Կլենտէյլի Հայ Դատի Յանձնախումբին Համայնքային Հաւաքը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6ի երեկոյեան, «Սթէյճ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած համայնքային հաւաքը, ի մի բերելով քաղաքի տարբեր ոլորտները ներկայացնող պաշտօնատարներ, քաղաքապետարանի անձնակազմի անդամներ, կրթական մարզէն պաշտօնեաներ եւ ուսուցիչներ, ինչպէս նաեւ համայնքային կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ եւ համայնքի անդամներ։

Քննարկումի նիւթ դարձան յատկապէս համայնքի քաղաքական ապագան աւելի ազդեցիկ դարձնելու կարելիութիւնները։

Ներկայ հիւրերէն եւ ելոյթ ունեցողներէն մէկն էր Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճի հոգաբարձութեան փոխատենապետ Արմինէ Յակոբեան, որ լուսարձակի տակ առաւ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին նուիրեալ սպասարկութիւնները, որոնք կը տրամադրուին համայնքի անդամներուն համար կենցաղային աւելի լաւ պայմաններ գոյացնելու ջանքերուն։ Ան յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց GC առաջադրութեան վաւերացումը ապահովելու աշխատանքին մէջ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին ունեցած յատկանշական դերակատարութեան համար, որուն շնորհիւ քոլեճի ուսանողներուն պիտի մատուցուի առաւել որակաւոր կրթութիւն՝ առաջադրութեան գոյացնելիք եկամուտով ապահովուելիք արդիական սարքաւորումներուն եւ բարեկարգումներուն ընդմէջէն։

Իր կարգին, Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան ատենապետ Արմինա Կարապետեան դրուատեց կրթաշրջանի աշակերտներուն լաւագոյն կրթութիւնը ապահովելու նպատակով Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին ջանքերը եւ լուսարձակի տակ առաւ յատկապէս կրթաշրջանին մէջ Ապրիլ 24ը Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման օր հռչակելու նախաձեռնութեան յաջողութեան մէջ Հայ Դատի յանձնախումբին կենսական դերակատարութիւնը։ Ան նաեւ յիշեցուց, որ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանը եւ Հայ Դատի յանձնախումբը կը շարունակեն սերտօրէն գործակցիլ, ցեղասպանութեանց դասաւանդման մակարդակը բարելաւելու նպատակով։