(ԱՍՊԱՐԷԶ, 1 Օգոստոս) ՖՐԵԶՆՕ.- 2018ի ընտրութիւններուն Քալիֆորնիոյ փոխնահանգապետի պաշտօնին իր թեկնածութիւնը դրած Էլենի Քունալաքիս հանդիպում մը ունեցած է Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հետ, քննելով ամերիկահայութիւնը յուզող եւ իր ընտրապայքարին առնչուող հարցեր։
Ֆրեզնոյի «Կարօ եւ Ալիս Կիւրէղեան» Հայ կեդրոնին մէջ կայացած խորհրդակցութիւններէն ետք, Քունալաքիս հանդիպած է նաեւ շրջանի ՀԵԴի «Գէորգ Չաւուշ» ուխտի ներկայացուցիչներուն հետ։
Նշենք, որ Քունալաքիս 2010-2013 տարիներուն եղած է Հունգարիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան եւ իր յուշագրութեան մէջ անդրադարձած է 2004ին Պուտափեշտի մէջ հայ սպայ մը կացինով սպաննած ատրպէյճանցի զինուորը Պաքուին յանձնելու Հունգարիոյ իշխանութեանց անարդարանալի որոշումին՝ խստօրէն դատապարտելով զայն։
Ընտրուելու պարագային, Քունալաքիս պիտի հանդիսանայ Քալիֆորնիոյ առաջին կին փոխնահանգապետը։
Լուսանկար – Քունալաքիս կը զրուցէ Ֆրեզնոյի ՀԵԴի «Գէորգ Չաւուշ» ուխտի անդամներուն հետ