Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի Հայ Դատի Յանձնախումբի Տարեկան Մեծարանքի Հանդիսութիւն՝ Պոսթընի Մէջ

(ՀԱՅՐԵՆԻՔ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ) Շաբաթ, Դեկտեմբեր 2-ին, Պոսթընի «Ինթըրնաշընըլ Փլէյս»ի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած մեծարանքի 11-րդ հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ շուրջ երկու հարիւր հիւրերու: