«Միջին Արեւելքի Յանձնախումբերը Մեզի Բարեկամ Արաբ Ժողովուրդին Կը Բացատրեն, Թէ Մեր Դատը, Պայքարը, Պահանջները Ի՛նչ Են» Հաստատեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

(ԱԶԴԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹ) Շաբաթ 2 եւ կիրակի 3 սեպտեմբերին «Շաղզոյեան կեդրոն»-ին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայ դատի Միջին Արեւելքի խորհրդաժողովը` կազմակերպութեամբ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակին: Այս խորհրդաժողովին ներկայ գտնուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը:

Խորհրդաժողովի աշխատանքներուն եւ արդիւնքներուն ծանօթանալու համար «Ազդակ», «Վանայ ձայն» եւ «Օ. Թի. Վի.» միացեալ հարցազրոյց մը կատարեցին անոր հետ` իրազեկ դառնալով նաեւ Հայ դատի վերջին զարգացումներուն եւ Հայ դատի ուղղութեամբ տարուող նորագոյն աշխատանքներուն:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ էր Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակին կազմակերպած խորհրդաժողովին նպատակը:

ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.- ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյին կազմակերպութեամբ մենք կ՛ունենանք ընդհանրապէս երկու տեսակի խորհրդաժողովներ, մէկը` կեդրոնական, որ առհասարակ տեղի կ՛ունենայ Երեւան, իսկ երկրորդը` տարածաշրջանային, ռայոնական, ինչպէս որ կ՛ըսենք երբեմն: Այդ տարածաշրջանային խորհրդաժողովներուն վերջինը, որ գարնան տեղի ունեցաւ Եւրոպայի մէջ, կը համախմբէր Եւրոպայի մեր բոլոր յանձնախումբերը, կազմերը, գրասենեակները: Անցեալին տեղի ունեցած են նաեւ Ամերիկաներու, Աւստրալիոյ խորհրդաժողովները, հիմա կարգը եկած է Միջին Արեւելքին, ուր նման ժողով տեղի կ’ունենար երկար տարիներու բացակայութենէն ետք` նկատի ունենալով Սուրիոյ եւ Իրաքի կացութիւնները, որոնք չէին թելադրեր ամբողջական ժողով կազմակերպել: Ինծի համար մեծ ուրախութիւն էր տեսնել ներկայութիւնը Միջին Արեւելքի բոլոր շրջաններուն, ուր ունինք աշխուժ կառոյցներ` Հայ դատի աշխատանքները հետապնդող. ՀՅ Դաշնակցութեան մարմիններուն կողքին, Հայ դատի յանձնախումբերը այդ գործը յառաջ կը տանին: Այս խորհրդաժողովը կը հետապնդէր հիմնական երկու նպատակ: Առաջին, բնականաբար, ծանօթանալ իւրաքանչիւր շրջանի մէջ տարուող աշխատանքներուն. թէեւ Բիւրոն օրը օրին կը տեղեկանայ այդ աշխատանքներուն մասին, բայց իւրաքանչիւր յանձնախումբ միւս յանձնախումբի տարած աշխատանքին ծանօթանալու խնդիր կար, որպէսզի նաեւ օգտուին իրարու փորձառութենէն: Եթէ առաջին նպատակը այս է, այսինքն` տեղեկատուական փոխծանօթացում եւ փորձառութեանց փոխանակում, երկրորդը բնականաբար միջինարեւելեան շրջանին մէջ տարուելիք Հայ դատի աշխատանքներու համադրումն է երկու մակարդակով, մէկը երկիրներու, երկրորդը ընդհանրապէս համաարաբական եւ համաիսլամական երկիրներու մէջ տարուելիք աշխատանքներու հարցն է` Արաբական լիկա, Իսլամական խորհուրդ կամ այլ կազմակերպութիւններու ճամբով: Թեմաները Հայ դատի չորս մարզերը կ՛ընդգրկեն. առաջինը հայրենի պետութեանց (Հայաստան եւ Արցախ) օժանդակութեան, պետական հիմքերու ամրապնդման, արտաքին մարտահրաւէրներու դիմագրաւման մէջ մեր ստանձնած պարտականութեան լոպիինկի խնդիրն է. Արցախի պարագային, բնականաբար կայ ազգային ինքնորոշման իրաւունքի շեշտադրումը, նաեւ` վերջին տարիներուն մեր ծաւալած անկախութեան ճանաչման աշխատանքը. որոշ տեղեր յաջողութեան հասած ենք եւ կը փորձենք տեսնել, թէ Միջին Արեւելքի մէջ ի՛նչ կարելիութիւն կայ` հակառակ մեծ խոչընդոտներու: Հայ դատի աշխատանքներուն երկրորդ շերտը ընդհանրապէս կը կեդրոնանայ մեր դասական օրակարգին վրայ, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման, հատուցման եւ պահանջատիրական թղթածրարն է, օրինական երեսներու ուսումնասիրութեան խնդիրները. երրորդը մեր հայապատկան հողերու վրայ հայութեան եւ ազգային այլ փոքրամասնութիւններու հարցն է: Այսինքն բնականաբար ունինք Ջաւախքը, ջաւախահայութիւնը, որ այսօր ամրօրէն իր հողին կառչած հայկական բնակչութիւն ունի, եւ մեր նպատակն է ատիկա յաւերժացնել, պաշտպանել անոնց մարդկային իրաւունքները. ճիշդ է, այսօր մենք Ջաւախքի առնչուած հողային պահանջատիրական հարց չունինք, բայց կայ լուրջ խնդիր` ջաւախահայութեան իրաւունքներու առումով, այսինքն իրենց ներքին, լեզուամշակութային, ցեղային իրաւունքներու հարցն է, որ ոչ միշտ կը յարգուի վրացական պետութեան կողմէ: Երրորդ գլխուն տակ կայ Արեւմտեան Հայաստանի պարագան, թաքուն հայերը իրենց արմատներուն վերադարձնելը, հայկական ներկայութիւնը աղաւաղող խնդիրները, ինչպէս նաեւ` ազգային փոքրամասնութիւններուն հետ յարաբերութեան խնդիր, տէրսիմցի ըլլան անոնք, քիւրտ կամ այլ: Չորրորդ եւ վերջին գլուխը, որով ընդհանրապէս կ՛ամփոփենք մեր Հայ դատի գործունէութիւնը, ժողովուրդի քաղաքականացման եւ մանաւանդ երիտասարդութիւնը քաղաքական կեանքին մղելու աշխատանքն է` թէ՛ իբրեւ ընդհանուր սկզբունք եւ թէ՛ իբրեւ գործնական միջոցառումներ` ամէնուրեք, որպէսզի կարողանանք մեր ապրած երկիրներուն մէջ հայ երիտասարդութիւնը տեսնել քաղաքական դիրքերու վրայ:

Հ.- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Միջին Արեւելքի Հայ դատի մարմիններուն աշխատանքները, եւ անոնք ինչպէ՞ս կը զատորոշուին Եւրոպայի, Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի մեր կեդրոնական գրասենեակներէն եւ, ընդհանրապէս, այդ շրջաններու Հայ դատի մարմիններու աշխատանքներէն:

Յ. Տ. Խ.- Մեր հասկացողութեան մէջ երբ կը գործածենք յանձնախումբ կամ մարմին բառը, կը խօսինք կամաւորներէ կազմուած խումբերու մասին, որոնք կը գործեն կամաւոր ձեւով, իսկ երբ կը խօսինք գրասենեակներու մասին, այսինքն ունինք անձնակազմ, պաշտօնէութիւն, որոնք 24 ժամ Հայ դատով կը զբաղին եւ ոչ միայն իրենց ազատ ժամերը նուիրած են այս պայքարին, այլեւ` ամբողջ էութիւնը. այսպիսի գրասենեակներ կը գործեն աշխարհի տարածքին: Մէկ մասը` կեդրոնական գրասենեակները, կապուած են Բիւրոյի, իսկ միւս մասը շրջանային առում ունին: Միջինարեւելեան գրասենեակը, Վերա Եագուպեանի ղեկավարութեամբ, Բիւրոյի գրասենեակներէն մէկն է, որուն կեդրոնատեղին Լիբանանն է, բայց հիմնական աշխատանքը կը տարածուի արաբական եւ համաիսլամական բոլոր շրջանակներուն վրայ: Նախ ըսեմ, որ մեծ ուրախութիւն էր իմանալ, լսել այլազան մարմիններու եւ յանձնախումբերու տարած աշխատանքներուն մասին ու նաեւ գիտնալ ուրիշներու գնահատականը տարբեր յանձնախումբերու մասին` սկսելով Իրանի մեր շրջանէն, տարածուելով մինչեւ Միացեալ Էմիրութիւններ, Քուէյթ, Իրաք, Սուրիա, Լիբանան. այդ շրջաններուն մէջ գործող բոլոր յանձնախումբերուն գործունէութիւնը ընդհանրապէս եղած է աշխուժ, արդիւնաւէտ եւ նպատակասլաց. այս իմաստով հետաքրքրական է տեսնել, հակառակ բոլոր վերիվայրումներուն, որոնք տեղի կ՛ունենան միջինարեւելեան շատ մը երկիրներու մէջ, որ մենք պատնէշի վրայ ենք` իբրեւ հայութիւն, իբրեւ Դաշնակցութիւն, եւ մեր Հայ դատի յանձնախումբերը ամբողջական կերպով կը կատարեն իրենց առաքելութիւնը:

Շատ արդար էր ձեր հարցումը, որ բաղդատած ուրիշ յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու` ի՞նչ է տարբերութիւնը. հիմնական մեծ տարբերութիւնը այն է, որ եթէ արեւմտեան աշխարհին մէջ մենք, իբրեւ Դաշնակցութիւն, առհասարակ քաղաքական յարաբերութիւններու ամբողջ ծրարը կը վստահինք մեր Հայ դատի յանձնախումբերուն, որպէսզի մարմինները կեդրոնանան աւելի կազմակերպական, իսկ քաղաքականի պարագային միայն ընդհանրական, ռազմավարական հարցերուն վրայ` բոլոր մանրամասնութիւններ ձգելով Հայ դատի յանձնախումբերուն, այդպէս չէ պարագան Միջին Արեւելքի, որովհետեւ շատ մը երկիրներու մէջ, ինչպէս` Լիբանան, Իրան, Սուրիա, մենք ունինք ուղղակի քաղաքական ներկայութիւն, որքան ալ բացայայտ չըլլայ, բայց Դաշնակցութիւնն է ներկան թէ՛ Սուրիոյ, թէ՛ Իրանի պարագային: Մեր մարմինները եւ երեսփոխանները իրենք են, որ ուղղակի այդ քաղաքական յարաբերութիւններու թղթածրարը կը ստանձնեն, այսինքն` պետական այրերու հետ, պետական տարբեր պատասխանատուներուն հետ կապերու հաստատումը: Յանձնախումբերը աւելի շատ կը ծանրանան յարաբերական, քարոզչական եւ հրատարակչական աշխատանքներու վրայ: Դուրսը քիչ մը տարբեր է, Անգլիայէն սկսած մինչեւ Ֆրանսա, կամ Եւրոպայի ամբողջ տարածքին, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներ, Աւստրալիա, այդ շրջաններուն մէջ տեղւոյն քաղաքական դէմքերուն հետ անմիջական առօրեայ յարաբերութիւններու մշակումը կը կատարեն յանձնախումբերը եւ գրասենեակները: Հիմնական տարբերութիւնը այս է, իսկ ներազգային իմաստով տարուած աշխատանքը, ժողովուրդին մէջ պահանջատիրութեան զգացումը բարձր պահելը, ցոյցերու կազմակերպումը, արցախեան հարցով Ազրպէյճանի ոտնձգութիւններուն անմիջապէս հակադարձելը, Հայաստանի պարագային արտաքին խոչընդոտները նսեմացնելը, կամ եթէ նոյնիսկ մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ է` անհետացնել այդ բոլոր խոչընդոտները. ասոնք օրակարգի կարեւոր նիւթեր են, որոնք բոլորն ալ կ՛ընեն Միջին Արեւելքէն մինչեւ աշխարհի այն կողմերը, ուր ներկայութիւն ենք: 35 երկիրներու մէջ կուսակցական եւ Հայ դատի կազմակերպուած ներկայութիւն ունինք, եւ անկէ զատ` 10 երկիրներու մէջ կան Հայ դատի յանձնախումբեր, որոնք համակիրներէ կազմուած են:

Հ.- Այս շրջանին մէջ Հայ դատի աշխատանքներ ծաւալելու առումով ինչպիսի՞ դժուարութիւններ կան` նկատի առնելով նախ վերջին իրադարձութիւնները եւ երկրորդ` Թուրքիոյ անմիջական ներկայութիւնը:

Յ. Տ. Խ.- Շատ յստակ է, որ մեծագոյն դժուարութիւնը բնականաբար Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի խաղացած դերն է, երբ իրենք կը գործածեն իսլամական գործօնը, որ իրենց համար մեծ առաւելութիւն է, մանաւանդ` կարգ մը երկիրներու պարագային, որոնք նոյնիսկ ճանաչում չեն շնորհած Հայաստանի, ինչպէս է պարագան Սէուտական Արաբիոյ, Փաքիստանի պէս երկիրներու, որոնք դիւանագիտական յարաբերութիւններ իսկ չունին Հայաստանի հետ: Ասոնք եւ ասոնց շրջանակի երկիրները ինքնաբերաբար կը քուէարկեն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի օգտին, եւ հիմնականին մէջ սիւննի աշխարհի այդ ներկայացուցիչներն են, որոնք խոչընդոտ կը հանդիսանան: Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրը բաւական ճամբայ կտրած է նոյնիսկ Միջին Արեւելքի մէջ, ուր, վերջ ի վերջոյ, Ցեղասպանութեան զոհ գացածներուն յաջորդներով կամ անկէ ճողոպրածներով կազմուած համայնքներն են. ճիշդ է, որ Միջին Արեւելքի գրեթէ բոլոր համայնքները աւելի հին ներկայութիւն եղած են, յատկապէս` Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, բայց համայնքային կազմակերպուածութիւնը թափ ստացած է Ցեղասպանութենէն ետք: Լուրջ աշխատանքի կարիք կայ, որպէսզի ճանաչման գործընթացը որոշ տեղ հասնի: Դրական երեւոյթներ կան. Լիբանանը արդէն Ցեղասպանութիւնը ճանչցած է 2000 թուականին, իսկ հիմա այդ խմորումները կան Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի պարագային. երկուքն ալ ներկայ դրութեամբ Թուրքիոյ հետ լարուած կամ նոյնիսկ գոյութիւն չունեցող յարաբերութիւններուն բերումով, նոյնիսկ Թուրքիոյ` իրենց հանդէպ ունեցած թշնամական կեցուածքով ճամբայ բացած են մեր Դատին դիմաց. բաց պատուհան մըն է մեզի համար, առիթ մը, պատեհութիւն մը, որ լրջօրէն կեդրոնանաք այդ երկու երկիրներուն վրայ` Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացի իմաստով: Սուրիոյ մէջ արդէն համապատասխան թղթածրար ներկայացուած է խորհրդարանին, նախագահը իր յայտարարութեան մէջ բառը օգտագործած է, Եգիպտոսի պարագային նախագահը այս ուղղութեամբ իր բարի տրամադրութիւնը դրսեւորած է, քանի մը երեսփոխաններ եւ պատասխանատուներ այդ ուղղութեամբ աշխատանք տարած են, բայց այս գործընթացը տակաւին իր վերջին փուլին չէ հասած: Լուրջ կարելիութիւններ կան եւ աշխատանքի անմիջական դաշտեր` Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի պարագային: Արցախի հարցով վիճակը աւելի դժուար է անշուշտ: Այն աշխատանքը, զոր մենք կը տանինք Ամերիկաներով` հիւսիսային-հարաւային, Քանատայէն սկսեալ մինչեւ Ուրուկուէյ եւ Եւրոպա, Աւստրալիա, այնտեղ շատ աւելի համարձակ ժողովուրդներու ազգային որոշ իրաւունքներու վրայ հիմնուած եւ Արցախի բնական իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցով ճամբայ կտրած ենք, եւ ինչպէս գիտեն ունկնդիրները, Աւստրալիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու պարագային նահանգային մակարդակով որոշում ալ անցուած է, այսինքն ոչ միայն ազգային ինքնորոշման իմաստով, այլեւ անկախութեան ճանաչման, բայց ոչ` դաշնակցային մակարդակով, յաջորդ փուլը հոն է. այդ յանդգնութիւնը, համարձակութիւնը չենք կրնար նոյն ձեւով կիրարկել Միջին Արեւելքի պարագային, որովհետեւ կայ այն գործօնը, որուն մասին խօսեցանք, ուր Թուրքիան կը հրահրէ, Ազրպէյճանին կը սորվեցնէ` որպէս անոր կրտսեր եղբայրը, եւ համադրուած ջանք, աշխատանք ու քաղաքականութիւն կը վարեն այս հակամարտութիւնը, այսպէս կոչուած, ներկայացնելու իբրեւ կրօնական եւ ազգամիջեան պայքար, թէեւ գիտենք, որ բացարձակապէս այդ չէ պարագան, բայց իրենք իրենց ունեցած կապերով, միջոցներով եւ կրօնական մօտեցումով կը փորձեն հրահրել իսլամական աշխարհի տրամադրութիւնները` Հայաստանի եւ Արցախի դէմ: Հիմնական աշխատանքը այս բոլորին դիմադրելու, բացատրութիւններ տալու, յստակ տուեալներ ներկայացնելու աշխատանքն է, զոր կը կատարեն միջինարեւելեան բոլոր մարմինները` Իրանէն սկսեալ մինչեւ արաբական երկիրներու մէջ գործող բոլոր Հայ դատի միաւորները, ցոյց տալու համար, որ իրականութիւնը այն չէ, ինչ որ Ազրպէյճան կամ Թուրքիա կը փորձեն ներկայացնել, այլ խժդժութեանց, ջարդի զոհ գացած Արցախի հայութիւնը բնականաբար իր ինքնապաշտպանութեան ու նաեւ ինքնորոշման իրաւունքը պիտի պաշտպանէր, երբ որ փուլ եկաւ Խորհրդային Միութիւնը: Եւ Արցախը երբեք մաս չէ կազմած անկախ Ազրպէյճանին, եւ Ազրպէյճանի գոյութիւնը, որպէս պետութիւն, ճիշդ նախախորհրդային շրջանին է, որ ծագած է: Մենք 1918-էն առաջ առհասարակ Ազրպէյճանի եւ կամ ազրպէյճանական զանգուածի մասին չենք լսած, թաթարներու մասին կը խօսուէր, բայց Ազրպէյճան, որպէս պետութիւն, ինքնին նորութիւն էր: Անիմաստ է յանկարծ աշխարհի տարածքին սփռել այն սուտը, որ Արցախ մաս կազմած է Ազրպէյճանին, մենք բնականաբար կը հակադարձենք, եւ հոս լուրջ աշխատանք ունին կատարելու Միջին Արեւելքի յանձնախումբերը, որովհետեւ մեզի բարեկամ արաբ ժողովուրդին, Իրանի ժողովուրդի մէկ կարեւոր հատուածին պէտք է ներկայացնենք այս իրողութիւնը, եւ բացատրենք, թէ հարցը ճիշդ ի՛նչ է, էութիւնն ի՛նչ է եւ մեր պայքարը, պահանջները ինչի՛ մէջ կը կայանան: Այդ ուղղութեամբ աւելի դժուար տարածաշրջան է Միջին Արեւելքը, քան դուրսը, բայց նաեւ անհրաժեշտ է այդ աշխատանքը շարունակել:

Երկրորդը, որ իւրայատուկ է այս տարածաշրջանին ու նաեւ` այստեղի մեր կազմերուն, մարմիններուն, յանձնախումբերուն, ընդհանրապէս քրիստոնէութեան եւ հայութեան ճակատագրի հարցն է Միջին Արեւելքի մէջ: Մեր այս խորհրդաժողովի ընթացքին երկու մասնագէտներ ներկայացուցին այդ նիւթը` անդրադառնալով նաեւ այն ահաւոր պատկերին, որ կը պարզէ քրիստոնէութեան թիւի նուազումը, տեղափոխումը շրջանէ շրջան եւ արտագաղթը: Այս երեք ուղղութիւններով մենք աշխատանք ունինք տանելիք, որպէսզի հայութիւնը իբրեւ ազդեցիկ փոքրամասնութիւն` մնայ այս երկիրներուն մէջ: Եթէ մենք Ամերիկայի կամ Քանատայի մէջ աշխատանք պիտի տանինք այս ուղղութեամբ, բնականաբար տուեալները պիտի գան այստեղի յանձնախումբերէն եւ մարմիններէն, որոշ չափով նաեւ` ուղղութեան առաջարկներ, բայց այնտեղ ալ պիտի փորձենք քաղաքական ճնշում բանեցնել աշխարհի կարգ մը կեդրոններուն վրայ, որոնք կը զբաղին Միջին Արեւելքի ճակատագիրով, որ գործը համադրուած ձեւով յառաջ երթայ:

Հ.- Ինչպէ՞ս կը կատարէք Հայ դատ հասկացողութեան տարազումը այսօր:

Յ. Տ. Խ.- Հետաքրքրական հարցում է, որովհետեւ տեղ-տեղ մեր ժողովուրդի մտքին մէջ տակաւին շփոթ կայ, թէ արդեօք Հայ դատ եւ Ցեղասպանութեան ճանաչում նոյն բառամթե՞րքն են, նոյն հասկացողութի՞ւնն են: Բնականաբար անցեալին, առհասարակ, մեր աշխատանքները կեդրոնացած էին այդ նիւթին վրայ, այսինքն` Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ երբեմն ալ Հայաստանի անկախութեան հարցին վրայ: Կասկած չկայ, որ վերջին 30-35 տարիներուն մեր ժողովուրդի եւ երիտասարդութեան քաղաքականացման նիւթն ալ նկատի առնուեցաւ: Խորքին մէջ երկու հիմնական ոլորտներ կը հանդիսանային մեր կիզակէտը. մէկը Ցեղասպանութեան հարցն էր, միւսը` քաղաքականացման օրակարգը, երիտասարդութիւնը քաղաքական կեանքի մղելը. բայց բնականաբար 26 տարի առաջ մենք ունեցանք մեր անկախութիւնը, Արցախի գոյամարտը, ուստի Հայ դատի օրակարգը ճոխացաւ: Նկատի ունենալով 20-րդ դարու երկրորդ կիսուն եւ 21-րդ դարու սկզբնաւորութեան տրուած կարելիութիւնները` հասնելու նաեւ այն հայերուն, որոնք տակաւին կը բնակին մեր հողերուն վրայ, ըլլայ ջաւախահայութիւն, ըլլան Արեւմտեան Հայաստանի թաքուն հայերը կամ այլ տարազաւորումով ներկայացուած շերտերը, այդ ալ դարձաւ մեր կիզակէտը: Ուրեմն, ինչպէս ըսի մեր խօսքի սկզբնաւորութեան, այլեւս ճիշդ չէ հաւասարեցնել Հայ դատի հասկացողութիւնը կամ սահմանումը միայն Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պահանջատիրութեան, այլ միւս երեք օրակարգերը եւս իրենց կարեւոր բաժինը ունին, երբեմն նոյնիսկ աւելի գերակշիռ կ’ըլլան: Այսօր ունինք Հայաստան եւ Արցախ, ուր կան առաջնահերթութիւններ, օրէ օր ի յայտ եկող զարգացումներ, որոնք բնականաբար պիտի նկատուին առաջնահերթութիւն, եւ հոն պիտի կեդրոնանանք. ուրեմն կրկնելու գնով ըսեմ, որ այդ օրակարգի հարստացումէն ետք, վերջին 26 տարիներու ընթացքին բնականաբար սահմանումը կեդրոնացած է այդ չորս կէտերուն վրայ. առաջինը հայրենի պետականութեան հարցն է, Արցախի գոյամարտը, Արցախի բանակցային գործընթացի եւ հայկական կողմի առաւելութիւններ տալու հարցը, երկրորդ` Ցեղասպանութիւնն է, ո՛չ միայն ճանաչման- պահանջատիրական, որուն վրայ եկած է աւելնալու օրինական երեսը, երրորդ` ջաւախահայութեան եւ Արեւմտեան Հայաստանի հայութեան հայապատկան հողերու վրայ բնակող հայութեան հարցն է, չորրորդը ընդհանրապէս ժողովուրդի եւ մանաւանդ երիտասարդութեան քաղաքականացման եւ մեր ապրած տարբեր երկիրներու մէջ քաղաքական կեանքին մասնակցութեան խնդիրն է. եւ այդ իմաստով կշիռը, տոկոսը այս հարցերու` շարունակաբար յարափոփոխ վիճակի մէջ է, որովհետեւ տարիէ տարի կը ճշդուին առաջնահերթութիւնները: Բնական է` եթէ կայ տագնապ, ինչպէս էր 2016 ապրիլին, երբ արձանագրուեցաւ յարձակողական քաղաքականութեան ամէնէն տխուր էջը Ազրպէյճանի կազմակերպած գրոհին, բոլոր յանձնախումբերուն ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ քարոզչական մարզին վրայ, քաղաքական բուռն աշխատանք տարուեցաւ, որպէսզի Ազրպէյճանի իսկական դէմքը ներկայացուի, քանի որ միջազգային շփոթ կար` ո՞վ սկսած է այդ պատերազմը, ի՞նչ նպատակով է եւ այլն: Միջազգային ուժերը, ինչպէս գիտէք, միշտ ալ կը փորձեն սխալ հաւասարակշռութեան սկզբունքով երկու կողմերն ալ այպանել, եւ մենք փորձեցինք բացայայտել, որ այդպէս չէ. եղածը միակողմանի կերպով նախաձեռնուած պատերազմական քայլ էր, որ կը միտէր Ազրպէյճանի կողմէ հարցը պատերազմի ճամբով լուծել, եւ այդ լուծման միջոցը բնականաբար մենք կ՛ուզենք բացառել:

Հ.- Արցախ նախորդ շաբաթ նշեց իր անկախութեան 26-ամեակը. նախ անդրադառնանք այս հիմնախնդիրի ծալքերուն` համառօտ կերպով եւ բանակցային հոլովոյթի ներկայ հանգրուանին:

Յ. Տ. Խ.- Նախ ըսեմ, որ բանակցութիւնները շատ արդիւնաւէտ չեն եղած վերջին շրջանին, եւ հայկական կողմը արդարացիօրէն շեշտած է, մանաւանդ` 2016-ի պատերազմական գրոհէն ետք, որ հիմնական խնդիրը փոխադարձ վստահութեան վերացած խնդիրն է, զինադադարի 1994-1995-ի վերահաստատումն է եւ փոխադարձ մեքանիզմներու տեղադրումը, որպէսզի կարելի ըլլայ իսկապէս գիտնալ, թէ ո՛վ է նախայարձակ կողմը, ո՞ւր է պատասխանատուութիւնը, եւ վերադառնանք քիչ մը բնականոն կեանքի: Ասիկա պատեհ առիթ է շեշտաւորելու, որ հարցի բուն էութեան քննարկումի խնդիրին հասնելէն առաջ պէտք է այդ վստահութիւնը վերականգնի, զինուորական հաւասարակշռութիւնը վերահաստատուի, եւ Ազրպէյճան միանգամընդմիշտ եւ վերջին անգամն ըլլալով համոզուի, որ բանակցային ընթացքով է, դիւանագիտական սեղաններու շուրջ նստելով է, որ այս հարցը լուծում պէտք է գտնէ եւ ոչ թէ` պարտադիր պատերազմով: Ազրպէյճան իր ունեցած հարստութեան ընծայած կարելիութիւններէն մեկնելով` կ՛ուզէ աւելի օգտուիլ եւ իր ռազմաշունչ յայտարարութիւններով ժողովուրդն անգամ միշտ կը պատրաստէ պատերազմի, որ բացառէ խաղաղ բանակցութիւններու հնարաւորութիւնները. սա անընդունելի երեւոյթ է, որովհետեւ ամբողջ աշխարհը կը դատապարտէ մօտեցումը, եւ կրնամ վստահեցնել, որ հայկական կողմն ալ յանպատրաստից կերպով չի դիմակայեր այս հարցը, որովհետեւ համոզուած է, որ իր թշնամիին այս ռազմաշունչ յայտարարութիւններուն մէկ մասը շատ լուրջ է եւ, տակաւին, նախագահին եւ ամբողջ վարչակարգին մօտ կայ այն համոզումը, որ իրենք կրնան որեւէ ժամանակ պաղ պատերազմը, զինադադարեան մթնոլորտը բռնկեցնել, վերածել տաք պատերազմի եւ կրնան ըլլալ յաղթական կողմ: Այս ցնորքին, որ ցնորք է մեզի համար, սխալ ըլլալը փաստելու համար պէտք է ըլլանք պատրաստ եւ` ամբողջովին համոզուած. բարեբախտաբար ունինք այն բարոյական առաւելութիւնը, որ մեր այդ հոյակապ տղաքն ու աղջիկներն են, որոնք կը կռուին սահմանին վրայ, իրենց հողն է, որ կը պաշտպանեն, մինչդեռ դիմացի կողմինները` կուրցած Ազրպէյճանի տարած քարոզչութենէն, կը հաւատան, որ իրենք ալ եկած են հող ազատագրելու. այդ անընդունելի պատճառով կրնայ որեւէ ժամանակ բռնկիլ պատերազմը. հոն կայ ռազմական բաժինը, որ միշտ պատրաստ ըլլալու հանգամանքին մէջ կը կայանայ, եւ կայ երկրորդը, որ քաղաքական մեր աշխատանքն է, որուն վրայ կը կեդրոնանայ Հայ դատի գործունէութիւնը` երեք ուղղութիւններով. առաջինը ինքնորոշման իրաւունքի եւ Արցախի անկախութեան ճանաչման քաղաքականութեան գործընթացն է, որ կարելի եղածին չափ առաւելագոյն կէտի կը փորձենք հասցնել, կարելի եղածին չափ կ’ըսեմ, որովհետեւ կարգ մը երկիրներ իրենք ալ ունին ներքին տագնապներ, ուր փոքրամասնութիւններ կամ ազգային խմբաւորումներ կը փորձեն շեշտել ինքնորոշման իրաւունքը, եւ այդ երկիրները շատ զգայուն են, նոյնիսկ` Քանատան, Սպանիան, որոնք կը փորձեն կարելի եղածին չափ հեռու մնալ այս հարցէն, չարտայայտուիլ, որովհետեւ կը վախնան, որ որեւէ մէկ յստակ դիրքորոշում` իրենց համար կրնայ նախընթաց ըլլալ եւ ներքին խռովութիւն պատճառել: Կը փորձենք արգելքը շրջանցել եւ երբեմն ուղղակի այդ ազգային փոքրամասնութեան ներկայացնող կառավարական մակարդակներու հետ կապ պահել, բայց կարելի չէ շրջանցել այն իրողութիւնը, որ աշխարհի մէջ պէտք է ամէն գնով աշխատանք տանիլ` քաղաքապետական, նահանգային, թէ դաշնակցային մակարդակով, եւ այդ ճանաչման հարցը փորձենք յաջողցնել: Ասիկա առաջին հսկայական գործն է, որ կը կատարուի Արցախի համար: Երկրորդ` բնականաբար ուղղակի Արցախի ժողովուրդին օժանդակութեան, անոր բարոյահոգեբանական վիճակի բարձր պահելուն եւ ամէն ձեւով անոր օժանդակելու խնդիրն է, եւ ատիկա տարբեր ձեւերով տեղի կ՛ունենայ: Միայն Հայ դատի յանձնախումբը չէ, որ կ՛ընէ ատիկա, ՀՕՄ-ը իր մանկապարտէզներու ցանցով կը կատարէ, Մոսկուայի մէջ նախկին արցախցիներ կամ հայկականութեամբ տոգորուած մեծահարուստներ իրենց ներդրումներով կ՛ընեն, Դաշնակցութիւնը ֆոնտ կը հաստատէ. այս բոլոր աշխատանքները երկրորդ երեսն են Արցախի օժանդակութեան: Երրորդը, որ բնականաբար նաեւ մեր հիմնական առաջադրանքն է, Արցախի հարցի համաշխարհային ճանաչման մէջ Արցախի պետական պատասխանատուներու ուղղակի մասնակցութիւնն է, որպէսզի կարողանան տարածել, իրենց արժեւորումը բացատրել եւ ներկայացնել խնդիրը:

Բանակցային գործընթացին համար մենք անշուշտ խանդավառ չենք Մատրիտեան սկզբունքներով, որ հիմքը կը կազմէ այդ բանակցութիւններուն. այնտեղ կայ փոխզիջման հասկացողութիւն, սակայն հայկական կողմը, որ սկզբնական իր համաձայնութիւնը տուած է, նկատած է, որ որեւէ նախաձեռնութիւն, որքան ալ զիջողական ըլլայ, ինքնաբերաբար միշտ մերժուած է Ազրպէյճանի կողմէ, որ այս առումով կը մեղադրէ միջազգային հասարակութիւնը, որ կառուցողական ոչ մէկ կեցուածք ունի: Ազրպէյճանի ամէն ինչին ոչ ըսելը ամէնէն դիւրին բանն է, բայց նաեւ, բնականաբար, աշխարհի ուժերը` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նախագահները, լուծման փնտռտուքի մէջ են եւ, իրենց համաձայն, այդ լուծումը կ՛անցնի փոխզիջման տարբերակով, եւ իրենք կ՛ուզեն, որ երկու կողմերը իսկական խօսակցութիւն ունենան եւ ոչ թէ պարզապէս գան` ամէն մէկը իր դիրքը շեշտէ եւ մեկնին: Այդ ուղղութեամբ մեր վրայ ալ ճնշում կը բանեցնեն, սփիւռքի վրայ, Դաշնակցութեան վրայ առհասարակ, որպէսզի մենք ալ օգնենք գործընթացին, սակայն Դաշնակցութիւնը յստակօրէն նշած է, որ իրեն համար կան կարմիր գիծեր, զորս պէտք չէ շրջանցել եւ մեր աշխատանքը, Հայ դատի արտաքին մակարդակի աշխատանքը կը կեդրոնանայ հայկական կողմի դիրքորոշումը զօրացնելու մէջ` շարունակաբար բացայայտելով Ազրպէյճանի ժխտական քաղաքականութիւնը եւ երբեմն` ցեղապաշտական հայատեաց ատելութիւն տարածող այդ մթնոլորտի ստեղծման քաղաքականութիւնը, որ դատապարտելի է աշխարհին կողմէ:

Հ.- Արցախի կապուած մէկ հարց եւս` արցախեան կողմի բանակցային հոլովոյթի մասնակցութեան հարցը, եւ որմէ ետք կ՛ուզենք անցնիլ ջաւախահայութեան թղթածրարին:

Յ. Տ. Խ.- Արցախի բանակցութիւններէն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բացակայութիւնը շատ մեծ սխալ էր, որ պէտք չէր իսկ տեղի ունենար, բայց իրողութիւնն այն է, որ այսօր այդ է կացութիւնը, մենք` իբրեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն, միշտ ջատագովը եղած ենք, որ Արցախը վերադառնայ բանակցային սեղան, որովհետեւ վերջ ի վերջոյ իր ճակատագրի ճշդման մէջ նոյնիսկ նախնական համաձայնութիւններուն մէջ ինքն ալ պէտք է ըսէ իր հանգիստ «այո»-ն, եւ «այո» ըսելու համար բաւական ճամբայ կայ կտրելիք` տեսնելու համար, թէ ի՛նչ ձեւի, ի՛նչ պատկեր կ՛ունենայ այդ ապագայ համաձայնութիւնը: Այդ ուղղութեամբ էական է, եւ ուրախ եմ ըսելու, որ վերջին տարիներուն Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչները այդ հարցը կը դնեն սեղանին վրայ, բնականաբար Ազրպէյճանը մերժողական կեցուածք ունի, շատ խանդավառ չէ, որովհետեւ կ՛ուզէ ասիկա ներկայացնել իբրեւ Հայաստանի հետ հակամարտութիւն, մինչդեռ ըսուածը այն է, որ պարզապէս ժողովուրդի ինքնորոշման հարցին վրայ է հիմնուած ամբողջ Արցախի գոյամարտը: Ուրեմն այդ ուղղութեամբ ամէն ձեւ եւ ամէն կերպ պէտք է որոնենք` համոզելու միջազգային հասարակութիւնը, որ Ղարաբաղի բացակայութիւնը սեղանէն` չ՛օգներ լուծումի հասնելու. ճիշդ է, որ կրնայ Ազրպէյճանը միշտ վեթօ դնել` իբրեւ բանակցող կողմ, բաւական ըսելիք ունի ան, բայց նաեւ կը հաւատանք, որ ան օր մը պիտի համոզուի, որ եթէ իսկական եւ տեւական խաղաղութիւն պիտի հաստատուի այնտեղ, պէտք է արցախցիները հանգիստ սրտով «այո» ըսեն առաջարկուած լուծումին: Մենք մինչեւ վերջ պիտի հետապնդենք այս հարցը, որ Արցախ միանայ բանակցութեան սեղանին:

Հ.- Ջաւախքի թղթածրարին մէջ ինչպիսի՞ մարտահրաւէրներ կան:

Յ. Տ. Խ.- Տարիներու ընթացքին Վրաստանի իշխանութեան տարբեր ներկայացուցիչներու փորձած ենք բացատրել, որ հայութեան եւ Դաշնակցութեան հիմնական առաջադրանքը այն է, որ մեր ժողովուրդը կարողանայ խաղաղ ապրիլ այդ հողերուն վրայ` իբրեւ Վրաստանի քաղաքացի, բայց` երբեք ձեռնածալ չմնալով, երբեք չհրաժարելով իր մարդկային իրաւունքներէն, իր ազգային փոքրամասնական միջազգայինօրէն ճանչցուած իրաւունքներէն, լեզուամշակութային ներքին ինքնավարութեան եւ այլ հարցերէն: Դժբախտաբար միշտ հասկացողութեամբ չեն մօտեցած Վրաստանի իշխանութիւնները այս խնդիրներուն եւ տարիներու ընթացքին նոյնիսկ երբեմն հալածանքի մթնոլորտ տիրած է, ինչ որ ուղղակի թշնամանքի վերածուած է: Ասիկա լաւ երեւոյթ չէ, եւ մենք փորձած ենք միշտ մղել Հայաստանի պետութիւնը, որ այս հարցը բարձրացնէ, բնականաբար Հայաստանի պետական համակարգն ալ, նկատի ունենալով, որ կ՛ուզէ պահել բարի դրացիական յարաբերութիւն Վրաստանի հետ, որովհետեւ Վրաստան իրեն ամէնէն կարեւոր ելքն է դէպի աշխարհ, նոյնիսկ` աւելի քան Իրանի փոքրիկ սահմանը, յատուկ զգայնութեամբ կը մօտենայ այս խնդիրին, չափազանց զգուշաւորութեամբ կը մօտենայ, եւ այսօր համաշխարհային մակարդակով հայկական իրականութեան մէջ միայն մենք ենք ջաւախահայութեան հարցը արծարծողը, որովհետեւ պետութիւնը կը փորձէ խուսափիլ ատկէ: Չեմ գիտեր, թէ որքա՛ն ճիշդ է ատիկա, բայց մենք միշտ պահանջող եղած ենք, որ աւելի յանդուգն քաղաքականութիւն վարէ Հայաստանը, մանաւանդ` դասագիրքեր տրամադրելու, հայերէնի մակարդակը բարձրացնելու, այնտեղ համալսարան հաստատելու առումով, եւ եթէ անիրաւութիւններ կան` իբրեւ ազգային փոքրամասնութիւն, այդ անիրաւութիւնները նշելու` վրացական կառավարութեան: Օրինակ, ընտրական օրերուն յատուկ ճնշում կը բանեցուի, որ միայն վրացական իշխանութեան ուղղութիւններուն հլու հնազանդ ենթարկուողները ընտրուին որպէս հայկական ներկայացուցիչներ վրացական խորհրդարանին մէջ. ասիկա ժողովրդավար երկրի մը համար ընդունելի երեւոյթ չէ, ասոր մասին կրնանք խօսիլ, կրնանք բարձրաձայն ըսել, եւ մենք կ՛ըսենք, բայց միայն մենք կ՛ըսենք, նաեւ` Վրաստանի դեսպաններուն հետ հանդիպման ժամանակ, որ Վրաստանին համար իսկ նպաստաւոր չէ այն իրողութիւնը, որ ջաւախահայութեան չարտօնուի իսկական ներկայացուցիչներ ղրկել Թիֆլիս, որպէսզի նաեւ խորհրդարանին մէջ քննարկուին, ինչպէս այլ փոքրամասնութիւններուն, նաեւ հայութեան հարցերը: Սա մանաւանդ անընդունելի է, երբ նկատի կ՛ունենանք, որ Վրաստան կը ձգտի Եւրոպական միութեան անդամակցութեան եւ ինքզինք կը ներկայացնէ այսօր որպէս Եւրոպայի արժէքներու մեծագոյն ջատագովը այդ շրջանին մէջ. ասիկա անշուշտ իրականութեան չի համապատասխաներ, բայց նուազագոյնը այդ իրենց միտումի, բաղձանքի արտայայտութիւնն է, որ լաւ է, բայց այդ ուղին բռնած երկիրը չի կրնար այսպիսի ձեւով վարուիլ իր ազգային կարեւորագոյն փոքրամասնութեան հետ, որն է` հայութեան պարագան: Ուրեմն մենք կ՛օգտուինք Եւրոպայի օրէնքներու ընձեռած հնարաւորութիւններէն, որովհետեւ ունինք աշխուժ գրասենեակ Պրիւքսելի մէջ, նաեւ յանձնախումբեր` Եւրոպայի մեծ երկիրներուն մէջ: Այս բոլոր միջոցներով նաեւ կ՛աշխատինք ճնշում բանեցնել Վրաստանի կառավարութեան վրայ, Վրաստանի իշխանութեան ներկայացուցիչներուն վրայ, որ պէտք է յարգեն իրենց իսկ ստանձնած յանձնառութիւնները եւ տուած խոստումները Եւրոպային, որ` պէտք է հաւասար աչքով դիտեն ազգային փոքրամասնութիւնները, մանաւանդ` հայութիւնը:

Մեծագոյն հարցերէն մէկը, բնականաբար, ջաւախահայութեան համար տնտեսական տագնապն է. Դաշնակցութիւնը փորձած է հոն ստեղծել յատուկ հիմնադրամ` ոչ քաղաքական պարունակով, պարզապէս` ներդրումներ կատարող, տեղւոյն տնտեսութեան օժանդակող, բայց ընդհանուր վիճակին պատճառով հաւանական ներդրողները միշտ քիչ մը կը վարանին: Աշխատանք կը տարուի, որ եթէ Եւրոպան յատկացնէ որոշ գումարներ` ենթակառուցուածքներու եւ ճանապարհաշինութեան, որ բաժին հասնի նաեւ Ջաւախքին եւ ոչ թէ միայն մնայ Թիֆլիսին եւ` չորս կողմի վրացական գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ. ուրեմն այդ իմաստով բաւական լուրջ աշխատանք կայ, կը փորձենք Ջաւախքի մեր ընկերները, մեր պատասխանատուները դուրս հանել, որպէսզի իրենք բացատրեն կացութիւնը` շատ հանդարտ, տրամաբանական ոչ զգացական ձեւով, որովհետեւ մեր նպատակը ներքին ըմբոստութիւն յառաջացնել չէ, այլ ապահովել, որ իրենք ունենան մարդավայել կեանք` առանց որեւէ բան զիջելու իրենց իրաւունքներէն` որպէս ազգային խմբաւորում:

