Պիելոռուսիոյ կողմէ Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի քաղաքացի, պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինի ձերբակալութեան եւ զայն Ազրպէյճանին արտայանձնելու որոշումին լոյսին տակ, ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը հրապարակեց հետեւեալ դատապարտագիրը.
20 յունուար 2017-ին Պիելոռուսիոյ ընդհանուր դատախազի տեղակալը որոշում տուաւ բաւարարելու Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազութեան դիմումը` Ալեքսանտր Լափշինը Ազրպէյճանին արտայանձնելու վերաբերեալ:
Ազրպէյճան որոշած է քրէական պատասխանատուութեան ենթարկել Լափշինը` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն այցելելուն, հրապարակաւ անոր անկախութեան ճանաչման զօրակցելուն եւ Ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը քննադատելուն համար:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը խստիւ կը դատապարտէ Լափշինը ձերբակալելով Ազրպէյճանին արտայանձնելու որոշումը: Բռնատիրական երկու պետութիւններու միջեւ խօսքի ազատութիւնը հարուածող այս գործառքը կը նկատենք Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման հասցուած հարուած մը, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ ապակայունացնող ազդակ մը, որ կը խրախուսէ Ազրպէյճանը անհաւասարակշիռ քայլեր առնելու:
Կը դատապարտենք այն իրողութիւնը, որ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան եւ Եւրասիական տնտեսական խորհուրդի անդամ Պիելոռուսիան դարձած է Ազրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան մեղսակիցը, ինչպէս նաեւ կը պահանջենք Ալեքսանտր Լափշինի անյապաղ եւ առանց նախապայմանի ազատ արձակումը:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՄԱՐՄԻՆ