(ԱԶԱՏ ՕՐ) Հոկտեմբեր 2017ին, Յունաստանի տարածքին, շրջանառութեան մէջ պիտի դրուի «The Promise» ժապաւէնը: Այս ուղղութեամբ՝ Հայ Դատի Յանձնախումբը, նկատի ունենալով հակազդեցութիւնները, որոնք ստեղծուեցան ուրիշ երկիրներու մէջ, ժապաւէնի ցուցադրութեան նախօրեակին, ամիսներ շարունակ տարած է աշխատանք, որպէսզի ապահովուի ժապաւէնին ցուցադրութիւնը Յունաստանի մէջ ալ, առիթը ստեղծելով այս ձեւով, որպէսզի յոյն հանրութիւնը անգամ մը եւս դիտէ ու վերյիշէ Հայոց Ցեղասպանութեան տխրահռչակ եղելութիւնները:
Այս առիթով պիտի խնդրէինք բոլոր անոնցմէ, որոնք կը կառավարեն համացանցի ու Դիմատետրի էջեր, որ տեղադրեն ժապաւէնի աֆիշը ու trailerը, որպէսզի բոլորս միասին տանինք լայն քարոզչութիւն՝ ապահովելով հանդիսատեսներու լայն մասնակցութիւնը: