեցին դեսպան Մարտիրոսեանը իր նոր պաշտօնի ստանձնման կապակցութեամբ, ինչպէս նաեւ ՀՀ Անկախութեան 26-ամեակին առթիւ:
Յանձնախումբը նաեւ համապարփակ կերպով դեսպանին ներկայացուց Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքները, նախորդ տարիներու ձեռքբերումներն ու յառաջիկայի շարք մը ծրագիրները: Հայ Դատի պատուիրակները դեսպան Մարտիրոսեանի հետ քննարկեցին նաեւ Հայաստան-Գանատա յարաբերութեանց զարգացման, Հայոց ցեղասպանութեան պահանջատիրական հոլովոյթին, Արցախեան հիմնահարցի կարգաւորման առնչուող հարցերու:
Լուսանկար – Ձախէն՝ Սեւակ Պէլեան, Շահէն Միրաքեան, Լեւոն Մարտիրոսեան, Վաչէ Շամլեան: