(ՀՈՐԻԶՈՆ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ) Գանատայի Շրջանային Հայ Դատի Յանձնախումբը բոլորեց իր յիսնաﬔակը: 1965֊ին իր հիﬓադրութենէն ի վեր, յանձնախումբը դարձած է գանատահայ աﬔնաﬔծ եւ աﬔնաազդու՝ մարդու իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւնը: Իր մասնաճիւղերով եւ քոյր կազմակերպութիւններով, ան աﬔնօրեայ ներկայութիւն է Գանատայի դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքային քաղաքական կեանքին մէջ, ներկայացնելու համար հայութիւնն ու գաղութը յուզող բոլոր հարցերը:
21 հոկտեմբեր 2016֊ին, երեկոյեան ժամը 8:00֊ին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ յիսնաﬔակի հանգանակային հիւրասիրութիւն մը, որ կը նպատակադրէր գումար հանգանակել՝ հաւասարակշռելու համար յանձնախումբի պիւտճէն՝ կարենալ շարունակելու համար իր գործունէութիւնը:
Գանատայի Շրջանային Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամ՝ Մարիան Դաւիթեան ձեռնհասօրէն վարեց ձեռնարկը: Բարի գալուստի իր խօսքէն ետք, ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն՝ իրենց քաջալերանքին եւ ներկայութեան համար, ապա հիﬓաւորեց Հայ Դատի աշխատանքները եւ խնդրեց նիւթական եւ ֆիզիքական զօրակցութիւն:
Յաջորդ խօսք առնողն էր ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոﬕտէի ներկայացուցիչ՝ Ռաֆֆի Տօնապետեան, որ անգամ մը եւս հաստատեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հովանաւորութիւնն ու նեցուկը՝ Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ շատ հակիրճ անդրադարձ մը կատարեց վերջին 15 տարուան ընթացքին տարած աշխատանքներուն եւ անոնց նշանակութեան մասին, շեշտելով Օթթաուայի մէջ գործօն գրասենեակի մը կարեւորութիւնը: Տօնապետեան ներկայացուց նաեւ յանձնախումբի պիւտճէն՝ տարեկան 125 հազար տոլար, ընդդէմ թուրք-ազերիական ﬕլիոններուն: Ան յայտնեց որ տարբեր հանգանակային ձեռնարկներ կատարուած են եւ պիտի կատարուին գանատահայ տարբեր գաղութներուն մէջ, հանգանակելու համար 250 հազար տոլար: Խօսքի աւարտին, Տօնապետեան ներկայացուց Հայ Դատի Գրասենեակի նորանշանակ գործավար՝ Սեւակ Պէլեանը:
Գանատայի Հայ Դատի աշխատանքները ներկայացուց Շրջանային Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ՝ Շահէն Միրաքեանը: Ան խօսեցաւ տարուած աշխատանքներուն մասին եւ նշեց այն աշխատանքները ուր յանձնախումբը թերացած է նիւթականի պատճառով: Ընկերը շեշտեց, որ ﬔր յաջողութիւնները հասած են իրենց գագաթնակէտին, երբ ﬕասնական եւ հաւաքական աշխատանք տարուած է՝ ուր իւրաքանչիւր անհատ կամ կազմակերպութիւն ի ﬕ բերած է իր գիտելիքը, տաղանդը հաւաքական աշխատանքի յաջողութեան համար:
Թորոնթոյի Հայ Դատի աշխատանքները ներկայացուց ատենապետ՝ Զօհրապ Սարգիսեան, որուն յաջորդեց Աﬔրիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ՝ Ռաֆֆի Համբարեանի ելոյթը: Մէջբերելով Մարթին Լութըր Քինկէն դրուագներ եւ խօսքեր, որոնք կ՚առընչուին նպատակաուղղուած եւ կամաւոր աշխատանքի կարեւորութեան, Համբարեան յորդորեց ներկաները՝ նուիրել, թուեց նուիրելու մղիչ ուժերը, վեր առաւ Հայաստանի եւ Արցախի բարօրութեան համար տարուած սփիւռքի աշխատանքները շեշտելով սփիւռքի կարեւորութիւնը: Արդարօրէն հաստատեց ﬔր հաւատքն ու կամաւոր աշխատանքը նշելով որ հայ դատի զինուորները՝ «խենթերն են գտնում հնար»:
Ձեռնարկի վերջին խօսք առնողն էր ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի աշխատանքներու պատասխանատու՝ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որ ներկայացուց Հայ Դատի սահմանումը եւ համաշխարհային կառոյցը, կարեւորելով՝ «Մեր կամաւորները եւ հաւատքը՝ իրենց գումարներուն դէմ» թեման: Պաշտօնական բաժինի աւարտին, ներկաները մտերﬕկ մթնոլորտի մէջ շարունակեցին երեկոն եւ ﬕասնաբար հանգանակեցին 60,000 տոլար:
Խաժակ Գուլաճեան