Ցեղասպանութեան 102րդ Տարելիցին Նուիրուած Ոգեկոչական Ձեռնարկներ Սան Ֆրանսիսքոյի Մէջ

(ԱՍՊԱՐԷԶ) Նախաձեռնութեամբ շրջանիս Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչական յանձնախումբին, երկու յաջորդական օրեր տեղի ունեցան Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ոգեկոչական ձեռնարկներ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ:

Առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Ապրիլ 23ի յետմիջօրէին, Հայոց Ցեղասպանութեան Սան Ֆրանսիսքոյի յուշարձանին՝ «Mt. Davidson Cross»ի բլուրին վրայ, ներկայութեամբ շրջանիս եկեղեցիներու հոգեւոր հայրերուն՝ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանի, Մեսրոպ քհնյ. Աշի, Յովէլ քհնյ. Օհանեանի, վեր. Ներսէս Պալապանեանի, վեր. Ճէյմզ Գիզիրեանի, շրջանիս մէջ գործող ազգային մարմիններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ շուրջ 400 հայ եւ օտար ներկաներու, որոնք եկած էին յարգելու յիշատակը 1.5 միլիոն հայ նահատակ սուրբերուն, որոնք անմեղօրէն զոհուեցան թուրքերու ձեռքով:

Յուշ-երեկոն սկսաւ ՀՄԸՄի արի-արենուշներու դրօշակի արարողութեամբ, Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի ազգային քայլերգներու կատարմամբ ու մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ, առ ի յարգանք 1.5 միլիոն նահատակ սուրբերուն:

Հանդիսութիւնը ձեռնհասօրէն վարեց եւ օրուան պատգամը փոխանցեց հանդիսավարուհի Նանոր Պալապանեան. ան մասնաւորաբար անդրադառնալով օրուան խորհուրդին՝ ըսաւ. ««Ինչպէ՞ս մարդ կրնայ ուրանալ, ինչպէ՞ս մարդ կրնայ ուրանալ» բացագանչեց սեւամորթ աշակերտներէս մէկը՝ իմ արցունքոտ աչքերուս նայելով, միասնաբար տեսնելէ ետք «Խոստումը»՝ Ցեղասպանութեան նուիրուած ժապաւէնը, ամբողջ դասարանով: Ան չէր կրնար հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս խումբ մը մարդիկ կրնան գործադրել նման ոճիր մը: Բազմաթիւ ամերիկացի ուսանողներուս համար աներեւակայելի բաներ էին ասոնք: Ամերիկացի աշակերտներուս պատմած էի մեծ մօրս՝ Զարուհիին մասին, որ ինքզինք նետած էր Տիգրիս գետը, թրքական բռնաբարումներէ ու սպանութենէ ազատելու համար, եւ թէ ինչպէ՛ս իր վեց ամսուան մանուկը թողած էր ծառի մը տակ, թուրք ոստիկանին պարտադրանքով։ Որքա՛ն կը պատմէի այս բաները օտար աշակերտներուս, այնքա՛ն խառն ու անբացատրելի զգացումներով կը դիտէին զիս»:

Ապա, Ն. Պալապանեան ծաղկեպսակներու զետեղումի արարողութեան հրաւիրեց գաղութի միութիւններու ներկայացուցիչներն ու Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանի աշակերտութիւնը, որոնք հերթաբար ու երկիւղածութեամբ խոնարհելով ու աղօթելով՝ զետեղեցին ծաղկեպսակները:

Օրուան հիւր խօսնակներն էին Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքի վերակացուներէն՝ Էրըն Փեսքըն եւ Նորմըն Եի, որոնք իրենց սրտի խօսքերուն ընթացքին յայտնեցին իրենց ցաւակցութիւնները ու խոստացան իրենց կարողութեանց սահմաններուն մէջ նեցուկ կանգնիլ հայ ժողովուրդի պահանջատիրական արդար Դատին. այս առիթով, անոնք նաեւ ներկայացուցին Հայոց Ցեղասպանութեան 102ամեակին նուիրուած հռչակագիր մը:

Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչական յանձնախումբի ատենապետ Սեւակ Քեւրանեան, ողջոյնի ու բարի գալուստի խօսքերէն ետք արտասանեց իր շնորհակալական խօսքերը՝ ուղղուած շրջանի կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն, ժողովուրդին եւ բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան այս տարուան ոգեկոչական ձեռնարկներու յաջողութեան:

Ծովածոցի ՀՄԸՄի երեք մասնաճիւղերուն անունով ելոյթ ունեցաւ Քլոտիա Լիթս, որ ըսաւ. «102 տարի առաջ, թրքական կառավարութիւնը որոշեց եւ փորձեց հայ ազգը ոչնչացնել, բայց չգիտցաւ, որ երբ աշխարհի չորս կողմը ցրուինք, պիտի շարունակենք ապրիլ ու շատնալ: æարդէն ետք, այն բոլոր որբերը, որոնց ընտանիքները չէզոքացան, որբանոցներու մէջ սկսան իրարու քոյր եւ եղբայր կոչելու, եւ ՀՄԸՄի արի-արենուշները նո՛յնը կը շարունակեն մինչեւ այսօր։ Մենք փաստն ենք, որ թրքական կառավարութիւնը ձախողեցա՛ւ 1915ին: Թէեւ մենք քիչ ենք թիւով, բայց մեր ուժեղ ձայնը երբե՛ք պիտի չդադրի, եւ մենք պիտի շարունակենք պայքարիլ մինչեւ վերջ»:

Այս առիթով, ԳԶՎ Ազգային վարժարանի աշակերտութիւնը ներկայացուցին երկու խմբային արտասանութիւններ եւ երկու երգեր՝ նուիրուած հայ նահատակ սուրբերուն:

Նանոր Պալապանեանի՝ «East-side College Preparatory» վարժարանի ոչ-հայ աշակերտները ոմանք, որոնք առիթը ունեցած էին տեսնելու «The Promise» ժապաւէնը եւ դպրոցին մէջ լսելու Ցեղասպանութեան պատմութիւնը, ներշնչուելով այդ մթնոլորտէն՝ գրած էին Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած բանաստեղծութիւն մը, զոր ներկայացուցին խմբային արտասանութեամբ՝ սգահանդէսին ընթացքին: Եօթը տարբեր ազգութիւններէ բաղկացած աշակերտներու այդ խումբը եկած էր սգահանդէսին, ցոյց տալու համար իր նեցուկը հայ ժողովուրդին:

Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կողմէ խօսք առաւ Շանթ Քիլիճեան, որ ներկայացուց շրջանի հայկական երիտասարդական միութիւններու՝ AGBU-YPNC-ի, ACYO-ի, KZV-ի եւ SOAR-ի (Հայ որբերու օգնութեան ընկերակցութիւն) խօսքը։ Ան ըսաւ. «Ասկէ 100 տարիներ առաջ, մեր մեծ հայրերը ջարդուեցան 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ընթացքին, Թուրքիոյ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ, Թալէաթ փաշայի առաջնորդութեամբ: Անոնք, խուժելով հայկական գիւղեր ու տուներ՝ սպաննեցին ամբողջ մտաւորականութիւնն ու տղամարդիկը, ապա ձերբակալելով բոլոր կիներն ու երեխաները՝ զանոնք դրին աքսորի ճամբան, հարիւրաւոր մղոններով՝ առանց ուտելիքի ու ջուրի. անոնցմէ շատերը մահացան անօթութենէ ու ծարաւէ, իսկ անոնք, որոնք ողջ մնացին, սպաննուեցան անապատներու մէջ անխղճօրէ՛ն»:

Աւարտին, հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ վերոյիշեալ հոգեւոր հայրերուն կատարողութեամբ, 1915ին զոհուած հայ բիւրաւոր սուրբ նահատակներու հոգիներու խաղաղութեան համար: Ապա կատարուեցաւ ծաղիկներու զետեղում՝ ներկայ ժողովուրդին կողմէ, յուշահամալիրի Ս. խաչին առջեւ:

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ

Սան Ֆրանսիսքոյի Մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան 102ամեակի տօնակատարութեան երկրորդ հանգրուանը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, Ապրիլ 24ի երեկոյեան, «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ:

Նախաձեռնութեամբ շրջանի մուսալեռցիներուն, պատրաստուած էր հերիսայի մատաղ. երեկոն սկսաւ մատաղօրհնէքով, ձեռամբ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանի, Մեսրոպ քհնյ. Աշի եւ վեր. Ներսէս Պալապանեանի: Ապա, օրհնուած հերիսան հրամցուեցաւ ներկայ ժողովուրդին, առ ի յարգանք ու յիշատակ Ցեղասպանութեան զոհ գացած 1.5 միլիոն նահատակներուն:

Երեկոն մեկնարկ առաւ ՀՄԸՄի արի-արենուշներու կողմէ դրօշակի արարողութեամբ եւ Ամերիկայի ու Հայաստանի քայլերգներով: Բարի գալուստի ու բացման խօսքը կատարեց հանդիսավարուհի Վալինա Աղպապեան։ Ան գնահատական խօսքերով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց մատաղ հարիսան պատրաստող եւ մեր գաղութի սիրուած ու յարգուած տիկիններէն՝ մուսատաղցի Յասմիկ Գոզանեանին ու բարեկամներուն, որոնք հարիսան պատրաստած էին շուրջ 400 հոգիի համար: Հանդիսավարուհին գնահատական խօսքերով ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչական յանձնախումբին տարած գնահատելի աշխատանքները՝ յատուկ շեշտ դնելով Ցեղասպանութեան պաստառին վրայ, որ երկրորդ տարին ըլլալով կը ծածանէր Սան Ֆրանսիսքոյի «Պէյ» կամուրջին վրայ, ուրկէ մօտաւորապէս 270,000 ինքնաշարժ կ՛անցնի օրական:

Օրուան պատգամաբերն էր Գողգոթա Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Ներսէս Պալապանեան, որուն խօսքին ընդհանուր թեման էր՝ «Աստուծոյ հրաշքներուն 102 տարիները»: Ան իր խօսքը սկսաւ Աստուածաշունչի հետեւեալ համարներով. «Ամէն կողմէ կը տառապինք, բայց տագնապած չենք. վարանումի մէջ ենք, բայց յուսահատ չենք. հալածուած ենք, բայց լքուած չենք. խորտակուած ենք, բայց կորսուած չենք»։ Ան ցուցադրեց բազմաթիւ պատկերներ եւ պատմեց դրուագներ, որոնք շատ հետաքրքրական դարձուցին իր պատգամը:

Վերապատուելի Պալապանեան պատմեց իր մեծ հօր՝ Պալապան խոճայի (Սարգիս Պալապանեան) հրաշքով փրկուելուն մասին՝ թուրքի սուրէն, ապա՝ անոր տարիներու վաստակին մասին, իբրեւ ուսուցիչ, դաստիարակ եւ տնօրէն: Ան նկարագրեց որբանոցներուն միջոցաւ կատարուած հրաշքը՝ շեշտելով, որ այդ որբանոցները ապաստան եւ փրկութիւն եղան հազարաւոր հայ մանուկներու: Յաջորդ հրաշքը հանդիպում մըն էր 2016ին, իսլամացած հայուհիի մը հետ՝ Եուսրա Օհաննէսեան անունով, Պէյրութի «Գարակէօզեան» դարմանատան մէջ: Ան Տէր Զօրի հայերէն է, որ Լիբանան հասած է իբրեւ գաղթական եւ հպարտօրէն կը յայտարարէ իր հայ ըլլալը ու կը փնտռէ իր արմատները: Ապա, վերապատուելին լուսաբանեց, ամերիկեան համալսարաններու մէջ աստուածաբանութիւն եւ երաժշտութիւն ուսած տարիներուն, ան ամէն առիթ օգտագործած է՝ պատմելու մեր արդար Դատին մասին, օտար եկեղեցիներու եւ շրջանակներու մէջ: Իր պատգամին վերջին մասը նուիրուած էր այն հրաշքին, որ կատարուեցաւ Մուսա լերան վրայ: Վերջին քանի մը օրերուն, «The Promise» շարժապատկերը մեծ աղմուկ ստեղծեց եւ ամբողջ աշխարհին ծանօթացուց լեռ բարձրացող ժողովուրդին հերոսական պատմութիւնը: Վերապատուելին աւարտեց իր խօսքը՝ պատկերներ ցոյց տալով, թէ ինչպէ՛ս այնճարցիք մեծ խումբով կը դիտեն «Խոստումը» շարժապատկերը:

Այո՛, պատուելին իրապաշտ էր: Այսօր տակաւին, Թուրքիա եւ անոր դաշնակիցները կը փորձեն ջնջել մեզ, սակայն հրաշքը կը շարունակուի: Ան խօսքը աւարտեց՝ Պօղոս առաքեալի խօսքերը դարձեալ կարդալով. «Ամէն կողմէ կը տառապինք, սակայն տագնապած չե՛նք… խորտակուած ենք, բայց կորսուած չե՛նք»:

Ցեղասպանութեան յանձնախումբի անդամ Դաւիթ Օճաքեան հակիրճ ելոյթ մը ունենալով՝ խօսեցաւ «Խոստումը» շարժապատկերի մանրամասնութիւններուն մասին եւ քաջալերեց, որ իւրաքանչիւր հայ տեսնէ ու իր բարեկամները քաջալերէ այդ ժապաւէնը տեսնելու:

Աւարտին, Հայ Դատի յանձնախումբի ժրաջան անդամներէն Ռաքսեն Մաքասճեան ցոյց տուաւ երկու հակիրճ ժապաւէններ՝ Հայ Դատի յանձնախումբին տարած աշխատանքներուն մասին:

Ձեռնարկը վերջացաւ հոգեւոր հայրերու աղօթքներով՝ Ցեղասպանութեան նահատակ սուրբերու հոգիներուն համար:

ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Լուսանկար – Ռաքսեն Մաքասճեան