(ԱԶԱՏ ՕՐ) Յունահայութիւնը, Արցախահայութեան կողքին գտնուելու առաջադրանքով, Կիրակի՝ 22 Մայիս 2016ին, Յունաստանի տարածքին կազմակերպեց Ֆոնեթոն-դրամահաւաք, իր գործնական աջակցութիւնը բերելու համար Արցախի օժանդակութեան համահայկական արշաւին:
Համախմբուածութեամբ կատարուած այս աշխատանքին արդիւնքով, ինչպէս օրին ալ տեղեակ պահեցինք մեր հանրութեան, մեր հայրենակիցներուն կողմէ խոստացուած էր 63.840 Եւրօ գումար:
Ֆոնեթոնէն գոյացած գումարը լաւագոյնս օգտագործելու եւ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնն ու պաշտպանութիւնը ապահովելու նպատակով՝ անցնող ամիսներու ընթացքին, յանձնախումբը կատարեց անհրաժեշտ խորհրդակցութիւններ՝ անմիջական կապ հաստատելով Արցախի իշխանութիւններուն հետ, որոնց ցուցմունքով՝ մեզի թելադրուեցաւ հանգանակուած գումարը փոխանցել «Հայաստան» Ռազմահայրենասիրական Հիմնադրամին, որուն նպատակն է հոգալ Արցախի կարիքները:
Նկատի առած զանազան դժուարութիւններ, որոնք կապակցուած են Յունաստանի դրամատնային վերջին շրջանի խիստ օրէնքներուն, մանաւանդ դրամագլուխներու փոխանակման առնչութեամբ, այսօր յանձնախումբս արդէն ի վիճակի է ուրախութեամբ յայտարարելու, թէ յաղթահարելով դժուարութիւնները՝ խոստացուած ընդհանուր գումարէն փոխանցած է մինչեւ այսօր գանձուած 60.185 Եւրօ գումարը Հիմնադրամին:
Խոստացուած մնացեալ գումարը, որուն գանձման ուղղութեամբ պիտի շարունակէ աշխատանք տանիլ յանձնախումբը, պիտի տրամադրուի ի նպաստ Հայ Դատի Յանձնախումբի Արցախի ծրագիրներուն:
Կրկին անգամ կ՚ուզենք մեր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնել բոլոր մեր հայրենակիցներուն, որոնք սատարեցին այս ազգանուէր աշխատանքին իրենց բարոյական ու նիւթական օժանդակութեամբ, ու հաւաստիացնել՝ թէ Հայրենիքի, Արցախի ու Սփիւռքի մէջ ապրող հայ ժողովուրդը եւ ազգային ու միութենական կառոյցները պիտի շարունակեն հանդիսանալ անսակարկ պաշտպանները Հայաստանի ու մանաւանդ Արցախի, հաստատ ու վճռական կերպով ծառայելով Ամբողջական Հայրենիքի իտէալին:
Արցախի Օժանդակութեան Ֆոնտի յանձնախումբ