Կիրակի 28 Հոկտեմբեր 2018-ին, Աւստրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Աւստրիոյ մէջ ՀՀ. Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Դոկտ. Արման Կիրակոսեանի հեղինակած ու 2018-ին հրատարակուած «Armenia and Soviet Turkish Relations in Diplomatic Documents, 1945-1946» գիրքի շնորհահանդէս-գինեձօնը։ Հայկական հարցի նորագոյն պատմութեան մէջ գիտական այս աշխատութիւնը կու գայ լուսարձակի տակ առնելու միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ, յատկապէս Խորհդային Միութեան եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն ընթացքն ու զարգացումը հայկական հարցին նկատմամբ։
Ձեռնարկին սկիզբը բարի գալուստի եւ բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տոքթ. Վրէժ Սահակեանը, որուն յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր։ Ապա իրաւաբան Գէորգ Յակոբճեան ամփոփ ձեւով ներկայացուց գիրքին մասերն ու բովանդակութիւնը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ գիրքին մէջ տեղ գտած հայկական հարցի եւ տարածքային խնդիրներու պատմական հոլովոյթին, Սան Սնթեֆանոյի Դաշնագրէն մինչեւ Սեւրի, Պրէսլիթովսկիի, Պաթումի, Մուտրոսի, Ալէքսանդրապոլի, Մոսկուայի, Կարսի ու Լոզանի Պայմանագրերուն։ Դաշնագրերու եւ անոնց հետեւանքներու ներկայացումէն ետք, ներկայացուեցաւ 1920-1990 ժամանակաշրջանին Խորդհրդային Միութիւն, Խորհրդային Հայաստան եւ Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ այդ յարաբերութիւններու վերիվայրումներուն, շեշտը դրուելով 1945-1953 թուականներուն Խորհրդային Միութեան կողմէ Թուրքիայէն Կարսի ու Արտահանի տարածքները պահանջելու գործընթացին ու այս գործընթացի մէջ գերտէրութիւններուն, այս պարագային Ամերիկայի եւ Մեծն Պրիթանիայի դերակատարութիւններուն, Խորդհային Հայաստանի եւ սփիւռքահայութեան աշխատանքներուն։
Գիրքի ներկայացումէն ետք, խօսք առաւ գիրքի հեղինակ Դոկտ. Արման Կիրակոսեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամին», գիրքին անգլերէն հրատարակութիւնը ստանցնելուն համար, ապա հանգամանօրէն ներկայացուց գիրքին մէջ տեղ գտած արխիւային փաստաթուղթերուն պատմութիւնն ու յաջորդականութիւնը, որոնք կը վերաբերէին թիւ 410 թղթածրարին (1945-ին Խորհրդային գերագոյն իշխանութիւններուն թելադրանքով, Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ պատրաստուած «Թուրքիոյ Կողմէ Գրաւուած Տարածքներու» տեղեկանքին, որմէ օրինակ մը պահուած էր հեղինակին հօր, 1975-1985 Խոհրդային Հայաստանի Արտ. Գործոց նախարար Ճոն Կիրակոսեանի մօտ եւ որ այսօր յանձնուած է Հայաստանի ազգային արխիւին), այս հարցով հրապարակուած միջ-պետական դիւանագիտական փաստաթուղթերու եւ նամակակցութիւններու ինչպէս նաեւ վերլուծութիւններ կատարեց այդ օրերուն արձանագրուած դէպքերուն տուն տուած պատճառներուն։ Դոկտ. Կիրակոսեանի ելոյթէն ետք տեղի ունեցաւ հարց ու պատասխան ապա աւանդական գինեձօնի արարողութիւն եւ հիւրասիրութիւն։
Այս գիրքը միայն պատմական նշանակութիւն չունի, այլ միջազային օրէնքի, միջազգային յարաբերութիւններու եւ հայ դատի իրաւական ու արդար լուծման տեսակէտէն դիտուած լուրջ այժմէական եւ ուսուցողական է, որուն համար շնորհակալ ենք հեղինակին եւ «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական հիմնադրամին։