Նախորդ շաբթուան ընթացքին, Հայ Դատի Շրջանային Յանձնախումբի հերթական հանդիպումներու շարքին, Հայ Դատի Օթթաուայի Գրասենեակի գործավար Սեւակ Պէլեան խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցաւ Շէրուուտ Փարք – Ֆորդ Սասքադչուան ընտրատարածքը ներկայացնող Պահպանողական երեսփոխան՝ Կարնէթ Ճէնըսի հետ:
Մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին, Հայ Դատի ներկայացուցիչը երեսփոխան Ճէնըսի հետ քննարկէց Հայ Դատի առնչուող առաջնահերթ շարք մը հարցեր, որոնց շարքին Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան հակադարձելու անհրաժեշտութիւնը, Արցախի հիմնահարցը, Գանատա-Հայաստան երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման հոլովոյթը, ինչպէս նաեւ Գանատա-Հայաստան Խորհրդարանական Խմբակցութեան աշխատանքները: Յատուկ շեշտ դրուեցաւ Գանատայի մէջ թրքական գործօնի ժխտական ազդեցութեան չեզոքացման աշխատանքներուն եւ Արցախեան հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման եւ անոր նկատմամբ Գանատայի դրական կեցուածքը ապահովելու անհրաժեշտութեան վրայ:
Իր կարգին, Երեսփոխան Ճէնըս Հայ Դատի ներկայացուցիչին հետ բաժնեց իր կարծիքն ու դրական կեցուածքը վերոնշեալ հարցերուն շուրջ եւ իր գնահատանքը արձանագրելէ ետք յանձնախումբի տարած գործունէութեան մասին, իր աջակցութիւնը յայտնեց Հայ Դատի աշխատանքներուն:
Լուսանկար – Ձախէն՝ Սեւակ Պէլեան, Կարնէթ Ճէնըս