ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նամակներ յղեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանին ու Լիւքսեմպուրկի պատուոյ հիւպատոսին
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան դոկտ. Իան Քոլարտին յղեց նամակ մը, որուն մէջ ողջունեց Բրիտանիոյ Համայնքներու պալատին կողմէ առաջին ընթերցումով Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի որդեգրումը