Միացեալ Թագաւորութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հրատարակէ «Հայկական ջարդերը եւ ՄԹ քաղաքականութիւնը» փաստաթուղթեր

ԵՐԵՒԱՆ (ՀՅԴ մամլոյ դիւան, 1 Հոկտեմբեր 2014) – Միացեալ Թագաւորութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը 30 Սեպտեմբերին համացանցի վրայ հրատարակած է «Հայկական ջարդերը եւ ՄԹ քաղաքականութիւնը» վերնագրով 54 փաստաթուղթեր, 14 Ապրիլ 2009-էն 27 Յունիս 2014-ի միջեւ գրուած։ Փաստաթուղթերը կը պարունակեն արտաքին գործոց նախարարութեան տարբեր բաժանմունքներու կողմէ գրուած նամակներ Միացեալ Թագաւորութեան նախարարներու, պատգամաւորներու, ինչպէս նաեւ «տեղեկութեան ազատութեան օրէնք»ի հիման վրայ, 14 Մարտ 2014-ին թիւ 0298-14 դիմումը ներկայացնողին, որուն ալ ուղարկուած են վերոյիշեալ փասթաթուղթերը՝ 27 Յունիս 2014-ին։ Դիմում ներկայացնողը ուզած է «Հայոց Ցեղասպանութեան» եւ «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ Նորին Վեհութեան քաղաքականութեան» վերաբերեալ բոլոր փաստաթուղթերը՝ 16 Հոկտեմբեր 2008-էն ասդին։
Արտաքին գործոց նախարարութեան Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ բաժնէն դիմում ներկայացնողին կը տեղեկացնեն, թէ իրեն չեն տրամադրեր բոլոր փաստաթուղթերը, որովեհետեւ օրէնքը կ՚արտօնէ չհրապարակել այն փաստաթուղթերը, որոնց բովանդակութիւնը կրնայ վնաս հասցնել Միացեալ Թագաւորութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ կամ այնպիսի նիւթեր, որոնք արդէն հրապարակուած են եւ դիմում ներկայացնող շատ հաւանաբար արդէն ունի զանոնք։
16 Հոկտեմբեր 2008-ը այն թուականն է երբ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Միացեալ Թագաւորութեան կեցուածքին վերաբերող նիւթեր տրամադրուած են իրաւաբան Ճէֆրի Րոպեըրթսընին (Geoffrey Robertson), ով այդ նիւթերու հիման վրայ, 9 Հոկտեմբեր 2009-ին հրապարակեց ուսումնասիրութիւն մը՝ «Արդեօք տեղի ունեցա՞ծ է Հայոց ցեղասպանութիւնը – Յղումներով՝ Արտաքին գործոց եւ հասարակապետութեան նախարարութեան փաստաթուղթերուն, որոնք ցոյց կու տան թէ ինչպէս բրիտանացի նախարարներ, խորհրդարանն ու ժողովուրդը ապակողմնորոշուած են»։
Այս օրերուն, Աւստրալիոյ (այսօր, 1 Հոկտեմբեր 2014, Vintage Australia), Գանատայի (7 Հոկտեմբեր 2014, Biteback), Միացեալ Նահագներու (7 Հոկտեմբեր 2014, Biteback) եւ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ (16 Հոկտեմբեր 2014, Biteback Publishing) որպէս գիրք լոյս կը տեսնէ նոյն հարցի մասին Ճէֆրի Րոպեըրթսընի աւելի ընդարձակ ուսումնասիրութիւնը՝ «Անյարմար ցեղասպանութիւն մը – Այսօր ո՞վ կը յիշէ հայերուն» (An Inconvenient Genocide: Who Now Remembers the Armenians?)։ Գիրքը նաեւ կ՚անդրադառնայ այս նորագոյն հրապարակուած փասթաթուղթերով դրսեւորուած բրիտանական եւ ընդհանրապէս Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալ մերժող քաղաքականութեան երկերսայնութեան եւ սնանկութեան։
Միացեալ Թագաւորութեան Հայ Դատի յանձնախումբի (ANC of UK) պատասխանատու Սեւան Արթին արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակումի առիթով ըսաւ. «Ճէֆրի Րոպեըրթսընի նման ազդեցիկ իրաւաբանի մը կողմէ գրուած այս գիրքը չէր կրնար անտարբեր ձգել Միացեալ Թագաւորութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ով շտապեց հրապարակել հարցին առնչուած եւ հեղինակին տրամադրուած փաստաթուղթեր, այդպիսով փորձելով ինչ-որ ձեւով ինքզինք արդարացնել, նոյնիսկ՝ նախքան գիրքին հրատարակութիւնը այստեղ։ Նոր տուեալներու հիման վրայ Միացեալ Թագաւորութեան կեցուածքը վերագնահատելու պատուէրը իրաւաբան Րոպերթսընին տուած ենք մենք՝ Միացեալ Թագաւորութեան Հայ Դատի յանձնախումբը։ Մենք նաեւ գնած ենք գրքէն հազար օրինակ՝ թիրախաւորուած տարածելու համար քաղաքական, լրատուական եւ այլ շրջանակներու։ Նաեւ՝ ծրագրած ենք գրքին շնորհանդէս կազմակերպել խորհրդարանէն ներս։»

Գիրքը կարելի է գնել.
Միացեալ Թագաւորութիւն.
http://www.amazon.co.uk/An-Inconvenient-Genocide-Remembers-Armenians/dp/1849547785/ref=sr_1_1?ie=UTF8&qid=1412191533&sr=8-1&keywords=%22An+Inconvenient+Genocide%3A+Who+Now+Remembers+the+Armenians%3F%22

Աւստրալիա.
http://www.randomhouse.com.au/books/geoffrey-robertson/who-now-remembers-the-armenians-9780857986337.aspx

Գանատա.
http://www.amazon.ca/Inconvenient-Genocide-Who-Remembers-Armenians/dp/1849547785/ref=sr_1_1?ie=UTF8&qid=1412196313&sr=8-1&keywords=%22An+Inconvenient+Genocide%3A+Who+Now+Remembers+the+Armenians%3F%22

Ա.Մ.Ն.
http://www.amazon.com/An-Inconvenient-Genocide-Remembers-Armenians/dp/1849547785/ref=sr_1_1?ie=UTF8&qid=1412196468&sr=8-1&keywords=An+Inconvenient+Genocide%3A+Who+Now+Remembers+the+Armenians%3F