Capacity Crowd Comes Together To Honor ANCA Glendale Awardees

Zareh and Melina Issakhanian make staggering contribution of $50,000 to ANCA Glendale

GLENDALE – On Wednesday, May 17, a stellar gathering of more than 300, including local elected officials and community leaders,

The Issakhanian family donated $50,000
The Issakhanian family donated $50,000

gathered to celebrate the work and achievements of the Armenian National Committee of America Glendale Chapter’s awardees at the first annual ANCA Glendale Award and Appreciation Dinner. The evening was highlighted by a superlative donation of $50,000 by Mr. and Mrs. Zareh and Melina Issakhanian.

The ANCA – Glendale Community Service Award was presented to the President of Soroptimist International of Glendale, Susan Hunt. The Golden Heart Award to local business owner and philanthropist, Naz Atikian. The Youth Activist Award to Clark Magnet High School Student Body Vice President, John Bandek. The Hye Tahd Award to local business owner and longtime supporter of the Armenian Cause, Zareh Issakhanian. The Lifetime Achievement Award to the President of Los Angeles County Commission for Women and Chair of ANCA Western Region Education Committee, Alice Petrossian. The Maria Jacobsen Humanitarian Award to Glendale Adventist Medical Center soon to be known as Adventist Health Glendale.

The ANCA-Glendale advocates for the social, economic, cultural, and political rights of the city’s Armenian American community and promotes increased civic participation at the grassroots and public policy levels.

Photo: ANCA Glendale Chapter members and honorees during the banquet

Իսախանեանները 50,000 Տոլար Կը Նուիրեն Կլենտէյլի Հայ Դատի Ձեռնարկին Ընթացքին

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած տարեկան անդրանիկ մրցանակաբաշխութեան եւ գնահատանքի ձեռնարկը կայացաւ Չորեքշաբթի, Մայիս 17ի երեկոյեան, «Իմփրեշընզ» սրահը։ Անոր ընթացքին մեծարուեցան Ալիս Պետրոսեան, Ճան Պանտեք, Սիւզըն Հանթ, Նազ Աթիքեան, Զարեհ Իսախանեան եւ Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» բժշկական կեդրոնը։

Այս առիթով, տէր եւ տիկ. Զարեհ եւ Մելինա Իսախանեանները 50,000 տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարեցին։

Ձեռնարկին ներկայ էին մեծ թիւով գաւառային եւ քաղաքային պաշտօնատարներ, ինչպէս նաեւ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Լաուրա Ֆրիտմընի ներկայացուցիչները։

Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգները կատարեց Մրրիկ Նուպարենց, իսկ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան մատուցեց բացման աղօթքը եւ փոխանցեց իր պատգամը: Ան շնորհաւորեց կազմակերպութեան անդամները՝ իրենց աննահանջ աշխատանքին համար, մաղթելով, որ անոնք անվհատ շարունակեն վսեմ առաքելութիւնը: Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ պատիւի արժանացողներուն մասին՝ վեր առնելով անոնց նուիրեալ ծառայութիւնները՝ ի սպաս հանրութեան, եւ յոյս յայտնելով, որ անոնց իրագործումները ներշնչումի աղբիւր դառնան նոր սերունդին: Սրբազանը նաեւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց պետական ընտրեալ պաշտօնատարներուն եւ նուիրատուներուն, որոնք յարատեւօրէն զօրավիգ կը կանգնին Հայ Դատին:

Ձեռնարկի հանդիսավարն էր Պիանքա Մանուկեան, որ ողջունեց հիւրերը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի յաջողութեան նպաստած անձնաւորութիւններուն, ապա անդրադարձաւ Կլենտէյլի մէջ հայութեան դերակատարութեան։

Ընթրիքին ընթացքին ցուցադրուեցաւ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի իրագործումներն ու սպասարկութիւնները լուսարձակի տակ առնող տեսանիւթ մը, որմէ ետք ներկաները ունկնդրեցին Արշակ Խնդիրեանի երաժշտական կատարումները։ Աւելի ուշ, ներկաները վայելեցին մենակատար Արա Պասիլի կատակախօսութիւնը։

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Քեթրին Պըրկըր, որ դրուատեց ամերիկահայութեան ներդրումները, խօսեցաւ Ապրիլ ամիսը Հայ մշակոյթի ամիս հռչակելու եւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման օր հռչակելու վերաբերեալ Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի որոշումներուն մասին։

Ապա, հանդիսավարը ներկայացուց իւրաքանչիւր մեծարեալի իրագործումները, որմէ ետք Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետին եւ այլ պաշտօնատարներու ձեռամբ տեղի ունեցաւ մրցանակներու յանձնումը։ Մեծարեալները նաեւ գնահատագիրներ ստացան Էտըմ Շիֆէն, Էնթընի Փորթանթինոյէն, Լաուրա Ֆրիտմընէն, Քեթրին Պըրկըրէն, Կլենտէյլի քաղաքապետ Վարդան Կարապետեանէն եւ Քրեսենթա հովիտի առեւտուրի գրասենեակէն։

«Համայնքային Սպասարկութեան Մրցանակ»ը ստացաւ Սիւզըն Հանթ, որ յատկանշական ներդրում ունեցած է հայ համայնքին եւ ընդհանրապէս քաղաքի բնակչութեան բարօրութիւնը ապահովելու աշխատանքին մէջ։ Ան ներկայիս անդամ է Կլենտէյլի «Սորոփթիմիս»չ կազմակերպութեան, որուն նախագահը եղած է անցեալին: 1996ին միացած է քաղաքի հանրային հաղորդակցութեանց գրասենեակին՝ ստանձնելով համայնքային աղբիւրներու մասնագէտի պաշտօն՝ հանրութիւնը տեղեակ պահելով շրջանի աշակերտներու իրագործումներէն, միաժամանակ՝ կրթական կարելիութիւններու դուռ բանալով քաղաքացիներուն առջեւ: Ան ղեկավարի պաշտօններ ստանձնած է նաեւ համայնքային շարք մը կազմակերպութիւններու մէջ։

«Ոսկեայ Սիրտ Մրցանակ»ը շնորհուեցաւ Նազ Աթիքեանին, որ իր գթասրտութեամբ յաճախ օգնութեան ձեռք երկարած է քաղաքի կարիքաւորներուն՝ բարելաւելով անոնց վիճակը: Իր սեփական ջանքերով եւ առատաձեռնութեան շնորհիւ, ան օժանդակած է շատերուն եւ օրինակ դարձած ուրիշներուն: Մասնաւորապէս, կարեւոր ներդրում ունեցած է ՀՕՄի Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու կազմակերպութեան գործունէութեան մէջ:

«Երիտասարդ Գործիչի Մրցանակ»ը յանձնուեցաւ «Քլարք Մակնե»չ վարժարանի աշակերտութեան փոխնախագահ Ճան Պանտեքին, որ իր աշխոյժ ղեկավարման ճամբով, վարժարանին եւ համայնքին մէջ յատկանշական գործունէութիւն մշակած է: Ան նաեւ նուիրեալ անդամ է Կլենտէյլի ՀԵԴի «Ռուբէն» ուխտին եւ ՀՄԸՄի «Շան»չ մասնաճիւղին: Մրցանակը ՀԵԴի «Ռուբէն» ուխտի անդամներէն ստանալով՝ ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Շամլեան» վարժարանին եւ «Քլարք Մակնեթ»ի տնօրէնուհի Լենա Քորթոշեանին։

«Կլենտէյլի Հայ Դատ Մրցանակը» ստացաւ համայնքէն ներս գործօն դերակատարութիւն ունեցող Զարեհ Իսախանեան, իբրեւ գնահատանք՝ Հայ Դատի աշխատանքներուն, Կլենտէյլի հայ համայնքին եւ Հայաստանի բարօրութեան ի խնդիր իր ցուցաբերած անձնուէր եւ հետեւողական աջակցութեան: Անոր երեխաները՝ Անտրէա եւ Էրիք, իրեն հետ բեմ բարձրացան մրցանակը ստանալու համար, իսկ իր խօսքին մէջ ան շնորհակալութիւն յայտնեց միշտ իրեն նեցուկ կանգնող իր մօր, կնոջ եւ զաւակներուն՝ յիշելով նաեւ իր հանգուցեալ հայրը։

«Մարիա Ճէյքըպսըն Մարդասիրական Մրցանակ»ը յանձնուեցաւ Կլենտէյլի «Էտվենթիս»չ բժշկական կեդրոնին եւ անձնակազմին, իբրեւ գնահատանք՝ հիւանդութիւններ դարմանելու ու ցաւեր մեղմացնելու ճամբով մարդկութեան բարօրութիւնը ապահովող անոնց աշխատանքին: Մրցանակը ստացաւ կեդրոնի տնօրէն Քեւըն Ռապըրց, որ լուսարձակի տակ առաւ յատկապէս Հայաստանի Նոյեմբերեան շրջանին մէջ Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» բժշկական կեդրոնին եւ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին համագործակցութեամբ իրականացած բժշկական օժանդակութեանց առաքելութիւնները:

Իսկ կազմակերպութեան բարձրագոյն՝ «Կեանքի Մը Իրագործումներու Մրցանակ»ը շնորհուեցաւ Ալիս Պետրոսեանին, որ հանրային սպասարկութեանց նուիրուած իր կեանքին ընթացքին օրինակելի ներդրումներ ունեցած է հայ համայնքի բարգաւաճման ուղղուած ջանքերուն մէջ: Ան ներկայիս նախագահն է Լոս Անճելըս գաւառի Կանանց յանձնաժողովին, ատենապետն է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կրթական հարցերու յանձնախումբին եւ անդամ է շարք մը կազմակերպութեանց վարչութիւններու, յանձնաժողովներու եւ մարմիններու։ Պետրոսեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց յատկապէս ՀՕՄի ճամբով կամաւոր աշխատանք տարած իր երկու մեծ մայրերուն, ինչպէս նաեւ՝ իր ծնողքին, որոնք սպասարկելու ոգին սերմանած են իր մէջ։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց միշտ իրեն նեցուկ հանդիսացած ամուսնոյն եւ յիշեց, թէ ինչպէս 50 տարի առաջ, Կլենտէյլի մէջ ապրող 8 հայ ընտանիքներով հիմը դրած էին ՀԵԴի «Թեհլիրեան» ուխտին, ապա ուրախութիւն յայտնեց, որ այսօր այդ քաղաքի հայութիւնը այսքա՛ն բարգաւաճած է։

Աւարտին, Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Արթին Մանուկեան խօսեցաւ Կլենտէյլի հայ համայնքի անցած ճանապարհին եւ բարգաւաճման մասին՝ յիշեցնելով, որ քաղաքը կը հանդիսանայ Հայաստանէն դուրս՝ հայկական ամենահզօր համայնքի տունը, միաժամանակ յայտնեց, թէ քաղաքին հայութիւնը, ի՛ր կարգին, իր նպաստը բերած է քաղաքը հարստացնելու ջանքերուն, ըլլայ անիկա մշակութային, տնտեսական թէ քաղաքական ոլորտներէ ներս։

Մանուկեան նաեւ յայտարարեց, թէ օրուան մեծարեալներէն եւ «Հայ Դատի լուռ զինուորներէն»՝ Զարեհ Իսախանեանն ու կինը՝ Մելինան, որոշած են 50,000 տոլարի իշխանական նուիրատուութիւն մը կատարել, շարունակելով հաստատ մնալ համայնքին նեցուկ կանգնելու իրենց կեցուածքին մէջ։

Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի գործունէութեան մասին տեղեկութեանց համար, այցելել www.ancaglendale.org կայքը։