(ԱՐՁԱԳԱՆԳ) Այսօր Կիպրոս ժամանեց Հայաստանի Հանրապետութեան Արտգործ նախարար Էտուարտ Նալպանտեան, մասնակցելու Եւրոպական Խորհուրդի Արտաքին Գործոց Նախարարներու համաժողովին։
Իր Կիպրոս կատարած՝ մի քանի ժամուան այցելութեան ընթացքին, ան հանդիպում ունեցաւ նաեւ ՀՅ Դաշնակցութեան Կիպրոսի Ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեանի հետ։
Հանդիպման ընթացքին, ՀՅԴ Ներկայացուցիչը անդրադառձաւ Կիպրոս-Հայաստան՝ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող բացառիկ յարաբերութիւններուն եւ յայտնեց ՀՅ Դաշնակցութեան Կիպրոսի կազմի եւ Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբի անվերապահ աջակցութիւնը, Հայաստանի, Արցախի եւ Կիպրոսի արդար դատերուն նկատմամբ կատարուող աշխատանքներուն հանդէպ։
Այնէճեան հայրենի նախարարին վստահեցուց նաեւ, թէ Կիպրոսի ՀՅԴաշնակցութեան եւ գործակից միութիւններու, ինչպէս նաեւ՝ Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբի քարոզչական եւ յարաբերական հնարաւորութիւնները, մանաւանդ ՀՀԿ-ՀՅԴ համախոհական կառավարութեան ձեւաւորումէն յետոյ, կը գտնուին հայրենի կառավարութեան տրամադրութեան տակ։