Հ.- Ձեր խօսքը` մեր ժողովուրդին եւ երիտասարդութեան:

Յ. Տ. Խ.- Մենք շնորհակալ ենք մեր ժողովուրդին, համակիրներուն, որոնք նեցուկ կը կանգնին մեր այս շատ կարեւոր պայքարին, որովհետեւ, ինչպէս երբեմն հայրենի իշխանութիւններն ալ անդրադարձած են եւ կը կրկնեն այդ հասկացողութիւնը, այսօր կ՛անդրադառնանք, որ մեր Հայ դատի գործունէութիւնը աշխարհի մէջ տարածուած հայ ժողովուրդին համար ստեղծած է երկրորդ բանակ, եթէ առաջին բանակը մեր պանծալի բանակն է, որ Հայաստանի եւ Արցախի սահմանները ազատ եւ անվտանգ կը պահէ` արտաքին թշնամիին դէմ ֆիզիքապէս պայքարելով, քաղաքական եւ դիւանագիտական բաժինն ալ այդ պայքարին կը տանին մեր Հայ դատի յանձնախումբերը` Հայաստանի դիւանագիտութեան կողքին: Թէեւ տեղ-տեղ տարբերութիւններ կան, բայց կը փորձենք այդ տարբերութիւններուն մասին խօսիլ իրարու հետ եւ համադրել աշխատանքը: Բայց այսօր կրնամ նշել, որ մեր ներկայութիւնը մեծ թիւով երկիրներու մէջ, աւելի քան 40, մեծագոյն զէնքն է մեր հայրենիքի երկու պետութիւններուն եւ հայութեան համար, որպէսզի ատիկա վերածենք լուրջ պայքարի, որ չի յաջողիր առանց մեր ժողովուրդին նեցուկին: Ուրեմն առաջին խնդրանքս է, շնորհակալութեան խօսքէս անդին, որ մեր ժողովուրդն ալ մնայ պատնէշի վրայ, մեր ժողովուրդն ալ մնայ աջակից, օժանդակէ մեզի մեր այս գործին մէջ` երբեմն իր մարդուժը տրամադրելով, երբեմն իր նիւթականը, որպէսզի այս պայքարը հասցնենք առաւելագոյնին եւ արդիւնաւորուի լաւագոյնս, ազդեցիկ քաղաքականութեամբ: Երկրորդը` մենք այսօր ունինք գրաւիչ դաշտ մը, որ կը կոչուի Հայ դատ. այսօր եթէ մենք երիտասարդութիւնը պիտի գրաւենք եւ վերադարձնենք հայութեան, ինչպէս գիտէք, Միջին Արեւելքը դեռ այն բախտաւոր շրջաններէն է, որ հայակերտման եւ հայապահպանման իմաստով մեծ տագնապ չի դիմագրաւեր, թէեւ հոս ալ կայ այդ հարցը, բայց համեմատաբար աւելի լաւ վիճակի մէջ է, իսկ մնացեալ սփիւռքի մէջ մենք ունինք մեծագոյն տագնապ` ձուլման դէմ պայքարելու: Հաւանաբար հարց տրուի, թէ ի՛նչ կապ կայ ասոր եւ Հայ դատին միջեւ. ըսեմ, որ մեծ է կապը, որովհետեւ երբեմն հայութեան վերադարձի գործօններով (լեզու, գրականութիւն, մշակոյթ) չկարենանք զանոնք բերել դէպի հայութիւն, կը յաջողինք այդ մէկը ընել Հայ դատի ճամբով: Ունինք բազմաթիւ երիտասարդներ` մանաւանդ Ամերիկաներուն, Աւստրալիոյ, Եւրոպայի մէջ, որոշ չափով` Քանատա, որով դեռ հայախօս գաղութ է, ուր կը կարողանանք այդ երիտասարդները բերել, մօտեցնել, որպէսզի շահագրգռուին հայ ժողովուրդի ապագայով, ներկայով եւ ոչ թէ դառնան անցեալը ուսումնասիրող, եւ այսպիսով իւրաքանչիւրը կը զգայ, որ իր փոքրիկ բաժինը ունի բերելիք: Մենք պէտք է այժմէականացնենք մեր մեթոտները, լսենք մեր երիտասարդութիւնը եւ իրենցմէ եկած առաջարկները, փորձենք մեր գործելակերպը յարմարցնել իրենց` միշտ չակնկալելով, որ երիտասարդութիւնը մեր կաղապարին մէջ մտնէ: Կը կարծեմ, որ այդ ուղղութեամբ լաւագոյն աշխատանքը կրնանք տանիլ` այդ երիտասարդութիւնը ներգրաւելու Հայ դատի գործերուն մէջ:

Հարցազրոյցը վարեց` ՇՈՂԵՐ ՄԽՃԵԱՆ
Արտագրեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Հարցազրոյց` «Հայ Դատի Գլխաւոր Մարտահրաւէրները Այսօր» Նիւթով

(ԱԶԴԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹ, 5 Սեպտեմբեր) «Վանայ ձայն»-ի, «Ազդակ»-ի եւ «Օ. Թի. Վի.»-ի հետ կատարուած միացեալ հարցազրոյցով մը, երէկ` երկուշաբթի, 4 սեպտեմբերին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան անդրադարձաւ Հայ դատի դիմագրաւած գլխաւոր մարտահրաւէրներուն:

Հարցազրոյցին սկիզբը, ան ընդանուր արժեւորումը կատարեց շաբաթավերջին «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած` Միջին Արեւելքի Հայ դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովին եւ հոն արծարծուած գլխաւոր նիւթերուն: Ապա, Հայ դատի մերօրեայ ըմբռնումին ընդհանուր տարազումը կատարելով, Տէր Խաչատուրեան խօսեցաւ Թուրքիայէն մեր պահանջատիրութեան, Արցախեան հարցի բանակցութիւններուն, Ջաւախքի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ աշխարհասփիւռ Հայ դատի գրասենեակներու գործունէութեան մասին:

Հարցազրոյցին ամբողջութիւնը կը տեղադրուի «Ազդակ»-ի կայքէջին վրայ, իսկ անիկա մեր ընթերցողներուն սեփականութիւնը պիտի դառնայ յառաջիկայ թիւերով:

Հարցազրոյցէն բաժիններ կը ներկայացուին «Օ. Թի. Վի.»-ի հայկական լուրերու բաժինին սփռուելիք յատուկ հաղորդումով: